Երախտագիտութեան Ձեռնարկ` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ
Չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հրաւէրով դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտական հաւաք` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն: Հաւաքին ներկայ էին պատուոյ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան քարտուղար Դաւիթ Միրզախանեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան յայտնեց,...



















