Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համեմներու օգտակարութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Վերժին Խորշիտեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, նշեց համեմներու օգտագործման կարեւորութիւնը մեր ճաշերուն պատրաստութեան մէջ, յատկապէս այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ աստիճանաբար կը նուազի բնական միջոցներով կանխազգուշացումը զանազան հիւանդութիւններէ:
Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով համեմներու օգտակարութիւնը առողջութեան` յիշեցնելով, թէ անոնք միշտ ալ օգտագործուած են հին ժամանակներէ սկսեալ: Ներկայիս անոնց քիչ օգտագործման պատճառներէն գլխաւորը այն է, որ հասարակութիւնը բաւարար գիտելիքներ չունի անոնց մասին:
Սննդագէտը թուեց զանազան համեմներ` նշելով ամէն մէկուն օգտագործման ձեւը, օգտակարութիւնը առողջութեան, զանազան հիւանդութիւններ կանխարգիլելու յատկութիւնը:
1.- Քիմոն (քիւմըն): Եգիպտական բոյս: Ունի զանազան բուժիչ յատկութիւններ, յատկապէս բորբոքումներու եւ քաղցկեղի դէմ պայքարելու: Ինչպէս նաեւ փորհարութիւն կասեցնելու:
Քիմոնը նաեւ օգտակար է ժամանակաւորապէս բարձրացնելու մարմնի նիւթափոխանակման աշխատանքը` նպաստելով կշիռքի, ինչպէս նաեւ քոլեսթերոլի եւ ճարպերու նուազեցման:
2.- Մշկընկոյզ (Նաթմէկ): Կարծր ընկուզաձեւ հունտ մը, որ իբրեւ համեմ կը գործածուի:
Այս համեմը կը յատկանշուի մանրէներու բազմացումը կանխարգիլելու յատկութեամբ, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ նուազեցնելու յոգնութիւնն ու ճնշուածութիւնը եւ բարձրացնելու ուղեղի կեդրոնացումը:
3.- Քրքում (Թիւրմերիք): Այս համեմը կը յատկանշուի բորբոքումները կանխարգիլելու իր յատկութեամբ, ինչպէս նաեւ ամոքելու զանազան ցաւերը:
Քրքումը կը կասեցնէ քաղցկեղային բջիջներու բազմացումը եւ աճումը:
Զանազան ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ այդ համեմը կը բարելաւէ ուղեղի աշխատանքը` կանխարգիլելով «Ալցհայմըր» հիւանդութեան զարգացումը:
4.- Տարչին: Այս համեմը 10-29 առ հարիւր կը նուազեցնէ շաքարի քանակը արեան մէջ: Տարչինը կրնայ կանխարգիլել արեան մակարդակի գոյացումը` նուազեցնելով սրտի զանազան տագնապները եւ անհանգստութիւնները:
5.- Կարմիր կծու պղպեղ: Կարմիր պղպեղը կը նուազեցնէ ախորժակը` բարձրացնելով իւղերու վատնումը մարմնի մէջ: Ան կը բարձրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ արեան շրջագայութիւնը:
6.- Կոճապղպեղ (Ճինճըր): Բոյսի մը կծու արմատը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ կոճապղպեղը կրնայ բուժել սրտխառնուքը, յատկապէս երբ ան կը պատահի առաւօտեան:
Կոճապղպեղը ունի նաեւ հակաբորբոքային յատկութիւն, ինչպէս նաեւ ցաւերը ամոքելու յատկանիշ:
7.- Եղեսպակ (Սաժ): Անանուխի ընտանիքէն կարճ թուփ: Այս համեմը կը բարելաւէ ուղեղի աշխատանքը, յիշողութիւնը, առողջ անհատները, երիտասարդ թէ տարեց:
Եղեսպակը նաեւ կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի քանակը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ բարձր ճնշումը:
8.- Խնկունի (ռոզմէյրի): Այս բոյսի իբրեւ համեմ գործածութիւնը կը նուազեցնէ գերզգայնութիւնը: Խնկունին յատկապէս կարելի է օգտագործել համեմելու զանազան ճաշեր, որոնք պատրաստուած են հաւու միսէ, ինչպէս նաեւ կենդանական միսէ:
9.- Անանուխ: Անանուխը հին ժամանակներէն ի վեր կ՛օգտագործուի ժողովրդային բժշկութեան մէջ:
Անանուխը կը պարունակէ բարձր համեմատութեամբ կենսանիւթեր «Սէ» եւ «Ա»:
Ան կը նպաստէ նուազեցնելու միզամանի, աղիքային եւ այլ ցաւեր:
10.- Սխտորը: Սխտորը ունի յատկութիւնը կանխարգիլելու զանազան հիւանդութիւններ, յատկապէս կռիփը, հարբուխը: Ան կը նպաստէ սրտի առողջութեան` նուազեցնելով ոչ լաւ քոլեսթերոլը 10-15 առ հարիւրով:
Սխտորը կրնայ նաեւ նուազեցնել արեան գերճնշումը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել քաղցկեղի զանազան տեսակներ` արգանդի, աղիքային եւ այլն:
11.- Ռեհան (Պասիլ): Ռեհանը կը պաշտպանէ մարմինը կանխահաս ծերանալէ, ինչպէս նաեւ զանազան մաշկային հիւանդութիւններէ:
Անցեալին նաեւ կ՛օգտագործուէր վէրքերու բուժման համար` կանխարգիլելով մանրէներու զարգացումը եւ բազմացումը: Ռեհանը կը նուազեցնէ արեան շաքարի քանակը, ինչպէս նաեւ գերյոգնածութիւնը:
12.- Վայրի Սուսամբար (Օրիկանօ): Վայրի սուսամբարը ունի յատկութիւնը կանխարգիլելու մանրէներու ու ժահրերու բազմացումը:
Ան կը պարունակէ բարձր համեմատութեամբ Քէյ կենսանիւթ, ինչպէս նաեւ մանրաթել:
Աւարտին սննդագէտ Մարիա Թէքէեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: