Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 13 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ելեկտրամագնիսական ուժերու ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բնագիտութեան ուսանող-ուսուցիչ Հրակ Գարագաշեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով ատենապետ Սոնա Եափուճեան բարի գալուստ մաղթեց դասախօսին ու ներկաներուն` բացուած յայտարարելով 2016 տարեշրջանի դասախօսութիւններու շարքը:
Հրակ Գարագաշեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով «ելեկտրամագնիսական ուժ» հասկացողութիւնը` բաղդատական մը կատարելով այն մասին, որ ինչպէս երբ փոքր քար մը նետենք ջուրին մէջ անիկա կը յառաջացնէ ջուրի տատանում եւ ալիքներու յառաջացում, նոյնպէս ալ ելեկտրամագնիսական ուժը տարածուելով կը յառաջացնէ այն դաշտը: Հիմնականօրէն կազմուած երկու մասերէ` ելեկտրական եւ մագնիսական:
Դասախօսը նշեց ճառագայթներու զանազան օրինակներ, որոնք կը յառաջացնեն ելեկտրամագնիսական դաշտ, ինչպէս` «էքս Ռէյ», «Ռատիօ» եւ «Միքրօ» ճառագայթները: Գարագաշեան գործնական օրինակով մը բացատրեց խոհանոցներու մէջ գտնուող «Մայքրօ-ուէյվ» կազմածի գործելաձեւը այն իմաստով, թէ ինչպէ՛ս կը տաքցնէ ճաշը:
Հրակ Գարագաշեան նաեւ բացատրեց, թէ օգտագործելով բջիջային հեռաձայնները, համացանցը, պատկերասփիւռն ու տարբեր հաղորդակցութեան միջոցները, կը տեսնենք, որ այս բոլորը կ՛արտադրեն ու կը ստեղծեն ելեկտրամագնիսական ճառագայթներ, դաշտ, որոնք յաճախ վնասակար են:
Մարդ արարածի մարմինը կրնայ ստանալ մօտաւորապէս 1 չափի ելեկտրամագնիսական ճառագայթ, օրինակ` ելեկտրական հոսանքի սիւնը մօտաւորապէս 70 չափի ելեկտրամագնիսական ճառագայթ կը սփռէ, իսկ ելեկտրական հոսանքի կեդրոնի մը մէջ գտնուող ելեկտրական սիւները` մօտաւորապէս 1000 չափի:
Երբ անհատներ կ՛ապրին ելեկտրական հոսանքի կեդրոնի մը մօտ գտնուող շուրջ 600 մեթր տարածութեան մը վրայ, անոնք կրնան տառապիլ զանազան հիւանդութիւններէ, ինչպէս նաեւ հաւանականութիւնը կը բարձրանայ զանազան հիւանդութիւններու, օրինակ.
– Արեան քաղցկեղը կրնայ բարձրանալ երկու անգամով,
– Ուղեղային քաղցկեղը` կրկին երկու անգամով,
– Ջղային համակարգին հետ առնչուած զանազան հիւանդութիւններ,
– Սերմնահեղուկի որակին վրայ կրնայ ազդել:
Հրակ Գարագաշեան սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մարդ անհատի ուղեղին մէջ շաքարի նիւթափոխանակութիւնը կը բարձրանայ, երբ ուղեղը կը գտնուի բջիջային հեռաձայնին մօտ:
Դասախօսը նշեց, որ 2014 թուականին 6,8 միլիառ բջիջային հեռաձայններ արձանագրուած եւ ծախուած են: Հետեւաբար որքանո՛վ կը բարձրանայ զանազան հիւանդութիւններու համեմատութիւնը, ինչպէս` ուղեղային քաղցկեղի:
Այլ հիւանդութիւն մը, որ զարգացած է վերջին շրջանին, առնչուած` մարդ անհատի դիմադրողական համակարգին հետ, ուր ելեկտրամագնիսական ճառագայթներու գերզգայնութիւն կը յառաջանայ` պատճառելով ճնշուածութիւն, գլխացաւ, գերճնշումի բարձրացում եւ այլն:
Վերջին բաժինով դասախօսը օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: