«Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցը փոխանցած է, թէ նախանցեալ օր ուշ գիշերին ժամը 1:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00, Գամիշլիի քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ խլրտումներ արձանագրուած են, զոհուած է տեղացի քրիստոնեայ մը, որուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ:
Հետագայ ժամերուն, սակայն, կացութիւնը հանդարտած է: Ներկայ դրութեամբ Գամիշլիի քրիստոնէական թաղամասերը հանդարտ ու ապահով են: