
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններու մերձեցումը. Օրինակ մը` պոլսահայոց պատմութենէն» նիւթով զրոյցը, զեկուցաբերն էր Տանիէլ Օհանեան:
Սկսելով նիւթը` Օհանեան նախ սահմանեց պատմագրութիւն եզրը, որ կ՛ընդգրկէ որոշ մտային աշխատանք` պատմութեան մէջ տեղի ունեցող տուեալներ ներառելու կամ դուրս ձգելու առումով: Ան ընդգծեց, որ այս ընթացքը անկարելի է, որ ազդուած չըլլայ քաղաքական եւ ընկերային պայմաններէն, հետեւաբար պատմագրութիւնը նաեւ քաղաքական ոլորտ մըն է: Ինչ որ ազդած է օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններուն վրայ ուրիշ բան չէ, քան հայկական-օսմանական եւ յետոյ հայ-թրքական քաղաքական իրականութիւններ, որոնք երկար ժամանակ մէկզմէկու լեզուները չեն խօսած, այսինքն` օսմանագիտութիւնը եղած է թրքերէն լեզուով` Թուրքիոյ պատմութեան անցեալին մասին, ուրկէ բնականաբար դուրս մնացած են Օսմանեան կայսրութեան եւ ապագային Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ «անբաղձալի տարրեր» նկատուած ազգերը: Հայագիտական պատմագրութեան պարագային տարբեր է, քանի որ ան իր մէջ կը բովանդակէ նաեւ մշակութային եւ գրական գործօններ:
Օհանեան նշեց, որ լեզուի խնդիրը շատ կարեւոր դեր խաղացած է պատմագրութիւններուն աղբիւրներուն անջատ մնացած ըլլալուն մէջ: Օհանեան խօսեցաւ 1920-ական թուականներուն օսմանագիտական արդի պատմագրութեան սկսելուն շարժման մասին, երբ իթթիհատական Մեհմեթ Ֆուատ Քէօփրիւլիւ շարժումի մը սկսած է` պատմագրութեան մէջէն դուրս ձգելով օսմանեան ոչ մահմետական ազգերը:
Խօսելով օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններու մերձեցման մասին` ան նշեց քանի մը ազդեցիկ կէտեր. անոնցմէ են արեւմուտքի համալսարաններ յաճախած թուրքիացի ուսանողներ, որոնք կրցած են անցնիլ լեզուին խոչընդոտները եւ ծանօթացած թրքերէնով գրուած աղբիւրներէ զատ աղբիւրներու եւ աշխատութիւններու: Միշիկընի համալսարանի մէջ հիմնուած WATS (Workshop on Armenian Turkish Scholarship) աշխատանոցը այլ ազդեցութիւն մըն է օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններուն մերձեցման, որ 2000-էն սկսեալ հարթակ մը հանդիսացած է հայերուն եւ թուրքերուն քով-քովի գալուն, միասին աշխատելուն եւ անցեալի բացերը գոցելուն:
Շարունակելով խօսիլ ազդեցիկ գործօններուն մասին` Օհանեան նշեց Տանըլտ Քուաթիըրթ համբաւաւոր օսմանագէտին անունը, որ անցեալին եղած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հերքողներէն կամ ընդհանրապէս անոր մասին չխօսողներէն: Քուաթիըրթ 2006-ին հրատարակած է յօդուած մը, ուր նշում կատարած է օսմանագէտներուն կողմէ Մեծ եղեռնը չնշելու ու անկէ խուսափելու երեւոյթին մասին: Ասիկա առիթ ընծայած է նոր հարցադրումներու: Այլ գործօններ եղած են թուրք-յունական եւ թուրք¬քրտական յարաբերութիւններուն փոփոխութիւնները եւ վերջապէս 2007 թուականին Հրանդ Տինքին սպանութիւնը:
Ապա Օհանեան խօսեցաւ այն տարածքներուն մասին, որոնք կը գործնականացնեն օսմանագիտական եւ հայագիտական մերձեցումները, այդ տարածքներէն են` «Յուշամատեան» կայքը իր անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն յօդուածներով, «Արաս», «Պելկէ» եւ «Իլեթեմիշ» հրատարակչատուները: Օհանեան ներկայիս կ՛աշխատի «Վերականգնել օսմանեան վաղ ժամանակաշրջանի հայերը եւ ժամանակուան ժողովրդագրական տուեալները մատչելի դարձնել բոլորին» աշխատանքին վրայ, որ ստացած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան դրամաշնորհը: Օհանեան, Էրտեմ Քապատայը եւ խումբ մը այլ ուսումնասիրողներ կը հաւաքեն Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի հայերուն ժողովրդագրական տուեալները եւ զանոնք կը վերածեն թուային ցուցակներու եւ քարտէսագրութեան, որոնք թէ՛ կը ծառայեն իբրեւ աղբիւր եւ թէ՛ կ՛օգնեն Պոլսոյ հայերուն իրենց ընտանեկան ծառերը գտնելուն:
Զրոյցին աւարտին ուղղուեցան հարցումներ, որոնց ընդմէջէն ներկաները աւելի ծանօթացան Օհանեանի աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պետութեան եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հետաքրքրութեան` օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններուն մերձեցման մասին, ուր աւելի շատ կը խօսուի այլեւս Թուրքիոյ իսկական անցեալին մասին: Հետաքրքական էր Օհանեանին եւ Վարագ Քէթսէմանեանին լոյս տեսնելիք յօդուածին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն տալը. անոնք ուսումնասիրած են Պոլսոյ մէջ ՀՅԴ-ի գրասենեակներուն գտնուած վայրերը:


