Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Առիթ` Վերաշեշտելու Հայաշէնի Հայեցի Դիմագիծը

Յունուար 18, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hov-2_011716

Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, տօնախմբութիւնը սկսաւ ուրբաթ օր ոչխարներու զենումով եւ շարունակուեցաւ շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն, երբ սկսաւ աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Շաբաթ  երեկոյեան ժամը 8:30-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` կատարողութեամբ Շաքէ Պաղտասարեանի, Անդօ Մարտիրոսեանի, Սագօ Մխմելճեանի եւ Ճօ Աթաքեանի` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Աւօ Չայլեանի:

Կիրակի առաւօտեան եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց Վազգէն Քեչէճեանի կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած սրբապատկերը, որ աշխատանքն էր Մարալ Քեչէճեանի:

hov-3_011716hov-1_011716Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ մեր աշխարհը եւ մեր առօրեան լեցուն են տագնապներով եւ անհրաժեշտ է, որ մենք պահենք մտքի հաւասարակշռութիւնը եւ խաղաղութեան մէջ հաստատենք մեր հոգին, որպէսզի չկորսնցնենք ուշք ու կորով եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն շարունակենք ուղղել մեր քայլերը դէպի խաղաղութիւն, նաեւ չկորսնցնենք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը եւ կեանքին նկատմամբ մեր ունեցած վստահութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ կեանքը մարդոց դիմաց կը յարուցէ դժուարութիւններ եւ անստոյգ պայմաններ եւ անոնք, որոնք հաւատքով կ՛ապրին իրենց կեանքը, անկասկած պիտի ստանան բաւարար յոյս եւ առաջնորդութիւն, որպէսզի չկքին կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց. իսկ անոնք, որոնք պատահականութեամբ կը փորձեն ապրիլ իրենց կեանքը, առանց աստուածային առաջնորդութեան ու հաւատքի, անկասկած պիտի կքին աշխարհի ծանր բեռին դիմաց:

Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ մեր դարաւոր գոյութեան ընթացքին շարունակաբար հայ ժողովուրդը խոյս տալով տագնապներէն, ապրած է հաւատարիմ իր հայրերու հաւատքին` յոյս կապելով Աստուծոյ եւ հաւատքով տեսած է, որ Աստուած վերստին կեանք տուած է իրեն: «Ներկայիս կ՛անդրադառնանք, թէ ինչպէ՛ս մեր կենցաղային պայմանները կը փոխուին, օտար բարքեր եւ սովորութիւններ կը խճողուին մեր առօրեային մէջ եւ երբեմն մեզմէ կը հեռացնեն ինչ որ ազգային է եւ հարազատ մեր ինքնութեան` մեզ ուղղելով դէպի օտար բարքեր եւ սովորութիւններ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` շեշտելով, որ ներկայիս տագնապի մէջ ենք նիւթապէս եւ բարոյապէս, նաեւ սկսած ենք հեռանալ քրիստոնէական մեր արժէքներէն, տկարացած ենք մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ, որովհետեւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր օտարութեան գիրկը կը նետուին:

«Պարտինք կառչած մնալ Քրիստոսի վարդապետութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ մեր ազգային ու մշակութային աւանդին եւ գիտակցինք, որ իրար նեցուկ կանգնելով, մեր եկեղեցիներուն եւ կառոյցներուն մէջ մեր կեանքը ապրելով պիտի զօրանանք եւ այդ պայքարին մէջէն յաղթական դուրս պիտի գանք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար Մարալ Վարդապետեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն հրաւիրեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեանը` արտասանելու իր խօսքը: Գասարճեան յայտնեց, որ 2015 տարեշրջանը դժուար տարի մը եղած էր, քաղաքական հարցերով, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական վատ իրավիճակով լի, սակայն իրենց հաւատքը զիրենք կանգուն պահած էր, եւ կրցած են շարունակել իրենց առօրեայ կեանքն ու ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ ազգային բոլոր կառոյցներուն նկատմամբ: «Ծառայութիւնը սահման չունի. քանի կ՛ապրինք, պարտաւոր ենք ծառայել մեր ընտանիքին, շրջապատին, եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ բոլոր այն կառոյցներուն, որոնք կապ ունին մեր ազգային կեանքին մէջ: Ծառայութիւնը կ՛ազնուացնէ մեզ եւ աւելի կը մօտեցնէ մեզի Աստուծոյ կամքին: Ծառայասէր անձը կ՛ըլլայ հաւատացեալ, նուիրեալ, ազնիւ եւ խոնարհ. կ՛աշխատի առանց ակնկալութեան եւ գնահատանքի, որովհետեւ գիտէ, որ Աստուած է, որ մեզ կը պարգեւատրէ եւ կ՛արժեւորէ», հաստատեց Ա. Գասարճեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց, որ միասնակամութիւնը կարեւոր հրամայական է մեզի համար այս տագնապալի օրերուն` կոչ ուղղելով մեր ճիգերը կեդրոնացնելու մեր ազգային կեանքին վրայ, հետապնդելու համար մեր համահայկական շահերը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր անգամ, որ կ՛այցելէ Հայաշէն, տարբեր հոգեվիճակ մը կ՛ունենայ, որ իսկապէս հայաշունչ թաղամաս մը կ՛այցելէ, որ հակառակ տարիներու դժուարութիւններուն եւ ներկայիս մեծամասնութեամբ ոչ հայերով բնակուած ըլլալուն, տակաւին կը մնայ այն աւանդական հայկական թաղամասը, որ իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի մեր հասարակական-եկեղեցական կեանքին եւ մեր առօրեային մէջ:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, թէ կարելի չէ լիբանանահայութեան պատմութեան մասին խօսիլ առանց անդրադառնալու Հայաշէնին, որ մեր ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագիծը պաշտպանելու համար նահատակներ տուած է, որ մէկ բռունցքի վերածուած է բոլոր անոնց դէմ, որոնք փորձեցին փակել տալ մեր դռները, որ նահատակներ տուած է այս թաղերուն մէջ, նաեւ Հայ դատի ճամբուն վրայ, ոչ միայն լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր խօսքը ունեցած է, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան պատմութեան մէջ: «Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, այս հաւաքը սոսկ եկեղեցական արարողութենէ մը ետք սիրոյ սեղան մը չէ, այլ վերյիշում է անցեալի, խոստում է ապագայի եւ միասնաբար ըսելու` բոլորս Հայաշէնի հետ», եզրափակեց Բագրատունի:

Սիրոյ սեղանի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Անայիս Նէնէճեան – Կէտիկեան` երգ, Շաքէ Պաղտասարեան` երգ, Արշակ Նալպանտեան` երգ, Մարալ Վարդապետեան` ասմունք:

Նախորդը

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Ազիզիէ Շրջանը` Հրթիռակոծման Թիրախ

Յաջորդը

«Եւրոպական Յանձնաժողովը Պէտք Է Ճնշում Գործադրէ Թուրքիոյ Վրայ» Կ՛ըսէ Չեխիոյ Վարչապետը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?