Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Յատուկ Փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինիի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

January 21, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

IMG_3819

Չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Յատուկ փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի, որուն կ՛ընկերակցէր UNHCR-ի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ընդհանուր տնօրէն Սարա Պասքեթի, «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ընդհանուր տնօրէն Ապտալլա Մուհիէտտին, UNOCHA-ի Լիբանանի ընդհանուր տնօրէն Ժոհան Փելմեն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ «Այ. Էմ. Սի.» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, Սեն Ժորժ եւ Պալամանտ համալսարաններու ընտանեկան բաժանմունքի դասախօս տոքթ. Ժիհատ Իրանի, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներ Կարպիս Մարգարեան եւ Վահէ Պարսումեան:

Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան դիմաւորեց հիւրերը, ապա անոնք հերթաբար շրջագայեցան հաստատութեան մանկաբուժական, պատուաստներու, կիներու հիւանդութեան, քրոնիկ հիւանդութեանց եւ դեղարանի բաժանմունքները եւ մանրամասնօրէն տեղեկացան իւրաքանչիւր բաժանմունքի աշխատելաձեւին մասին, ինչպէս նաեւ կարճ զրոյցներ ունեցան գործող բժիշկներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ պարագաներուն հետ:

Ներկաներուն նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ տրուեցաւ «Գարակէօզեան»-ի ընդհանուր շէնքերու նորոգութեան մասին, որ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է գործակցաբար «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի:

IMG_3774

Աւարտին ներկաները համախմբուեցան տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ եւ այնտեղ Սերոբ Օհանեան խօսք առնելով ըսաւ.-

ա.- «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը 2013 թուականէն սկսեալ սուրիահայութեան աղէտալի տագնապին հետեւանքով գործակցած է ՄԱԿ-ի եւ յատկապէս UNHCR-ի բաժանմունքին հետ եւ տարուէ տարի այդ կապերը առաւել եւս սերտացած են, եւ հաստատութիւնը` շնորհիւ իր ցուցաբերած գործնական աշխատանքներուն, կրցած է շահիլ միջազգային կազմակերպութիւններուն վստահութիւնը եւ գործակցաբար այս կազմակերպութիւններուն կրցած է օգնութեան ձեռք երկարել` բժշկական, ընկերային, տնտեսական եւ դպրոցական կարիքներ ունեցող պարագաներուն:

բ.- Շնորհիւ այս գործակցութեան «Գարակէօզեան» հաստատութեան միջոցով ՄԱԿ-ի մօտ արձանագրուած են 8.000 սուրիահայ պարագաներ, որոնք հաստատութեան օգնութեան կարիքը ունէին, եւ ասոնց կողքին իր մօտ ընդունած է նաեւ 4.000 ոչ արձանագրուած սուրիահայ պարագաներ:

գ.- Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը եւս իր լայն բաժինը ունեցած է ծառայութեան գետնի վրայ, յատկապէս` սուրիահայ այն ընտանիքներուն, որոնք ՄԱԿ-ի մօտ չեն արձանագրուած, լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ իրենց տուներուն մէջ գաղթականներ հիւրընկալող լիբանանահայ ընտանիքներուն: Անոնք հերթական դրութեամբ կատարած են տնային այցելութիւններ եւ բաժնեկից եղած են թէ՛ գաղութի հայութեան ցաւերուն եւ թէ՛ դժուարութիւններուն:

դ.- Հակիրճ տողերով ներկայացուց հաստատութեան պատմականը` 1946 թուականէն սկսեալ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի` տպաւորուած իր այս այցելութենէն, բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած աշխատանքները, յատկապէս այն սերտ գործակցութիւնը, որ հաստատութիւնը կրցած է կերտել զանազան կազմակերպութիւններու հետ` շահելով անոնց ամբողջական վստահութիւնը, որ ինքնին կենդանի փաստն  է Լիբանանի մէջ իր կատարած ծառայասիրական աշխատանքներուն:

Հերթաբար գնահատական խօսքեր առին նաեւ ներկայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բոլորը բարձրօրէն գնահատեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած աշխատանքները: Անոնք յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը գործակցելու յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ:

Սերոբ Օհանեան իր կարգին արուեստագէտ Արա Ազատի գործերէն «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող»-ը խորհրդանշող յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Ֆիլիփ Լազարինին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Համեմներու Օգտակարութիւնը» Նիւթով

Յաջորդը

«ՏԱՀԵՇ-ի Որոշ Գործողութիւններ Կրնան Գնահատուիլ Իբրեւ Ցեղասպանութեան Արարքներ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.