Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համագումարին Ներկայացուցիչները

Յունուար 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

catholic_011816

Երկուշաբթի, 18 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Օսքար Քանթու եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին խորհուրդի Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն գրասենեակին տնօրէնը` դոկտ. Սթեֆըն Քոլեքի եւ կաթողիկէ նպաստի ծառայութիւններ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուն Տէյվիտ Պեռնոքի:

Պատուիրակութեան այս հանդիպումը կ՛իյնար Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններ այցելութեան ծիրին մէջ, որուն աւարտին պատուիրակութիւնը իր տեղեկագիրները պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին եւ Ծերակոյտին:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ սեպտեմբեր 2014-ին նախագահ Օպամային հետ հանդիպումին ընթացքին, հինգ պատրիարքներուն անունով իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած է Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Ապա, վեհափառ հայրապետը վերլուծելով Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը, շեշտեց քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ շրջանի ընկերութեան հիմնական տարրերէն մէկը եւ հաստատեց, որ բոլոր եկեղեցիները իրենց գերագոյն ճիգը կը թափեն իրենց զաւակներուն անվտանգութիւնն ու շրջանին մէջ գոյատեւումը ապահովելու: Ան նշեց, որ միջազգային ընկերութիւնը եւս այս ուղղութեամբ աշխատանք պէտք է տանի:

Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով ահաբեկչութեան երեւոյթին` զայն որակեց համաշխարհային վտանգ, որ ո՛չ ցեղային, ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ համայնքային պատկանելիութեանց միջեւ սահման կամ խտրութիւն կը դնէ: Ահաբեկչութեան հետեւանքները ամբողջ աշխարհին վրայ իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ, հետեւաբար ՄԱԿ-ը եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ պէտք է լուծումներու մասին մտածեն:

Վեհափառ հայրապետը վերջապէս խօսեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները առանց յապաղումի կատարելու անհրաժեշտութեան մասին` յիշեցնելով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ նախագահի պաշտօնը կարեւոր է, որովհետեւ կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր քրիստոնեաները:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Իսկ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին կատարած վերարժեւորումներուն, վերլուծումներուն, իրապաշտ մօտեցումներուն եւ լուսաբանիչ տեղեկութիւններուն համար:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Արմէն Մազլումեան Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Ռուսիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ. «Ռուսիա Պատրաստ Է Քննարկելու Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Եւ Հոնկ Քոնկի Միջեւ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Հարցը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?