Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի «Արմաշ» Երգչախումբը Երգեց Սուրիոյ Հայութեան Համար

January 16, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

armash_011516

Ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը հոգեւոր համերգով հանդէս եկաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

torkom_011516

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, դպրեվանեցին ամէն օր կ՛աղօթէ: Մենք, սրբազան ծէսին ճամբով կամ այլապէս Աստուծոյ հետ մեր հաւաքական կամ անհատական խօսակցութեան ընթացքին կը յիշենք համայն աշխարհը, մեր ազգն ու հայրենիքը: Մարդոց միջեւ խաղաղութեան եւ աշխարհի բարօրութեան նուիրուած աղօթքները առօրեայ մրմունջք են դպրեվանեցիին շուրթերուն վրայ: Աստուծոյ մեզի շնորհած իւրաքանչիւր օրը, «Յիշեա Տէր» աղաչական մաղթանքին ճամբով մենք կ՛աղօթենք մարդկութեան համար` իր բոլոր խաւերով: Բայց այսօր մենք մեր ձայնաւոր աղօթքը կը մասնաւորենք եւ կը կեդրոնացնենք Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան վրայ: Թող որ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին այսօրուան համերգը խաղաղութեան կանչ եւ համերաշխութեան աղաղակ ըլլայ, բարձրանայ, հասնի մինչեւ երկնքի դռները եւ Արարիչէն ընդունուի իբրեւ բազմաձայն պատարագ եւ մաքուր ընծայ»:

Ապա, երգչախումբը խմբավարութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի մատուցեց օրուան խորհուրդը պատմող բազմաձայն շարականներ, հոգեւոր եւ Ս. Ծննդեան երգեր: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին հոգեւոր այս համերգը մեծաւ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ ողջունուեցաւ ներկայ բազմութեան կողմէ: Խումբ մը պատանի եւ երիտասարդ դպրեվանեցիներ, հոգեւոր սպասաւորութեան խորհրդանիշ իրենց սեւ վերարկուները հագած, հրեշտակներուն յուսադրիչ եւ բարի լուրը աւետեցին ու ըսին. «Մի՛ վախնաք, Աստուած մեզի հետ է»:

Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Իր խօսքին ընդմէջէն դպրեվանքի նախկին տեսուչ` Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Դպրեվանքը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, մշակոյթին ու դպրութեան մշակներ արտադրող կեդրոն է: Այսօր մեր ազգը որեւէ ժամանակէ աւելի, մեր զանազան կառոյցներուն մէջ, կարիք ունի լիարժէք ու որակաւոր սպասաւորներու, եւ այդ երիտասարդներուն կազմաւորման օճախն է դպրեվանքը»: «Մեր ուսանողներուն մէկ մասը Սուրիոյ զանազան շրջաններէն եկած է դպրեվանք` կազմաւորուելու եւ ՄԱՐԴ դառնալու համար: Այսօր անոնք շարականի ճամբով աղօթեցին եւ երգեցին իրենց ծննդավայրին` Սուրիոյ խաղաղութեան համար: Թող որ մարդասիրութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը իր տեղը գտնէ մարդոց կեանքին մէջ, իսկ համերաշխութիւնն ու փոխհասկացողութիւնը` ընդհանրապէս աշխարհի եւ մանաւանդ Միջին արեւելքի մէջ», շեշտեց սրբազան հայրը:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Խօսքը` Աթէնքի Մէջ Կայացած Հյդ 125-Ամեակի Հանդիսութեան Ընթացքին

Յաջորդը

ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւն. Տանիէլ Օհանեան Խօսեցաւ Օսմանագիտական Եւ Հայագիտական Պատմագրութիւններու Մերձեցումին Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Տաւոսէն Լիբանան Նոր Աշխարհակարգի Ցնցումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Տաւոսէն Լիբանան Նոր Աշխարհակարգի Ցնցումները

January 24, 2026
Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի,  Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք,  Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի, Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք, Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»

January 24, 2026
Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Մաքրոն. «Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք`  Պաշտպանելու Համար Անոր Գերիշխանութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Մաքրոն. «Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք` Պաշտպանելու Համար Անոր Գերիշխանութիւնը»

January 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.