Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երախտագիտութեան Ձեռնարկ` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Յունուար 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

23877032134_f618ec45df_o

Չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հրաւէրով դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտական հաւաք` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն: Հաւաքին ներկայ էին պատուոյ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան քարտուղար Դաւիթ Միրզախանեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան յայտնեց, թէ հանդիպումին նպատակն է վերաիմաստաւորել եւ արժեւորել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինի եւ դեսպանատան միջեւ միացեալ աշխատանքները:

Ան իր խօսքով հաստատեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը առաջիններէն է, որ արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի ստեղծման մասին համապատասխան յանձնարարականին եւ ստեղծած շրջանային մարմին մը, որ սերտօրէն գործակցելով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ` կատարած է վիթխարի ծաւալի աշխատանքներ` կազմակերպելով եւ հովանաւորելով հարիւրաւոր ձեռնարկներ:

Centennial-meeting_012116

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան ըսաւ, թէ հակառակ որոշ խոչընդոտներու, որոնք օրին յաղթահարուած են, կեդրոնական մարմինը ապացուցած է իր կենսունակութիւնը, կարեւորութիւնը եւ այժմէականութիւնը, ապա մատնանշեց, որ իրագործուած բազմաբնոյթ եւ բազմազան ձեռնարկները կեանքի կոչուած են չորս ուղղութիւններով` ոգեկոչում, երախտագիտութիւն, միջազգային պայքար եւ վերածնունդ:

Ան ըսաւ. «Ցեղասպանութիւններու ճանաչումը վաղեմութեան ժամկէտ չունի: Միասնաբար հասանք 100-րդ տարելիցի հանգրուանին. պիտի շարունակենք մեր միացեալ պայքարը օգտագործելով բոլոր կարելիութիւնները` միջազգային հանրութեան մեր արդար ձայնը հասցնելու նպատակով»:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ բարձր գնահատած է Լիբանանի կեդրոնական մարմնի գործունէութիւնը, իսկ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր հոգատարութեամբ եւ այցելութիւններով Պէյրութ նպաստած է աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ նպատակաուղղուածութեան:

Դեսպանը երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանին եւ փոխատենապետ Շահան Գանտահարեանին, ինչպէս նաեւ մարմնի բոլոր անդամներուն անհատաբար, ապա յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհակալագիրները` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ուղղութեամբ կատարած բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:

Ելոյթ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան: Ան կազմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` արժեւորող շնորհակալագիրներուն առիթով եւ ըսաւ, թէ շնորհակալագիրները ոմանց կը պարտաւորեցնեն, ոմանց հանգստեան կը կոչեն, իսկ ուրիշներու կը խթանեն աւելի լաւ աշխատելու: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, որուն խորհուրդներով, սրամտութեամբ, փորձառութեամբ եւ մանաւանդ թափանցիկ ու յստակ գործակցութեամբ մեծապէս դիւրացած է կեդրոնական մարմինի աշխատանքը եւ հեզասահ ընթացած գործունէութիւնը:

Սեդա Խտըշեան ըսաւ. «Անցեալ տարին յատկանշուեցաւ ծանրութեամբ, բայց մեր մարմինի անդամները իրենց ճկունութեամբ, աշխատասիրութեամբ յաջողեցան ծանրակշիռ երեւոյթը թեթեւութեամբ տանիլ եւ գործերը յաջողութեամբ պսակել»: Անդրադառնալով կազմին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` ան ըսաւ, թէ անոնք բնական երեւոյթ էին, որովհետեւ լիբանանահայ գաղութը համազգային պարտաւորութեան մը առջեւ կը գտնուէր անցած տարին: Իսկ գաղութին արձանագրած յաջողութիւնը իրականացաւ շնորհիւ հայորդիներու լայնախոհութեան եւ հաւասարապէս բոլոր կառոյցներու գիտակցութեան, թէ 100-ամեակը վեր է ամէն ինչէ:

Խտըշեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք մեր աշխատանքը ազգային գիտակցութեամբ կատարեցինք եւ աշխատեցանք այնպէս, ինչպէս կ՛ակնկալուէր մեզմէ: Շնորհակալ ենք Հայաստանի Հանրապետութեան մեծաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանէն մեծապէս արժեւորելու լիբանանահայ գաղութը, տիկին Հրանուշ Յակոբեանէն, ինչպէս նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեանէն»:

Ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ ձեռնարկը աւարտեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակումով եւ հիւրասիրութեամբ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Օտար Համալսարաններու Աստուածաբանութեան Ուսանողներ

Յաջորդը

Երեսփոխանական Գրասենեակի Նոր Օժանդակութիւնները` Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?