Հաղորդագրութիւն Թիւ 15
2015-ի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինի տնօրէնութիւնը, յանձինս` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ի գործ դրած ջանքերուն եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին աջակցութեամբ, կարելի եղաւ իրականացնել Սուրիոյ հայկական վարժարաններու` 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ յատկացուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրը: «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինին կողմէ մշակուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրէն օգտուեցան Սուրիոյ մէջ գործող 25 հայկական վարժարաններ...




















