Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. «Հայ Դաշնամուրային Արուեստի Պատմութիւն» Նիւթով Երաժշտական-Դասախօսական Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 29 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական-դասախօսական համերգ` «Հայ դաշնամուրային արուեստի պատմութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանի: Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նորայր Նաճարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանը, որմէ ետք հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը: Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեան...



















