Գաղութային

Այնճարի Մէջ Արցախի  Զօրակցական Հաւաք

Այնճարի Մէջ Արցախի Զօրակցական Հաւաք

Երէկ` կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի ժողովուրդը հաւաքով մը իր զօրակցութիւնը արտայայտեց Արցախին եւ ընդվզումը` Ազրպէյճանի բռնարարքներուն դէմ: Հաւաքը տեղի ունեցաւ Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ, ուր հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Արցախի մէջ զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակին: Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, գիւղի միութիւններուն ներկայացուցիչները եւ մեծ...

Շարունակելով Իր Այցելութիւնները`  ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին  Եւ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

Շարունակելով Իր Այցելութիւնները` ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզի հետ: Շուրջ երեսուն վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպան Ճոնզին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան...

Աշոտ Եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու  Մեծարանքի Երեկոյ

Աշոտ Եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու Մեծարանքի Երեկոյ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիոյ» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու մեծարանքի երեկոն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ երեկոն կազմակերպուած է գնահատելու, պատուելու եւ խոնարհելու Արմէն եւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին  Առիթով.  Շաղիկ Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ»  («Ճէոկրաֆիզ») Ժապաւէնի  Ցուցադրութիւն «Սանթր Սոֆիլ»-ի Մէջ

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցի Գործընթացին Մասին Զեկուցական Հանդիպում

Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին: Հանդիպումին Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցի գործընթացին մասին զեկուցեցին Լիբանանի պետական համալսարանի եւ Սպայից վարժարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Նորա Պայրագտարեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ....

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին  Առիթով.  Շաղիկ Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ»  («Ճէոկրաֆիզ») Ժապաւէնի  Ցուցադրութիւն «Սանթր Սոֆիլ»-ի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Շաղիկ Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ» («Ճէոկրաֆիզ») Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն «Սանթր Սոֆիլ»-ի Մէջ

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման առիթով տակաւին շարունակուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Էշրեֆիէի «Սանթր Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Շաղիկ Արզումանեանի «Ճէոկրաֆիզ»/ «Աշխարհագրութիւններ» վաւերագրական ժապաւէնը: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով պատրաստուած այս ժապաւէնը 2015-ին ներկայացուած է Փարիզի «Սինեմա տիւ ռէալ»-ի կազմակերպած վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային փառատօնին  ( ): Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի...

Լիբանանահայ Նոր Սերունդը Հաւաքով Մը  Արտայայտեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախին  Եւ Ընդվզումը` Ազրպէյճանի Բռնարարքներուն Դէմ

Լիբանանահայ Նոր Սերունդը Հաւաքով Մը Արտայայտեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախին Եւ Ընդվզումը` Ազրպէյճանի Բռնարարքներուն Դէմ

«Միշտ ձեր կողքին» կարգախօսին ներքեւ երէկ երեկոյեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական երիտասարդական հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ): Նախքան հաւաքը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ «Սարդարապատ» ակումբէն` հասնելով մինչեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ ապա Պուրճ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Եւ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Եւ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան եւ Սերուժ Աբիկեան, այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ: Կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները Ռուսիոյ դեսպանին ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ...

Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը  Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայ Համայնքին

Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայ Համայնքին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էմանուել Պոնի դիւանագիտական առաքելութեան սկսման առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու պետեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, նախկին եւ ներկայ նախարարներ, գործարարներ: Լիբանանի եւ Ֆրանսայի զոյգ քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւօ...

Հայ Ուսանողութիւնը Երիտասարդութիւնը  Եւ Պատանիները Արցախի Բանակին Կողքին

Հայ Ուսանողութիւնը Երիտասարդութիւնը Եւ Պատանիները Արցախի Բանակին Կողքին

Երէկ,  5 ապրիլ 2016-ին ամբողջ օրուան ընթացքին Լիբանանի տարբեր համալսարաններու մէջ տեղի ունեցան Արցախի զօրակցական զանազան ձեռնարկներ: Հայ ուսանողութիւնը համալսարաններու մուտքերուն բաժնեց Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ պատրաստուած անգլերէն լեզուով թռուցիկը, որուն մէջ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային օրէնքի խախտումը եւ օտար հանրութիւնը կը ծանօթացնէ Արցախի հարցին: Թռուցիկին մէջ կոչ կ՛ուղղուի միջազգային ընտանիքին` ճնշելու Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը: Իւրաքանչիւր...

Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն.  Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Յորդորդեց  Հաւատացեալները Աղօթել Թանկարժէք Հայրենիքին  Եւ Անձնուէր Հայ Զինուորին Համար

Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Յորդորդեց Հաւատացեալները Աղօթել Թանկարժէք Հայրենիքին Եւ Անձնուէր Հայ Զինուորին Համար

Անցնող շաբաթավերջին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն էր: Արդարեւ, շաբաթ` 2 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին` հսկումի արարողութիւն, մինչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցող մատաղի պատրաստութիւնը տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը: Կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ իր քարոզին մէջ...

«Սրբոյ Կուսին Աւետման» Տօնին Առիթով  Մատուցուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

«Սրբոյ Կուսին Աւետման» Տօնին Առիթով Մատուցուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին առիթով, մատուցուած Ս. պատարագը, որ սովորաբար ամէն տարուան 25 մարտին տեղի կ՛ունենար, այս տարի զուգադիպեցաւ Աւագ Ուրբաթ օրուան, առ այդ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ որոշումով, անիկա կայացաւ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ: Հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց Արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը: Օրուան ընթերցումին բնաբանն էր Աւետումի բարի լուրը: Գերապայծառ հայրը փոխանցեց Ս....

«Երազ» Թատերախումբը Թատերասէր  Հասարակութեան Ներկայացուց «Կատակը  Ցոյց Կու Տայ Հոգիին  Յատակը» Կատակերգութիւնը

«Երազ» Թատերախումբը Թատերասէր Հասարակութեան Ներկայացուց «Կատակը Ցոյց Կու Տայ Հոգիին Յատակը» Կատակերգութիւնը

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի, երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլ 2016-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ վարժարանի «Երազ» թատերախումբը երկու ելոյթներով` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին (աշակերտական) եւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդէս եկաւ «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» կատակերգութեամբ, հեղինակ, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան: Ներկայացումը ունէր երկու գլխաւոր առանձնայատկութիւն. ա) Առաջին անգամ ըլլալով խումբը կը ներկայացնէր սուր կատակերգութիւն` «ֆարս»,...

Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու Մրցում`  Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Երիտասարդներուն Համար

Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու Մրցում` Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Երիտասարդներուն Համար

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկը կազմակերպած են «Հայրերի հող» խորագիրով կարճ տեւողութեամբ ժապաւէններու մրցում մը, որուն դիմում ներկայացնելու առիթ կայ տակաւին` մինչեւ 25 ապրիլ: Այս մրցումին նպատակն է խթանել ժամանակակից հայ ֆիլմարուեստը, աջակցիլ երիտասարդ բեմագիրներուն եւ բեմադրիչներուն: Հայաստանի եւ սփիւռքի 18-28 տարեկան հեղինակները պէտք է ներկայացնեն նախապէս չհրապարակուած...

Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպում`  Սփիւռքի Նախարարին Հետ

Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպում` Սփիւռքի Նախարարին Հետ

26 մարտին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեանի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վահէ Թանաշեանի հետ: Այս հանդիպման ընթացքին նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց, ՀՅԴ-ին` հայկական իրականութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան համար: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերին`...

Հայ Արուեստ.  Անցեալի Նուաճումներ  Եւ Ներկայի Իրագործումներ

Հայ Արուեստ. Անցեալի Նուաճումներ Եւ Ներկայի Իրագործումներ

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, երէկ, չորեքշաբթի, 30 մարտ 2016-ին տեղի ունեցաւ հայկական գորգարուեստի եւ պղնձագործութեան նուիրուած ձեռնարկ մը, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժմմէյզէ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, որ նորընտիր վարչութեան կողմէ ողջունեց ներկաները: Տոքթ. Ասիլեան մէջբերելով Խորենացիի խօսքերը, ըսաւ. «Թէեւ մենք փոքր պարտէզ մըն ենք, եւ թիւով ալ...

Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ.  «Քրիստոսի Յարութիւնը Մշտահունչ Հրաւէր Է,  Որ Աշխարհը Վեր Բարձրանայ Մեղքէն Դէպի Շնորհ»  Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Մշտահունչ Հրաւէր Է, Որ Աշխարհը Վեր Բարձրանայ Մեղքէն Դէպի Շնորհ» Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

27 մարտին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Յարութեան տօնը: Տօնին առիթով աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հայ հաւատացեալներուն փոխանցուեցաւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Պատարագի սրբազան արարողութիւնը սկսաւ հայրապետական խաչվառազարդ շքեղ թափօրով: Հայրապետական ամպհովանիին ներքեւ կը քալէին Ամենայն...

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ.  «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու  Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջները աւետեցին Ս. Յարութեան տօնին հայրապետական Ս. եւ անմահ պատարագի թափօրին սկիզբը` կիրակի, 27 մարտ 2016-ի առաւօտուն ժամը 10:00-ին: Դպրեվանքի ուսանողներէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած թափօրը Մայր տաճար առաջնորդեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ օրհնելով ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց Ս. տաճար: Պատարագի արարողութեան ներկայ էին դեսպաններ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ,...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ  Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է  Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան»  Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան դէպքին յայտնեց, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս երբ Յիսուսի անմիջական հետեւորդները գերեզման գացին տեսան, թէ անիկա թափուր էր. սակայն...

Ս. Զատկուան Հանդիսաւոր Պատարագը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Զատկուան Հանդիսաւոր Պատարագը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Զատկուան հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցուեցաւ կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Նախատեսուած էր, որ պատարագին հանդիսապետէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, սակայն հոգեւոր տիրոջ առողջութեան անակնկալ վատթարացման պատճառով, ինչպէս փոխանցեց Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, չվայելեցինք հոգեւոր տիրոջ...

«Թաղե՛նք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի  Քրիստոսով Վերստին Կեանք Ստանանք»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Թաղե՛նք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Քրիստոսով Վերստին Կեանք Ստանանք» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

25 մարտ 2016-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Թաղման կարգի սրտառուչ արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս, շրջապատուած` միաբան հայրերով: Շարականներու երգեցողութիւնը, ինչպէս Աւագ շաբթուան բոլոր միւս օրերուն, կատարուեցաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ: Ժողովուրդը, որ հոծ բազմութեամբ ներկայ էր արարողութեան, Խաչելութեան կարգէն սկսեալ կ’այցելէր մայրավանք եւ ուխտաւորաբար ծաղիկներ կ’ընծայէր ու կ’աղօթէր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող Մայր տաճարին դասին մէջ զարդարուած դագաղին առջեւ:...

Page 310 of 364 1 … 309 310 311 … 364

Արխիւներ