Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին: Հանդիպումին Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցի գործընթացին մասին զեկուցեցին Լիբանանի պետական համալսարանի եւ Սպայից վարժարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Նորա Պայրագտարեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Արցախի մէջ զոհուած զինուորներուն եւ անմեղ քաղաքացիներուն յիշատակը, ապա ակնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք Հայ դատին թեւակոխած նոր հանգրուանին, որ կը պարտաւորեցնէ տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն: Ան ըսաւ, թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գլխաւորութեամբ եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնելու պահանջատիրական երթին մէջ եւ իր տեսակին մէջ առաջին վճռական քայլը առած է` դատ բանալով Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ եւ պահանջելով իրաւատիրոջ վերադարձնել Կիլիկիոյ պատմական կաթողիկոսարանը եւ անոր յարակից տարածքը: Իսկ խօսքի աւարտին հրաւիրեց զեկուցաբերները, որ ներկայացնեն Թուրքիոյ դէմ բացուած դատին ներկայ հանգրուանը, նախապատրաստական աշխատանքները եւ ակնկալութիւնները:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Սիսի կաթողիկոսարանին դատական հայցը այսօր նոր էջ մը կը բանայ մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Հայ դատի պահանջատիրութիւնը իր օրինական շրջագծումով կը ներկայանայ թուրք կառավարութեան առջեւ: Ապա ներկայացուց գործընթացի պատմականին, օրինական հիմնաւորումներուն, դժուարութիւններուն եւ դատական հայցի ներկայ փուլին մասին:
Դոկտ. Ն. Պայրագտարեան յայտնեց, թէ 100-ամեակի նախօրեակին Արամ Ա. կը նպատակադրէր Հայ դատի պահանջատիրութիւնը անպայման իրաւական բեմ փոխադրել, այդ նպատակով ալ 2012-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած է միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն հրաւիրուած են 35 միջազգային օրէնքի մասնագէտներ, ցեղասպանագէտներ եւ 2 միջազգային դատաւորներ: Խորհրդաժողովը միջազգային օրէնքին կապուած Հայ դատին առնչուող հիմնական հարցերը քննարկած է, ինչպէս` Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ փոխյարաբերութեան, ներկայ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան հարցը, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագիրը, Թուրքիոյ միջազգային յանձնառութիւնները, բոլոր միջազգային դատարանները, որոնք կրնան բեմ հանդիսանալ որեւէ դատական հետապնդումի, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-էն ներս տարուելիք աշխատանքին հնարաւորութեան մասին:
Ն. Պայրագտարեան նշեց, թէ խորհրդաժողովը քննարկած է այն բոլոր հնարաւորութիւնները, զորս կարելի է օգտագործել` դիմելու համար Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան, ապա այն բոլոր հնարաւորութիւնները բարեկամ երկիրներու մօտ` դատ բանալու Թուրք պետութեան դէմ, ինչպէս նաեւ` թրքական դատարաններու այն հնարաւորութիւնները, որոնք ընձեռուած են թրքական դատարաններուն մօտ: Խորհրդաժողովի եզրակացութիւններէն մեկնելով` զեկուցաբերը յայտնեց, թէ վեհափառ հայրապետը այս բոլորին վրայ հիմնուելով, կազմած է յանձնախումբ մը` բաղկացած միջազգային դատաւորներէ, թուրք փաստաբաններէ եւ միջազգային օրէնքի մասնագէտներէ: Ն. Պայրագտարեան ըսաւ, թէ նախքան դատի հայցումը` 4 ժողով Ժընեւի եւ 2 ժողով Պէյրութի մէջ գումարուած են: Յանձնախումբը երկարօրէն թղթածրարները քննարկած է եւ` բիւրեղացուցած: Այս գծով եղած են դժուարութիւններ, Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածագրերուն եւ արխիւներու գծով:
Յանձնախումբը դժուարութիւնները շրջանցնելու համար դիմում ներկայացուցած է Գոզանի (Սիս) քաղաքապետարան: Թուրք պետութեան նոր օրէնքներու հիման վրայ կ՛արգիլուի ոեւէ հայու կալուածային գրասենեակէն թուղթեր տալ:
Զեկուցաբերը դիտել տուաւ, թէ թրքական օրէնքներու սերտողութիւնը բաւական դժուար եղած է, յատկապէս «Էմուալ մաթրուքէ»-ի` լքուած կալուածներու օրէնքները: Դժուար ընթացած է նաեւ թղթածրարներու թարգմանութեան աշխատանքը:
Բաւական քննարկումէ ետք յանձնախումբը պատրաստած է 100 էջնոց օրինական թղթածրար մը եւ 25 էջնոց պատմական թղթածրար մը, որոնք 27 ապրիլ 2015-ին ներկայացուած են թրքական Սահմանադրական դատարան:
Նորա Պայրագտարեան ներկայացուց նաեւ յանձնախումբի աշխատանքին օրինական հիմունքները, ինչպէս` Սիսի կաթողիկոսարանին նստավայր ըլլալը, 1915-էն ետք հայերու հարկադրաբար հեռացումը իրենց կալուածներէն, «Էմուալ մաթրուքէ»-ի օրէնքի ի զօրու չըլլալը կաթողիկոսարանի կալուածի պարագային եւ, վերջապէս, Լօզանի դաշնագիրի 37- 44 յօդուածները, որոնք մեծապէս հիմք կը հանդիսանան այս պահանջատիրութեան:
Զեկուցաբերը աւարտեց իր զեկոյցը` խօսելով դատի այսօրուան փուլին մասին: Ան ըսաւ, թէ դատի ներկայացման եղած է 10 ամիս մօտաւորապէս: Վերջերս յանձնախումբը ժողով մը գումարած է Ժընեւի մէջ, որուն հիման վրայ որոշուած է դատի արագութիւնը: Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին 68-րդ յօդուածին հիման վրայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու հայց ներկայացուցած է դատը արագացնելու: Ըստ փաստաբանին, դատը կը գտնուի Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան մօտ, որ ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի եւ կը փաստէ, թէ թուրք կառավարութիւնը մեծ ուշադրութեամբ մօտեցած է դատին: Փաստաբանը կը նախատեսէ նաեւ մօտաւորապէս 5 ամիսէն արդարադատութեան նախարարութիւնը իր պատասխանը տայ Սահմանադրական դատարանին, եւ վերջինս իր վճիռը արձակէ:
Սահմանադրական դատարանը կրնայ ներքին դատարան ղրկել դատը կամ ժխտական պատասխան տալ. այս պարագային ալ մենք դատը պիտի ներկայացնենք Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարան: Յանձնախումբը բոլոր ուղիները քննարկելով` համապատասխան թղթածրարները պատրաստած եւ գործընթացները որոշած է, ըսաւ Նորա Պայրագտարեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Ան նկարներով եւ տեսերիզներով ներկայացուց հոգեւորականներու պատուիրակութեան այցելութիւնը Սիսի կաթողիկոսարան, հոն հոգեհանգստեան պաշտօնի կատարման ու վեհափառ հայրապետի պատգամի ընթերցման մասին: Յուսիկ վրդ. խօսեցաւ նաեւ դատի քարոզչական աշխատանքներուն եւ մամլոյ ասուլիսներուն եւ անդրադարձներուն մասին` Լիբանանի, Ժընեւի, Ուաշընկթընի եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ, ինչպէս նաեւ մանրամասնութեամբ ներկայացուց Պոլսոյ «Ճազայիր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին մասին, որուն մասնակցած են թուրք եւ օտար օրէնքի մասնագէտներ, մտաւորականներ, եւ ներկայ գտնուած են միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: