Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Յորդորդեց Հաւատացեալները Աղօթել Թանկարժէք Հայրենիքին Եւ Անձնուէր Հայ Զինուորին Համար

Ապրիլ 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

26186427106_48393a982a_o

Անցնող շաբաթավերջին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն էր: Արդարեւ, շաբաթ` 2 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին` հսկումի արարողութիւն, մինչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցող մատաղի պատրաստութիւնը տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

26145975351_1a86f2a45f_o

Կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, թէ քրիստոնէական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, ըմբռնումը, խորհուրդները առաւելագոյն չափով կեդրոնացած են եւ իրենց խորհուրդը կ՛առնեն Քրիստոսի Յարութեան տօնէն: Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ բոլոր տօներուն շարքին ամէնէն խորհրդաւոր եւ ամէնէն մեծ տօնը, ամէնէն հզօր եւ ամէնէն փառաւոր տօնը Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնն է, շեշտեց ան: «Քրիստոս իր յարութեամբ յաղթեց մահուան: Անոր յարութեան խորհուրդը այն է, որ վախը կը հեռացնէ մարդուն կեանքէն», հաստատեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան` աւելցնելով, որ մինչեւ Քրիստոսի աշխարհ գալը մարդիկ կը սարսափէին մահէն: Ան յայտնեց, որ փիլիսոփաներ, մտաւորականներ, կրօններու հիմնադիրներ մտածած են մահուան խորհուրդին մասին, բայց ամբողջ պատմութեան ընթացքին ոչ ոք կրցած է այնքան ճիշդ եւ խորհրդաւոր կերպով բացատրել մահուան խորհուրդը, որքան Քրիստոս: Անդրադառնալով Նոր կիրակին, որ կը զուգադիպէր նոյն օրուան, ան նկատել տուաւ, թէ այդ օրը մտածել կու տայ, թէ մենք Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած ենք մեր կեանքին ընթացքին նորոգելու մեր միտքը, որպէսզի ճիշդ ուղղութիւններ ունենայ, մեր հոգին, որպէսզի խաղաղ եւ ներդաշնակ կեանք մը ապրելու առաջնորդէ, մեր ընտանիքները, որպէսզի առողջ մթնոլորտ մը ստեղծուի մեր տուներուն մէջ` աւելցնելով, որ Նոր կիրակին նաեւ առիթ է, որպէսզի մենք նորոգենք մեր մեծ ընտանիքին` մեր ազգին կեանքը, կառչինք մեր ազգին իւրաքանչիւր կառոյցի` եկեղեցի, դպրոց, միութիւն: Անդրադառնալով Ղարաբաղի մէջ ներկայիս տիրող կացութեան, ան յորդորեց ներկաները աղօթք բարձրացնել այդ նպատակով: «Որպէս հայ ազգ, մեզի համար ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան հայրենիքը` Հայաստան աշխարհով ու Ղարաբաղով: Այս պահուն ոչ մէկ բան մեզի համար այնքան թանկագին եւ սուղ է, որքան այն սուրբ արիւնը, որ այսօր կը հոսի հայ զինուորէն` հայրենիքի պահպանման համար», շեշտեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` իրենց անձերէն դուրս գալու, իրենց «ես»-ը մէկ կողմ դնելու եւ հաւաքական «մենք»-ին մասին մտածելու, որ մեր հայրենիքն է` Հայաստանն ու Ղարաբաղը, մեր ժողովուրդն է` իր բոլոր խաւերով ու դասակարգերով, մեր եկեղեցին է` իր հոգեւորական եւ աշխարհական բաղադրիչներով: Եզրափակելով իր խօսքը` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան մաղթեց, որ Նոր կիրակին նորոգութեան օր մը ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար, առիթ, որ ան մտածէ, թէ ընելիք ունի իր ազգին, հայրենիքին, ժողովուրդին, եկեղեցւոյ համար` աղօթելով, որ Աստուած անսասան պահէ հայ ժողովուրդը, հզօր պահէ հայոց բանակը եւ նորոգէ մեր ժողովուրդին կեանքը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ «Ալ Սարայ» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար, եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Վարուժան Խանճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանը փոխանցելու իր խօսքը: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ առանց ժողովուրդին եկեղեցին գոյութիւն չ՛ունենար: Ան յայտնեց, որ Ս. Յարութեան տօնը յոյսի տօն է, եւ ան, որ տեսիլք եւ յոյս չունի իր կեանքին մէջ անարժէք կեանք կ՛ապրի: Տէր հայրը ըսաւ, որ մատաղը սրբութիւն է մեզի համար եւ միջոց` վերանորոգելու  մեր ուխտը Քրիստոսի հանդէպ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան գնահատեց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեանը եւ ամբողջ կազմը, ինչպէս նաեւ Տիկնանց յանձնախումբի աշխատանքը եւ հրաւիրեց ատենապետը փոխանցելու իր խօսքը:

Յակոբ Մեսրոպեան, ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց, թէ կը վերանորոգեն իրենց վճռակամ յանձնառութիւնը աշխատելու եկեղեցւոյ եւ անոր շրջափակի բարեզարդման ի խնդիր, նաեւ` եկեղեցւոյ ծխայիններուն անսակարկ ծառայութիւն մատուցելու համար: Ան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր մարմիններուն, որոնք կը սատարեն թաղականութեան տարած աշխատանքներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանին, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով արժանավայել կերպով կատարեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան մատաղօրհնէքը:

IMG_0870IMG_0871Այնուհետեւ Յակոբ Մեսրոպեան հրաւիրեց Րաֆֆի Եսայեանը եւ Գրիգոր Սաաթճեանը, որպէսզի զանոնք պարգեւատրէ` 24 տարիներ շարունակ եկեղեցւոյ թաղականութեան մաս կազմած եւ անսակարկ ու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած ըլլալնուն համար: Ատենապետը հրաւիրեց նաեւ հայր սուրբը, կատարելու յուշանուէրներու յանձնումը:

Այնուհետեւ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան գոհունակութիւն յայտնեց այդ համախմբումին համար` աւելցնելով, որ անիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ երբ բոլորս միասին եւ մեր եկեղեցւոյ կողքին ենք` մեր եկեղեցին միշտ կը մնայ պայծառ, եթէ մենք կողքին ենք մեր ազգին ու ժողովուրդին, ան կ՛ունենայ փայլուն ապագայ, եթէ կողքին ենք մեր բոլոր կառոյցներուն եւ միութիւններուն հայ ժողովուրդը յաւիտեան կը մնայ հայ: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակելուն, հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ այս առիթով թաղականութիւնը պարգեւատրեց 2 նուիրեալ անձեր, որոնք ծառայած են ազգին եւ Աստուծոյ` եկեղեցւոյ ճամբով: Ան գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք ծառայութիւն կը մատուցանեն եկեղեցիներուն, ակումբներուն, միութիւններուն մէջ: Անդրադառնալով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ երկու օրուան ընթացքին նահատակուողներուն, ան ըսաւ. «Պէտք է նշենք անոնց յիշատակը, որովհետեւ եթէ այսօր որպէս հայ կ՛ապրինք, այդ մէկը շնորհիւ հայ բանակին է: Եթէ ունինք ափ մը հող, այդ մէկը կը պարտինք հայոց բանակին»: Հայր սուրբը նշեց, որ հայ ժողովուրդը երկու նուիրական սրբութիւններ ունի` հայոց հայրենիքն ու բանակը եւ հայոց եկեղեցին: «Այնքան ատեն, որ հայ ժողովուրդը կը կառչի իր հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ, ոչ մէկ ուժ կրնայ դէմ դնել անոր», եզրափակեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսք արտասանեցին Րաֆֆի Եսայեանն ու Գրիգոր Սաաթճեանը, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին տակաւին ծառայելու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Լիւսի Չամսարեան` ջութակ, Շաքէ Պաղտասարեան` երգ, Կարօ Կապուտակեան` երգ, Ալիս Իփրաճեան` երգ: Բոլորին երգեհոնով ընկերակցեցաւ Սեդօ Պաղտասարեան:

 

 

Նախորդը

«Սրբոյ Կուսին Աւետման» Տօնին Առիթով Մատուցուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Յաջորդը

«Մենք Որեւէ Վստահութիւն Չունինք Ազրպէյճանի Խօսքին» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մուրատ Փափազեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?