

Երէկ, 5 ապրիլ 2016-ին ամբողջ օրուան ընթացքին Լիբանանի տարբեր համալսարաններու մէջ տեղի ունեցան Արցախի զօրակցական զանազան ձեռնարկներ:
Հայ ուսանողութիւնը համալսարաններու մուտքերուն բաժնեց Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ պատրաստուած անգլերէն լեզուով թռուցիկը, որուն մէջ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային օրէնքի խախտումը եւ օտար հանրութիւնը կը ծանօթացնէ Արցախի հարցին:
Թռուցիկին մէջ կոչ կ՛ուղղուի միջազգային ընտանիքին` ճնշելու Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Իւրաքանչիւր համալսարանի հայկական ակումբի անդամներն ու հայ ուսանողութիւնը լուսանկարուեցան Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը պարզած, անգամ մը եւս հաստատելով իրենց զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան, հայ զինուորին ու այս սրբազան պայքարին:
Հայ ուսանողութիւնը անգամ մը եւս իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցաւ` օտար հանրութեան ու ուսանողութեան ծանօթացնելով Արցախեան տագնապը, զանոնք իրազեկ դարձնելով Ազրպէյճանի կատարած զանազան խախտումներուն մասին:
Այս աշխատանքին մասնակից համալսարաններն էին`
Հայկազեան, Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանեան ամերիկեան (Պէյրութի եւ Ժիպէյլի մասնաճիւղերով), «Էն.Տի.Եու», «Եու.Էս.Ժի» եւ «Էլ.Այ.Եու» համալսարանները:
Այս աշխատանքներուն կողքին, ԶՈՄ-ը Համրա շրջանին մէջ ցրուեց COCA-COLA IS OLDER THAN AZERBEIJAN TEASER- թռուցիկը:
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ 4 ապրիլին «Աղաբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ – Թատամոն խաղէն առաջ եւ անկէ ետք բարձրացուեցաւ պաստառ մը, որուն վրայ նշուած էր, թէ ԼԵՄ-ը կը զօրակցի իր կեանքին գնով հայրենիքը պաշտպանող զինուորներուն: Համալիրին մուտքին ԼԵՄ-ականները պարզեցին նաեւ Արցախի դրօշակը` հպարտութիւն արտայայտելով մեծաթիւ նահատակներու արեամբ ազատագրուած այդ հողերուն պահպանման ի խնդիր այսօր եւս խիզախօրէն մարտնչող զինուորներով, անոնց մարտունակութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ:
Նախաձեռնութեան եւ հաւաքին մասնակցեցան նաեւ ԶՈՄ-ականներ եւ հոն գտնուող երիտասարդներ:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին հայկական դպրոցներուն մէջ հայ աշակերտութեան դիմաց արտասանուեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու հրապարակած Արցախի զօրակցական կոչը, որ նաեւ բաժնուեցաւ դպրոցի միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան: Նշենք, որ վաղը` չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շրջափակէն պիտի քալեն դէպի Պուրճ Համուտի հրապարակ, մասնակցելու ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կազմակերպած «ՄԻ՛ՇՏ ՁԵՐ ԿՈՂՔԻՆ» զօրակցական հաւաքին: Կոչ կ՛ուղղենք հայ աշակերտութեան եւ ժողովուրդին` խիտ շարքերով մասնակցելու սոյն զօրակցական հաւաքին:


