Գաղութային

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն»  Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն» Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

  Երէկ` ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին: Ժամերգութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս....

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ.  Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն Մը Մասնակցեցաւ Աւագ Ուրբաթ Օրուան Արարողութիւններուն

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն Մը Մասնակցեցաւ Աւագ Ուրբաթ Օրուան Արարողութիւններուն

Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց կարգը եւ Թաղման թափօրը` նախագահութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, մասնակցութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողորդապետ Պերճ վրդ. Սապէի, փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, Խաչիկ վրդ. Գոյումճեանի եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Թաղման արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն...

Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Նշում`  Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Նշում` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Անթիլիասի Մէջ  «Ծառայութիւնը Սիրոյ Պերճախօս Վկայութիւնն Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին ժամերու դէպքերն ու խորհուրդները իր մէջ պարփակող Աւագ հինգշաբթի օրը մեծ շուքով եւ եկեղեցական հարուստ արարողութիւններով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Կարգ ապաշխարողաց եւ ապա, Ս. հաղորդութեան...

Ասատուր Եւ Յարութիւն Թորոսեան  Այցելեցին «Ազդակ»

Ասատուր Եւ Յարութիւն Թորոսեան Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին սփիւռքահայ արուեստագէտներ Ասատուր եւ Յարութիւն Թորոսեան: Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ասատուր ընդգծեց արուեստի մասին մամուլի ճշգրիտ լուսաբանման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով գնահատականով լուսարձակի տակ առաւ ընդհանրապէս  հայկական գեղանկարչութեան մասին «Ազդակ»-ի հրապարակած արուեստաբանական վերլուծումները:    

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէ.  Թմրամոլութեան Մասին Դասախօսութիւն` «Սերոբ Աղբիւր» Կեդրոնին Մէջ

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէ. Թմրամոլութեան Մասին Դասախօսութիւն` «Սերոբ Աղբիւր» Կեդրոնին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, գոծակցութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն «Սերոբ Աղբիւր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Թմրամոլութիւնը» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն» գրասենեակի ընկերային ծառայող Թելլօ Նիկողոսեան, որ նիւթը ներկայացուց «Փաուըր փոյնթ»-ով: Ան խօսեցաւ 2006 թուականին հիմնուած «Հորիզոն» գրասենեակի գործունէութեան եւ այդտեղ կատարուած աշխատանքներուն մասին: Նիկողոսեան ըսաւ, որ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Վաստակաւոր  Արուեստագէտ Գեղամ Գրիգորեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Վաստակաւոր Արուեստագէտ Գեղամ Գրիգորեան

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 23 մարտին 65 տարեկանին մահացած է օփերայի հայ  անուանի երգիչ (թենոր) եւ բեմադրիչ, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Լիթուանիա վաստակաւոր արուեստագէտ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, «Մովսէս Խորենացի» եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալակիր Գեղամ Գրիգորեան: Գեղամ Գրիգորեանի թաղումն ու յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու նպատակով պիտի ստեղծուի կառավարական յանձնախումբ: Մինչ...

Պէյրութի Եւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի  Եւ Առեւտուրի Պալատներ.  Բացում Ճարտարարուեստի Հետազօտութեանց  Հիմնարկի Գրասենեակին  Եւ Պարգեւատրում Դոկտ. Պասսամ Ֆրընի

Պէյրութի Եւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի Եւ Առեւտուրի Պալատներ. Բացում Ճարտարարուեստի Հետազօտութեանց Հիմնարկի Գրասենեակին Եւ Պարգեւատրում Դոկտ. Պասսամ Ֆրընի

Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու գրասենեակին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 23 մարտ, 2016-ի կէսօրին, բացումը կատարուեցաւ Ճարտարարուեստական հետազօտութեանց հիմնարկի գրասենեակին, ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար  Հիւսէյն Հաժ Հասանի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի, Ֆուատ Մախզումիի եւ առնչակից մարզերու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներու: Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու գրասենեակի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Ռուլա Սլէյման ողջունեց ներկաները եւ սեղմ...

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւնը

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւնը

22 մարտ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը: Մատթէոս աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ պատմուած «Տասը կոյսերու» առակը, ուրկէ առնուած է ժամերգութեան անունը, կո՛չ մըն է քրիստոնեաներուն պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու Տիրոջ երկրորդ գալուստը դիմաւորելու: «Համբարձի» շարականի երգեցողութենէն ետք, աւետարանական ընթերցումի ընթացքին Ազգային Եղիշէ...

Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով`  «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան»  Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով` «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան» Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներէն Պարգեւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով   Պարգեւատրեց Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը

Երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան անդամներու եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ցեղասպանագէտ եւ սփիւռքագէտ Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը: Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հակիրճ կերպով ներկայացուց փրոֆ. Տապպաղի կենսագրականը, գործունէութիւնն ու լոյս ընծայած աշխատասիրութիւնները: Վեհափառ...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի  Շէնքերուն Կից Գտնուող  Խաղավայրը Նորոգելու Ծրագիր

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Շէնքերուն Կից Գտնուող Խաղավայրը Նորոգելու Ծրագիր

  Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ` ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն, ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով նախաձեռնած է նորոգել Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող խաղավայրը եւ զայն վերածել հանրային պարտէզի: Երէկ կէսօրին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Պահիա Սլէյման,...

Մամլոյ 115-րդ Լսարան.  «Մենք Պէտք Է Խօսնակը Դառնանք  Մեր Պատմութեան, Եւ Ոչ Թէ Դիտորդը»  Ըսաւ Դոկտ. Միհրան Տապպաղ

Մամլոյ 115-րդ Լսարան. «Մենք Պէտք Է Խօսնակը Դառնանք Մեր Պատմութեան, Եւ Ոչ Թէ Դիտորդը» Ըսաւ Դոկտ. Միհրան Տապպաղ

«Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը` «Ցեղասպանութեան ընկալումի հարցեր եւ նոր մարտահրաւէրներ» նիւթով: Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ակնարկ մը նետելով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ոճիրներուն, նշեց, որ Միացեալ...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ.  Աշխատանքի Ընդունուելու Համար  «Սի. Վի.»-Ներու, «Քավըր Լեթըր»-ներու  Եւ Հարցազրոյցներու  Պատրաստութեան Յատուկ Աշխատանոց

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ. Աշխատանքի Ընդունուելու Համար «Սի. Վի.»-Ներու, «Քավըր Լեթըր»-ներու Եւ Հարցազրոյցներու Պատրաստութեան Յատուկ Աշխատանոց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ), շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Stand Out® Get Employed!» (Տարբերուէ՛ եւ աշխատանքի ընդունուի՛ր) հայ ուսանողներու յատուկ աշխատանոցը: Չորս ժամ տեւած աշխատանոցին նպատակն էր հայ ուսանողին եւ նորաւարտին ներկայացնել «Սի. Վի.» եւ «Քավըր Լեթըր» գրելու, ինչպէս նաեւ գործի հարցազրոյցի մը լաւապէս պատրաստուելու...

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ.  Միօրեայ «Լիթըլ Արմենիա» Մշակութային  Փառատօնով Հայկական Մշակոյթը  Եւ Ժառանգութիւնը Ներկայացուեցան

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ. Միօրեայ «Լիթըլ Արմենիա» Մշակութային Փառատօնով Հայկական Մշակոյթը Եւ Ժառանգութիւնը Ներկայացուեցան

Ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին` Լիբանանեան - ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տիրող մթնոլորտը սովորական չէր: Համալսարանի Հայկական ակումբը, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 տեւած հայկական մշակութային փառատօնով մը յաջողեցաւ համալսարանին մէջ հայկական մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել: Փառատօնը կը կրէր «Լիթըլ Արմենիա» (Փոքր Հայաստան) վերնագիրը եւ անոր մասնակցեցան թէ՛ ուսանողներ, թէ՛ ալ արտահամալսարանական այցելուներ: Ձեռնարկը ինչպէս զուարճանալու, նոյնպէս ալ...

Սիրելի՛ Մայրեր. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Շնորհաւորէ

Սիրելի՛ Մայրեր. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Շնորհաւորէ

Սիրելի՛ մայրեր Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Մայրերու տօնի առիթով: Պատահական չէ, որ Մայրերու տօնը կը զուգակցի գարնան առաջին (գիշերահաւասարի) օրուան հետ` խորհդանշելով կեանք պարգեւելու ձեր ամենակարեւոր առաքելութեան մասին: Այս տօնը եւս մէկ առիթ կ’ընձեռէ գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքեր յղելու ձեզի եւ արժեւորելու ձեր բացառիկ դերը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Հազարամեակներու մեր պատմութեան բոլոր բախտորոշ պահերուն հայ կինը առանձնացած է իր...

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ  Պարգեւատրել Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ Պարգեւատրել Մեծերը

«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց վաստակաւոր բեմադրիչ Սամի Խայեաթը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մշակութային վաստակին: Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Խայեաթ անդրադարձաւ իր 56 տարուան գործունէութեան ու թատերական ասպարէզի փորձառութեան: Իր մանկութեան մասին խօսելով Խայեաթ լուսարձակի տակ առաւ այն տարբերութիւնները, որոնք ինք կը նշմարէր...

Հազարաւոր Ծաղկազարդող Մանուկներու Ներկայութեամբ.  Քրիստոսի Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հազարաւոր Ծաղկազարդող Մանուկներու Ներկայութեամբ. Քրիստոսի Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 20 մարտ 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարն ու անոր շրջափակերը ողողուած էին հազարաւոր մանուկներով, որոնք իրենց ծաղկազարդող ներկայութեամբ մասնակից դարձան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնի յիշատակութեան` եկեղեցական արարողութեանց ու աւանդական մանուկներու թափօրին: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Միաբան հայրերէ, դպրեվանքի ուսանողներէ, ծնողներէ եւ մանուկներէ կազմուած Ծաղկազարդի թափօրը դարձաւ վանքի շրջափակին մէջ: Թափօրի...

Մեծանուն Երաժշտահան Խաչատուր  Աւետիսեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով.  Հիասքանչ Ելոյթով Հանդէս Եկաւ  Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը

Մեծանուն Երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով. Հիասքանչ Ելոյթով Հանդէս Եկաւ Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը

Նուագակցութեամբ էսթրատային եւ ժողովրդային զոյգ նուագախումբերուն, Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող «խենթերուն» ջանքերով (ինչպէս ակնարկեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը), «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը անգամ մը եւս ելոյթ ունեցաւ կիրակի, 20 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ, ի յիշատակ մեծանուն երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին, որ ապացոյցը հանդիսացած է Հայաստան-սփիւռք անքակտելի կապին: Ելոյթը ունէր իւրայատուկ յայտագիր` ընդգրկելով Խաչատուր...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Ու ՄԱԿ-ի  Բարգաւաճման Ծրագիրին Յառաջացուցած  «Միաձայն Երգչախումբ»-ին  Անդամները Նշեցին Մայրերու Տօնը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Ու ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրին Յառաջացուցած «Միաձայն Երգչախումբ»-ին Անդամները Նշեցին Մայրերու Տօնը

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, եւ գործակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան, շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան յատուկ տօնակատարութիւն մը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանն ու ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը ամիսներ առաջ նախաձեռնած էին շրջանին բնակիչներէն բաղկացող մանկապատանեկան երգչախումբի մը կազմութեան, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի: Երգչախումբը,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Հրայր Ծերունեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Հրայր Ծերունեանը

Հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ծառայութեան տարուան» առիթով Հայրապետական օրհնութեան գիրով գնահատեց Հրայր Ծերունեանը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, միաբան հայրերու, ազգայիններու, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ հարազատներու ներկայութեան: Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Ծերունեանի նկարագրային երեք կարեւոր արժէքներուն մասին` աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ պարկեշտութիւն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ծերունեանի շուրջ յիսուն տարիներու եկեղեցանուէր անսակարկ ծառայութեան`...

Page 311 of 364 1 … 310 311 312 … 364

Արխիւներ