Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Շաղիկ Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ» («Ճէոկրաֆիզ») Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն «Սանթր Սոֆիլ»-ի Մէջ

Ապրիլ 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

film1_40716

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման առիթով տակաւին շարունակուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Էշրեֆիէի «Սանթր Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Շաղիկ Արզումանեանի «Ճէոկրաֆիզ»/ «Աշխարհագրութիւններ» վաւերագրական ժապաւէնը: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով պատրաստուած այս ժապաւէնը 2015-ին ներկայացուած է Փարիզի «Սինեմա տիւ ռէալ»-ի կազմակերպած վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային փառատօնին  ( ):

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտ Շաղիկ Արզումանեան իր ուսումը շարունակած է Փարիզ 8 (Paris VIII) համալսարանին մէջ եւ 2013-ին ստացած է կրկնակի մագիստրոսի աստիճան` ժապաւէնի բեմադրութեան եւ վերականգնումի (film direction and film restoration) մասնագիտութեանց մէջ: Ներկայիս ան արդէն հասած է իր դոկտորայի աւարտական փուլին` ժապաւէնի գեղագիտութեան մասնագիտութեան մէջ (Esthetics):

Շարժապատկերի արուեստի փառատօնի ծիրին մէջ ներկայացուած «Աշխարհագրութիւններ»/ վաւերագրական ժապաւէնը կը խօսի իր մեծ հօր` Նազարէթի եւ մեծ մօր` Լուսաբերին մասին: Ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ Եղեռնէն ճողոպրած այդ հայորդիներուն ապրած գաղթականական կեանքին` իրենց բնօրրանէն` Անատոլուի քիթի նման ցցուած ` Պուրընքիշլա (Burunkisla) գիւղէն մինչեւ Գահիրէ, Եաֆա, Պէյրութ եւ այլն: Շ. Արզումանեան խորապէս ազդուած ու ներշնչուած է հանրածանօթ հայազգի բեմադրիչ Էլիա Գազանի «Ամերիկա, Ամերիկա» ժապաւէնէն:

film_40716

Եօթանասուն վայրկեան տեւողութեամբ այս ժապաւէնը ցոլացումն է յատկապէս Շաղիկի եւ իր սերնդակիցներուն եւ առհասարակ համայն հայութեան ապրումներուն, հարցադրումներուն, անցեալի դառն ու տխուր յուշերուն, անցեալի ու ներկայի միջեւ խարխափումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: Փաստօրէն յետեղեռնեան իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ կարելի է  լսել ապրուած նման գողգոթայի մասին…

Վաւերագրական այս ժապաւէնը բարձրաձայն ընթերցում մըն է նոյնինքն բեմադրիչ Շ. Արզումանեանի ձայնով անոր պապիկին ու մամիկին ապրած յետեղեռնեան յուզումնախառն «օրագրին»: Ալեքս Հէյլիի «Տը ռուց» («Արմատները») յիշեցնող այս ժապաւէնը փորձ մըն է դէպի ակունք, դէպի արմատները վերադառնալու եւ Եղեռնով ընդհատուած երբեմնի բնօրրանի յիշատակները ոգեկոչելու Արզումանեանի տենչին: Տենչ մը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած համայն հայութեան տենչն է: Վստահաբար իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ունի պապիկ մը կամ մամիկ մը, որուն արմատներուն կապող կծիկը, թելը կորսուած է Եղեռնի արհաւիրքներու մղձաւանջին մէջ: Ակամայ անհետացած այդ կծիկը, սակայն, չէ ջնջուած ու տակաւին վառ է յաջորդական սերունդներու յիշողութեան մէջ, որ կը վերակենդանանայ Շաղիկ Արզումանեանի քաղցրայոյզ ընթերցումին ընդմէջէն, որուն ընթացքին հանդիսատեսը իր կարգին «կ՛ապրի» ու կ՛ըմբռնէ «ճողոպրածներու» գաղթականական դառն պայմանները: Շաղիկ Արզումանեանի այս ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ պատկերներ ու տեսարաններ գաղթականական իւրաքանչիւր կայքէ, կայանէ` Պուրընքշլայէն մինչեւ Պուրճ Համուտի Նորաշէնի «քեմփ»-ը եւ հեռաւոր Քանատան ու Ամերիկան:

Յատուկ այս առիթով Շաղիկ Արզումանեանի հետ «Ազդակ»-ի ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին երիտասարդ ու խոստմնալից բեմադրիչը պատասխանելով մեր հարցումներուն` վերյիշեց իր նախորդ ժապաւէնէն` մանկութեան եւ ընտանիքին մասին: Թէեւ ան պիտի չկարենայ ներկայ գտնուիլ այս ժապաւէնի ցուցադրութեան, սակայն խոստացաւ մօտիկ ապագային այցելել Լիբանան: Ան ունի նաեւ այլ ծրագիրներ շարժապատկերի արուեստի մարզէն ներս, սակայն նախընտրեց այդ մասին անդրադառնալ աւելի ուշ:

Շաղիկ Արզումանեանի արտադրած «Աշխարհագրութիւններ»/ժապաւէնին օժանդակած են նաեւ հայ թէ օտար գործընկերներ, ինչպէս` Քարին Պաշա, Քարին Տումըթ, Սանտրա Թապեթ, Ռանա Իտ, Ալի Թիլլի, Ծովինար Մկրտիչեան, Էռնեսթօ Էոզերօ, Պիլալ Հիպրի, Ֆրետերիքօ Ռոտրիկեզ եւ այլն: Ժապաւէնին զօրակցած ու հովանաւորած են լիբանանեան թէ ֆրանսական մէկէ աւելի հաստատութիւններ, հիմնարկներ, ինչպէս` Պէյրութի «Կէօթէ» հիմնարկը, «Քիսքիսպանք», Պէյրութի «Սքրին» հիմնարկը (Screen Institute Beirut) եւ այլն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մէկ Բռունցք Ենք Արցախի Կողքին

Յաջորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցի Գործընթացին Մասին Զեկուցական Հանդիպում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?