Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

March 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

arach-1_32716

Ս. Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

arach-4_32716

Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան դէպքին յայտնեց, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս երբ Յիսուսի անմիջական հետեւորդները գերեզման գացին տեսան, թէ անիկա թափուր էր. սակայն երբ ան երեւցաւ իւղաբեր կիներուն, ինչպէս նաեւ իր սիրելի աշակերտներուն, այն ատեն անդրադարձան, թէ իրենց Տէրը մեռած չէ, այլ յարութիւն առած, եւ կ՛ապրի իրենց մէջ եւ իրենց կը յայտնուի, որպէսզի անհատապէս անոնց ցոյց տայ յարուցեալ կեանքի օրինակը, նաեւ զիրենք մղէ նոր խանդավառութեան, որպէսզի երթան եւ աշխարհին տարածեն քրիստոնէութիւնը, ոչ թէ իբրեւ խաչուած եւ թաղուած Քրիստոսի կրօն, այլ իբրեւ յարուցեալին յաղթական կրօնը, որ նաեւ այս աշխարհի սահմանաւոր պայմաններէն անդին ցոյց կու տայ դէպի յաւիտենական կեանք տանող սրբազան ուղիները:

«Անցնող բոլոր դարերուն, մեր ժողովուրդը ոչ միայն անհատապէս ապրած է յարութեան հաւատքը, այլ ազգային հաւատարմութեամբ զայն արտայայտած է իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին. իր անկումներուն, իր մաքառումներուն, իր պայքարներուն ընթացքին յարուցեալը ունեցած է իր կեանքի օրինակը եւ այդ օրինակին հետեւելով ինքզինք վերականգնած է իր բոլոր անկումներէն», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այս տօնը պէտք է նոր խանդավառութիւն եւ մղում տայ մեր հաւատքին եւ մեր կեանքին, որպէսզի ժամանակակից կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ մենք սթափինք, չկորսնցնենք մեր հաւատքը եւ վերստին փարինք մեր հայրերու հաւատքին, որ դարեր շարունակ կեանք պարգեւած է մեզի:

arach-3_32716

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին Եղեռնի արհաւիրքէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակները կը փնտռէին ապաւէն մը, միջոց մը, որպէսզի այդ կացութենէն կարենան դուրս գալ, եւ Յարուցեալն էր, որ ցոյց տուաւ կեանքի այդ ճամբան` իրենց ներշնչելով հաւատք եւ յոյս, որոնց միջոցով անոնք ապրեցան եւ հրաշագործեցին` ստեղծելով նոր կեանքի պայմաններ: «Մենք ենք ժառանգորդները մեր հայրերու հաւատքին, իրենց ապրելու կամքին ու գիտակցութեան. սերունդի մը, որ իսկապէս մահէն անդին յարուցեալ կեանքի փորձառութիւն ապրեցաւ, եւ մենք` իբրեւ հաւատաւոր ժառանգորդներ, պարտինք մեր արարքներով նոր կեանք տալ մեզ կանխող սերունդներու մեծ հաւատքին, շեշտեց Շահէ եպս. Փանոսեան` կոչ ուղղելով, որ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները նոր խանդ ու եռանդ ստանան, որպէսզի մենք հաւաքաբար նոր ոգեւորութիւն ապրինք մեր կեանքին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ մահէն անդին յարուցեալի կեանքի փորձառութիւն ապրած ժողովուրդ մը չի կրնար մահանալ, այլ` իր նուիրումի օրինակով եւ իր հաւատքի ամրութեամբ կը ստեղծէ նոր կեանք, որ երկրի այս սահմանաւոր պայմաններէն անդին կ՛ընդգրկէ նաեւ յաւիտենական կեանքը:

Պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորանքներ ընդունեց Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-6:00:

 

 

Նախորդը

Ս. Զատկուան Հանդիսաւոր Պատարագը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.