Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սրբոյ Կուսին Աւետման» Տօնին Առիթով Մատուցուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Ապրիլ 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Avedoum_40516

Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին առիթով, մատուցուած Ս. պատարագը, որ սովորաբար ամէն տարուան 25 մարտին տեղի կ՛ունենար, այս տարի զուգադիպեցաւ Աւագ Ուրբաթ օրուան, առ այդ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ որոշումով, անիկա կայացաւ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց Արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը:

Avedoum4_40516

Օրուան ընթերցումին բնաբանն էր Աւետումի բարի լուրը: Գերապայծառ հայրը փոխանցեց Ս. Աւետման տօնին պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ Աստուածամօր շնորհալի եւ օրհնեալ էութեան` յիշելով, թէ եկեղեցին կը տօնէ Ս. Կոյսին գեղեցակագոյն տօնը` Աւետումը: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Ս. Կոյսին մէջ կը տեսնենք եւ կ’ապրինք երկու հիմնական դասեր` խոնարհութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ մեծ սիրոյ ամփոփում: Գերապայծառ հայրը շնորհաւորեց Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ հաւատացեալները, ժողովրդապետն ու փոխժողովրդապետը, ինչպէս նաեւ բոլոր Աւետիս անունը կրողները: Գերապայծառը, անդրադառնալով պատերազմի ծանր վիճակի մէջ եղող երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Ղարաբաղի ապրած զգայուն կացութեան` յայտնելով ցաւակցութիւնները Ղարաբաղի բանակի զոհերուն եւ անոնց հարազատներուն: Ան հաստատեց, որ  եկեղեցին կը միացնէ իր ձայնը աղօթքով ու հաւատքով` Լեռնային Ղարաբաղին, իշխանութեան պետերուն, Ղարաբաղի պետութեան, բանակին, անձնուէր ժողովուրդին եւ վերջապէս միջազգային գործիչներուն եւ ներկայացուցիչներուն` շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: Սրբագործութեան աղօթքով օրհնուեցան հացն ու գինին` կենդանացնելով Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը:

Avedoum2_40516

Աւարտին` եկեղեցւոյ հովիւ հայր Վարդան Գազանճեան ներկայացաւ շնորհակալութեան աղօթքով` յղուած առ Աստուած, անոր բարիքներուն եւ օրհնութեան համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, Արհիապատիւ Գերապայծառին, հոգեւոր քոյրերուն ու եղբայրներուն, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ու երգողներուն: Ապա տեղի ունեցաւ Ս. Նարեկացիի աղօթքով յուշանուէրներու բաշխում ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն:

 

Նախորդը

Ռուսիա Դարձեալ Ընդգծած Է, Որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Ձեւաչափին Փոփոխութեան Դէմ Է

Յաջորդը

Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Յորդորդեց Հաւատացեալները Աղօթել Թանկարժէք Հայրենիքին Եւ Անձնուէր Հայ Զինուորին Համար

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?