Երէկ` կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի ժողովուրդը հաւաքով մը իր զօրակցութիւնը արտայայտեց Արցախին եւ ընդվզումը` Ազրպէյճանի բռնարարքներուն դէմ:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ, ուր հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Արցախի մէջ զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակին:
Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, գիւղի միութիւններուն ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անունով արտասանեց Միրնա Գասամանեան: Ան ըսաւ, թէ Արցախի ազատագրութեան պայքարին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունեցաւ հսկայ ներդրում, երբ աշխարհի չորս կողմերէն ազգանուէր հայ երիտասարդներ ուղղուեցան դէպի Արցախ` ազատագրելու իրենց սուրբ հողը, միշտ հաւատալով «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանին:
Ան աւելցուց, որ «մենք` իբրեւ ժառանգորդները Արցախի ազատագրութեան պայքարին ընթացքին զոհուած նահատակներուն եւ իբրեւ մուսալեռցի երիտասարդներ, մեր սրտերը ամրացնելով խիզախութեամբ, պիտի պաշտպանենք մեր հողերը` ներշնչումը ունենալով յեղափոխութիւն, իսկ արտաշնչումը` պայքար»:
Բացման խօսքէն ետք, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով օրուան պատգամը փոխանցեց Յակոբ Այնթապլեան:
Ան անդրադառնալով վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ըսաւ, թէ թշնամիին յառաջխաղացքը կարելի եղաւ կասեցնել միայն հայկական բանակին հմուտ հրամանատարութեան եւ կորովի զինուորներուն ցուցաբերած արի կեցուածքին շնորհիւ: Անոնք կրցան սպառազինման տեսակէտէ զիրենք գերազանցող թշնամին ծունկի բերել եւ անոր զինադուլ յայտարարելու:
Ան շարունակեց ըսելով, թէ «առանց թերագնահատելու այս կամ այն օտար պետութեանց պաշտօնական յայտարարութիւնները, առ ի զօրակցութիւն Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման բանաձեւերը, տակաւին այսօր ոչ մէկ պետութիւն քաջութիւնը ունեցած է հաշտուելու իրականութեան հետ` ճանչնալով Արցախի անկախութիւնը:
Այնթապլեան ըսաւ թէ «մուսալեռցիներուն եւ Արցախի ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող ծինային որոշ կապերու պատճառով, շատ մը առիթներով անոնք միեւնոյն ձեւով արտայայտած են իրենց զգացումները, մանաւանդ օրհասական պահերուն հերոսի եւ մարտիրոսի իրենց ազդու խօսքը ըսած են` դառնալով ազատագրական պայքարներու ներշնչման անսպառ աղբիւր»:
Այնթապլեան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն զօրակցելու հերոսական Արցախին եւ իրենց ձեռքերը երկարած պահելու անոր ժողովուրդին:
Վերջապէս, Այնթապլեան ներկաներէն խնդրեց իրենց ձեռքերը բարձրացնել` ըսելով. «Կ՛ուխտենք տէր կանգնիլ մեր ազգային ինքնութեան, բոլոր միջոցներով թիկունք կանգնիլ Արցախին եւ Հայաստանին: Կ՛ուխտենք արժանի ժառանգորդները ըլլալ մեր նահատակներուն»:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու սփռումով: