Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թաղե՛նք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Քրիստոսով Վերստին Կեանք Ստանանք» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մարտ 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Taghoum_Antelias1_32516

25 մարտ 2016-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Թաղման կարգի սրտառուչ արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս, շրջապատուած` միաբան հայրերով: Շարականներու երգեցողութիւնը, ինչպէս Աւագ շաբթուան բոլոր միւս օրերուն, կատարուեցաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ: Ժողովուրդը, որ հոծ բազմութեամբ ներկայ էր արարողութեան, Խաչելութեան կարգէն սկսեալ կ’այցելէր մայրավանք եւ ուխտաւորաբար ծաղիկներ կ’ընծայէր ու կ’աղօթէր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող Մայր տաճարին դասին մէջ զարդարուած դագաղին առջեւ:

Taghoum_Antelias_32516

Արամ Ա. կաթողիկոս «Սուրբ Աստուած» տաղի երգեցողութեան ընթացքին ծնրադրեց գերեզմանին առջեւ եւ ապա, նախատօնակի շարականներու երգեցողութեամբ թափօր դարձաւ խնկարկելով եւ օրհնելով երկիւղած ժողովուրդը: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական պատգամը փոխանցեց` ըսելով. «Քրիստոս իր արիւնը խաչին վրայ թափեց մեր մեղքերուն համար, եւ գերեզման իջաւ, առաքեալին բառերով, Իրեն հետ իջեցնելով մեր մեղքերը, որպէսզի Քրիստոսով մենք դուրս գանք գերեզմանէն` Քրիստոսով ստանանք յարուցեալ կեանքը եւ մտնենք փրկութեան ճանապարհ: Քրիստոս մեր մեղքերը յաղթահարելով մեզի տուաւ առաւել կեանք` յաւիտենական կեանք: Այսօր մենք կոչուած ենք մեր մեղքերը Քրիստոսի օգնութեամբ գերեզման իջեցնելու. թաղե՛նք մեր մեղքերը, որպէսզի Քրիստոսով վերստին կեանք ստանանք»:

Թաղման կարգի արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի խաչափայտի մասունքը կրող գեղարդաձեւ մասնատուփով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը: Ապա, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդի զաւակները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ գերեզմանը զարդարող ծաղիկներէն առնելով տարին իրենց տուները: Արարողութենէն ետք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, հայ թէ այլ եկեղեցիներու պատկանող հաւատացեալներ մայրավանք այցելեցին` խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ:

Նախորդը

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն» Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Յաջորդը

«Թուրքիան Կը Փորձէ Տապալել Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Դրութիւնը» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?