Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երազ» Թատերախումբը Թատերասէր Հասարակութեան Ներկայացուց «Կատակը Ցոյց Կու Տայ Հոգիին Յատակը» Կատակերգութիւնը

Ապրիլ 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Yeraz1_40116

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի, երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլ 2016-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ վարժարանի «Երազ» թատերախումբը երկու ելոյթներով` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին (աշակերտական) եւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդէս եկաւ «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» կատակերգութեամբ, հեղինակ, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան:

Ներկայացումը ունէր երկու գլխաւոր առանձնայատկութիւն. ա) Առաջին անգամ ըլլալով խումբը կը ներկայացնէր սուր կատակերգութիւն` «ֆարս», բ) Աշակերտներուն հետ բեմ կը բարձրանային նաեւ ուսուցիչները:

«Կատակի միջազգային օր»-ուան զուգադիպող սոյն  կատակերգութիւնը կը բաղկանար երեք տեսարանէ. առաջին տեսարանը կը ներկայացնէր դասարան մը, ուր կը բացակայէր աշակերտ մը` իր տարեդարձին պատճառով: Երկրորդ տեսարանով հանդիսատեսը ականատես եղաւ այդ բացակայ աշակերտի տան մթնոլորտին, անոր ընտանեկան պարագաներուն իրարու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւններուն,  ուր վիճաբանութիւն տեղի կ՛ունենար անոր ծնողքին միջեւ` իր հօր Հայաստանէն հող գնած ըլլալուն պատճառով, որովհետեւ մայրը գաղափարին հակառակ էր: Երրորդ տեսարանին մէջ կը հանդիպինք հայկական կենցաղի, Հայաստանէն հարս բերելու նախաձեռնութեան, բամբասանքի, աշակերտներու եւ ծնողներու միջեւ բախումի, անընդունելի փոխյարաբերութիւններու եւ այլն:

Yeraz2_40116

Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան անգամ մը եւս յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ` այս անգամ աշակերտներուն կողքին իր շուրջ համախմբելով նաեւ ուսուցիչներ:

Արդարեւ, մօտաւորապէս 1 ժամ տեւողութեամբ աշակերտներ Լիլիթ Յովհաննէսեան, Նելսըն Ապրիլեան, Անտրէ Սահիլի, Ճորճ Սահիլի, Գայեանէ Գրիգորեան, Սեսիլիա Պագալեան, Արտա Մթրըպեան, Քեվըն Բարսեղեան, Սերժ Մոմճեան, Գօգօ Մինասեան, Ճենիֆըր Քէօշկերեան, Կասիա Վարդան, Աւօ Գրիգորեան, Սերլի Այվազեան եւ ուսուցիչներ` Մարիա Իփրաճեան, Պարգեւ Սամուէլեան, Սեդա Մթրըպեան, Նեկտար Փալազեան, Լենա Պօղոսեան լաւապէս մարմնաւորեցին իրենց ստանձնած դերերը` արժանանալով հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին:

Աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան: Ան յայտնեց, որ ուսուցիչ-աշակերտ գործակցութիւնը ստեղծեց ընտանեկան տարբեր մթնոլորտ մը փորձերու ընթացքին: «Վարժարանին նպատակը եւ առաքելութիւնն է հայ քրիստոնեայ անհատ կերտել իր ամբողջական դաստիարակութեան մէջ, ուր միտք, հոգի եւ մարմին կ՛աճին ու կը մեծնան բարձր արժէքներով, այժմէական գիտութեամբ եւ Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերով», հաստատեց Սեդա Գարակէօզեան` աւելցնելով, որ դերակատարը կը սորվի երեք յատկութիւններ. յարատեւութիւն, պատկանելիութիւն եւ պատասխանատուութիւն: «Բոլոր տեսակի կատակներու յատակը կը գտնենք թանկագին արժէքներ, որոնք, կը հաւատանք, թէ անպայման տեղ պիտի գրաւեն մեր դերակատարներու կեանքին մէջ», եզրափակեց Սեդա Գարակէօզեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին թատրոնի յաջողութեան:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

 

 

Նախորդը

Ժողովուրդէն Ժողովուրդին. ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Առիթով

Յաջորդը

Քրեմլինը` «Սու-24»-ի Օդաչուի Մարդասպանին Ձերբակալութեան Մասին

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?