Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու Մեծարանքի Երեկոյ

Ապրիլ 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

jen-9_40816

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիոյ» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու մեծարանքի երեկոն:

jen-2_40816Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ երեկոն կազմակերպուած է գնահատելու, պատուելու եւ խոնարհելու Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաներուն վաստակին դիմաց, հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ եւ արուեստներուն մէջ գերագոյններէն հանդիսացող երաժշտութեան հանդէպ իրենց խորաթափանց սիրոյն եւ բծախնդիր աշխատանքին համար: Ան խօսելով մշակոյթի դերին մասին պնդեց, որ  մշակոյթը հայ ազգի գոյատեւման կենսական աղբիւրներէն եւ ինքնութիւնը անաղարտ պահող ուժերէն մէկն է: Մշակոյթը շունչն է ազգին եւ անոր կենդանութեան համար աւիշ մատակարարող աներեւոյթ զօրութիւնը:

Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ճենտերեճեան եղբայրները իրենց կեանքի ընթացքին հոգիով միացած` լուռ խօսքերով փոխանցած են մեր մշակոյթի կոթողները:

Հայ մշակոյթը, յատկապէս երաժշտութիւնը, որ համաշխարհային երաժշտութեան ու հոլովոյթին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի, Ճենտերեճեան եղբայրներուն շնորհիւ գրաւած է բարձրադիր պատուանդաններ: Ապա հայր սուրբը եզրափակեց ըսելով, թէ անոնք հայ թէ օտար երաժշտութեան ամէնէն յետին մանրամասնութիւններուն գերազանց ներկայացումով ոչ միայն մշակոյթի ջահը վառ պահած են, այլ հոգիի մենաշնորհեալ երջանիկ վիճակ մը ստեղծելով բազմաթիւ հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակը դարձան եւ երաժշտութեան հանդէպ սէր եւ ակնածանք մշակեցին:

jen-4_40816Ելոյթ ունեցաւ Զաքար Քէշիշեան: Ան իր խօսքը սկսաւ Ճենտերեճեան եղբայրներուն ծանօթացման հետ կապուած յուշ մը պատմելով` նշելով, որ դէպքը, որ տեղի ունեցած է 1993 թուականին Արցախի մէջ

«Վարանդա» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթին առիթով:

Զ. Քէշիշեան յայտնեց, որ Ճենտերեճեան եղբայրներու զուգանուագը առանձին երեւոյթ է հայ երաժշտական կեանքին մէջ: Եղբայրներուն համերգները 25 տարբեր քաղաքներու մէջ իրենց բերած է արդար հռչակ մը, որ հիմնուած է տաղանդի, տքնաջան աշխատանքի, կազմակերպական յատկութիւններու ու կատարողական վարպետութեան վրայ: Ան նշեց, որ Ճենտերեճեաններու երգացանկը կ՛ընդգրկէ պարոք շրջանէն մինչեւ մեր օրերը հասնող 60 երաժշտահաններու ստեղծագորղութիւններ:

Զաքար Քէշիշեան ըսաւ, թէ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները աչքի ինկած են նաեւ իբրեւ նուիրեալ ու հմուտ մանկավարժ ուսուցիչներ: Անոնք խանդաղատանքով լծուած են նորահաս սերունդին ճամբայ հարթելու աշխատատար, մաշեցնող, բայց նուիրական գործին, ապա նշեց, թէ իրենց համբերատար աշխատանքին արդիւնքը կը վայելենք ի տես «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի պատրաստած պատանի եւ երիտասարդ ջութակահարներուն: Անոնք ինքնամոռաց կերպով ուսանողին մէջ կը կերտեն վաղուան ոչ միայն արհեստավարժ, այլեւ արուեստագէտ ջութակահարը: Դասաւանդման ու յատկապէս ջութակի մարզի զարգացման զուգահեռ անոնք պարգեւած են նաեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի մենակատարներու համոյթը, որ արդէն իսկ սկսած է ունենալ համերգային հեռանկարային կենսագրութիւն:

jen-5_40816

Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններ ջութակով մեկնաբանեցին տասնեակ մը երաժշտական կտորներ, նուագակցութեամբ` Նարէ Աղասարգիսեանին: Ջութակով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Նարէ Ագշարեան ե Աւօ Տագէսեանը, նուագակցութեամբ` Պետիկ Ալեքսանեանի:

jen-6_40816

Այնուհետեւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր խօսքին սկիզբը գնահատեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ դպրեվանքի տեսչութիւնը, որոնք սիրով ընդառաջած են մեծարանքի երեկոյի կազմակերպման: Ան յատուկ կերպով գնահատեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, որ իր բազմաթիւ ծրագիրներով Լիբանանի հայութեան կեանքը մշակութային արժէքներով կը կենսաւորէ: Առանց այդ արժէքներուն մեր ժողովուրդի կեանքին, մտքին ընդերքներէն եկող արժէքներուն մեր կեանքը պիտի թառամի եւ պիտի կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, դիտել տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ապա ըսաւ, թէ արժէքները մեզ պահեցին եւ մեր ինքնութիւնը ապահովեցին: Արժէքները յատկապէս սփիւռքեան տմոյն պայմաններուն մէջ մեզ պիտի շարունակեն պահել հայօրէն:

Վեհափառ հայրապետը «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին ակնարկելով ըսաւ. «Գնահատանքիս առընթեր սպասումս է, որ անիկա իր առաքելութիւնը շարունակէ, որովհետեւ որեւէ կառոյց պէտք ունի մեր ժողովուրդի նեցուկին` նիւթական եւ բարոյական իմաստով»:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, թէ Ճենտերեճեան եղբայրները ամբողջութեամբ նուիրուած են եւ կը շարունակեն նուիրուիլ հայ երաժշտական արժէքներու տարածման` մեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Անոնք ոչ միայն նուագած են, այլ նաեւ սորվեցուցած են նուագել, նուիրումով ծառայած են եւ նոյն ոգիով լծուած են երաժշտական արուեստի եւ արժէքներու:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատելով եղբայրներուն կատարած աշխատանքը, ողջունեց իրենց ներկայութիւնը ղարաբաղեան ոգիով օծուն մթնոլորտին մէջ եւ յայտնեց, թէ ուրախութեամբ պիտի մեծարէ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեանները «Մեսրոպ մաշտոց» շքանշանով:

Կարդացուեցան հայրապետական կոնդակները, ապա վեհափառ հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով մեծարեց Ճենտերեճեան եղբայրները:

Նշենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս առիթով ուղերձ մը յղած է, որուն մէջ կ’ըսէ. «Ճենտերեճեան եղբայրներուն ծաւալած հայրենանուէր գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ: Իսկ այսօր, անոնք կը պարգեւատրուին բարձագոյն պարգեւով` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Հպարտ ենք եւ ուրախ Ճենտերեճեան եղբայրներուն պէս ճշմարիտ մտաւորականներ ունենալու համար»:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին մեծարուած եղբայրներուն:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանն Ստիպում Է Աւարտին Հասցնել 1994 Թ. Կիսատ Թողածը

Յաջորդը

Շարունակելով Իր Այցելութիւնները` ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւն Նկատուելու Բարդոյթէն Պէտք Է Ազատուի»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւն Նկատուելու Բարդոյթէն Պէտք Է Ազատուի»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?