Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Շնորհահանդէսը Կատարուեցաւ «Սերտե՛նք Նոր Կտակարանը» Հատորին Հայերէն Թարգմանութեան

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Շնորհահանդէսը Կատարուեցաւ «Սերտե՛նք Նոր Կտակարանը» Հատորին Հայերէն Թարգմանութեան

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երկուշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան համագործակցութեամբ լոյս տեսած «Սերտե՛նք Նոր կտակարանը» հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին` միաբան հայրեր, միջեկեղեցական յարաբերութեանց ոլորտի գործուն մարմիններ ու Միացեալ եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան պաշտօնատարներ: Բացման...

Կիթառի Ողիմպիականի Անդրանիկ Մրցում Լիբանանի Մէջ

Կիթառի Ողիմպիականի Անդրանիկ Մրցում Լիբանանի Մէջ

Շաբաթ, 30 օգոստոս 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ԳՈՀԱՐ-ի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիթառի ողիմպիականի առաջին մրցումը` համագործակցութեամբ ԳՈՀԱՐ մեծ ընտանիքին: Այս առիթով հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան, որ անդրադարձաւ երաժշտութեան կարեւորութեան` նշելով, թէ երաժշտութիւնը մշակոյթի նուրբ, բայց նաեւ ազդեցիկ մարզ մըն է, անիկա կրնայ դառնալ ստեղծագործութեան, կատարելագործման եւ բուժման միջոց: Ապա ան լուսարձակի տակ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի  Դեսպանին Կոչ Ուղղեց` Հայ Գերիներու Հարցը  Արծարծելու ՄԱԿ-ի Մարդու  Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Դեսպանին Կոչ Ուղղեց` Հայ Գերիներու Հարցը Արծարծելու ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Ժընեւի մէջ 60-րդ նիստի առիթով, երէկ նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի դեսպան Քարոլին Զիատէին` Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու վերաբերեալ: Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ, հակառակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ նոր զարգացումներուն, որոնք յանգեցան Արցախի հարցով զբաղելու լիազօրուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարման, այդ...

Բագրատունի Ընդունեց Պատրան Ժիա Քըրտը

Բագրատունի Ընդունեց Պատրան Ժիա Քըրտը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի երէկ ընդունեց Սուրիոյ հիւսիս արեւելքի ինքնակառավարման միացեալ նախագահութեան արտաքին հարցերով փոխնախագահ Պատրան Ժիա Քըրտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ նշեալ ինքնակառավարման ներկայացուցիչ, փաստաբան Ապտելսալամ Ահմատի: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցերու: Ընդգծուեցան քիւրտ եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական խոր յարաբերութիւնները, անոնց միջեւ կապերը ու լուսարձակի տակ առնուեցան...

Ոչ Եւս Է «Մարմարա»-ի Վաստակաշատ Խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան

Ոչ Եւս Է «Մարմարա»-ի Վաստակաշատ Խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան

Խոր ցաւով իմացանք, որ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի երկարամեայ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան կնքած է իր մահկանացուն: Ռոպէր Հատտէճեան ծնած է 1926-ին, Պոլիս, ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը` տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող` կը սկսի գրել, առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական մամուլին մէջ: Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ` իբրեւ...

Դասական Երգի Երեկոյ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

Դասական Երգի Երեկոյ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ օգոստոս 30-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Զմմառու վանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգի երեկոյ, որ նախաձեռնութիւնն էր Զմմառու մայրավանքի վարչական հայրերուն: Համերգային ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` հայ եւ աշխարհահռչակ դասականներու` Շուպերթի, Ճորտանոյի, Փուչչինիի, Վերտիի եւ այլոց,  ինչպէս նաեւ Կանաչեանի եւ Տիգրանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները: Ելոյթ ունեցան Հայաստանէն ժամանած սոփրանօ Մերի...

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակում

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակում

Կիրակի, 31 օգոստոս 2025-ին պաշտօնապէս փակուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի բազէ» բանակումը, որ ընթացք առած էր 24 օգոստոսին: Բանակումին ընթացքին գործադրուեցան այլազան եւ բազմազան ծրագիրներ, որոնք ընդգրկեցին` մշակութային օր, ընկերային պահեր, դասախօսութիւններ, զարգացման մրցումներ, տեսերիզներ, աշխատանոցներ, խրախճանք եւ մարզական խաղեր ու մրցումներ: Մշակութային օրուան ընթացքին նուագարաններու ծանօթացուց Հայկ Քէշիշեանը, մշակութային...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը Եւ ԼՊՄ-ն Աւարտեցին  Տարեկան Բանակումները

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը Եւ ԼՊՄ-ն Աւարտեցին Տարեկան Բանակումները

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան բանակումը տեղի ունեցաւ 24-31 օգոստոսին ԼԵՄ-ի Այնճարի բանակավայրին մէջ եւ կրեց «Վիտոշի Բազէ» խորագիրը` ի յիշատակ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու բանակումները տեղի ունեցան 17-24 օգոստոսին եւ կրեցին «Մահ կամ ազատութիւն» խորագիրը: Կրտսեր պատանիներու բանակումը ընթացաւ ԼՕԽ-ի «Կազդուրման կայան»-ին մէջ, իսկ երէց պատանիներու բանակումը` ԼՊՄ-ի Այնճարի բանակավայրին մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մինսքի Խմբակի Հարցով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն նամակներ յղելով անդրադարձաւ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին ստորագրուած միացեալ հռչակագիրին մէջ նշուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու կոչին` նշելով, որ անիկա Արցախի բնակչութեան դէմ գործուած ցեղային զտումէն ի վեր «խաղաղութեան» համաձայնագիրի կնքման համար Ազրպէյճանի նախապայմաններէն մէկն է: Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ մինչ Հայաստան-Ազրպէյճան...

ՀՅԴ-ի Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի  Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով.  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակումի Բացում

ՀՅԴ-ի Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակումի Բացում

Կիրակի, 24 օգոստոս 2025-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները ուղղուեցան Այնճար: Առաջին հերթին, ԼԵՄ-ականները մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած, արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 32-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ տեղի ունեցաւ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Ապա, ԼԵՄ-ականները ուղղուեցան ԼԵՄ-ի բանակավայր, ուր բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120 ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի...

Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Մատրան Հիմնադրութեան 85-Ամեակ

Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Մատրան Հիմնադրութեան 85-Ամեակ

«Տենչս է, որ Զմմառեան միաբանութիւնը մնայ միշտ պաշտպան ու պահապան Աստուածամօր տան» ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ Այսպիսին էր Իգնատիոս արք. Մալոյեանի տենչը, որուն սրբադասման եւ իր բարեխօս` Զմմառու ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը այս տարի համընկնեցաւ: Աւանդութեան համաձայն, օգոստոս ամսուան 15-ի ամէնէն մօտիկ շաբաթավերջին` Տիրամօր վերափոխման տօնին, խանդավառ մթնոլորտ եւ աշխուժութիւն մը կը տիրէ Զմմառու վանքէն ներս: Արդ, Զմմառու...

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հարազատ Երդիք Ու Ամառնային Արձակուրդի Յատկանշական Վայր Դարձաւ 45 Մանուկներու Եւ Պատանիներու

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հարազատ Երդիք Ու Ամառնային Արձակուրդի Յատկանշական Վայր Դարձաւ 45 Մանուկներու Եւ Պատանիներու

Այնճար հայաւանի հանդարտ եւ բնութեան բարիքներով շրջապատուած թաղամասի մը մէջ տեղակայուած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման կայանին շէնքը, ուրկէ 20 յուլիսէն 9 օգոստոս 2025-ին լսուող մանուկներուն եւ պատանիներուն զիրար խաչաձեւող խօսակցութիւնները, ուրախ բացագանչութիւնները, իրենց պատասխանատուներուն ուղղուած գանգատներն ու պահանջները, գոհունակութեան ու մանկական անմեղութեան դրսեւորումները, խաղերու ընթացքին զիրար քաջալերող խօսքերը, յաղթանակի ճիչերը լեցուցին եւ թնդացուցին քարեղէն կառոյցը`...

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Սփիւռքահայ գրականութեան եւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, խմբագիր, կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործիչ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակով, 14 օգոստոս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» արխիւային բաժինին: «Ազդակ»-ի կողմէ խօսք առաւ պատասխանատու խմբագիր Ժաք Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բաժին մը Սարգիս Կիրակոսեանի անունով...

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օրըստօրէ սաստկացող ազգային ու տարածաշրջանային վտանգներու դիմաց ամուր կամք ցուցաբերելու եւ տոկալու համար կարիքը ունինք նայելու դէպի վեր` Աստուծոյ, ու հաւատքով հայցելու Անկէ բխող ամրութիւնն ու յոյսը: Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման յիշատակումը մեզի առիթ կ՛ընծայէ, որ քով-քովի հաւաքուելով, եկեղեցի դառնալով, վերանորոգենք մեր ուխտը եւ վերանորոգ յոյսով դիմագրաւենք մեր մարտահրաւէրները: Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի...

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  Cilicia TV դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ շուրջ ամիս մը առաջ մեծ հրդեհի վտանգին ենթակայ էր Քեսապը: Այդ օրերուն հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր. սակայն այս անգամ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ: Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճն ու Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են: Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն իսկ հեռացած են իրենց տուներէն: Պետական սահմանափակ միջոցները կարող չեն...

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

«Ճինիշեան» հաստատութեան նախաձեռնած Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրի վկայագիրներու յանձման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 22 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի: Հանդիսութիւնը կը նշէր աւարտը չորս ամիս տեւած վերապատրաստութեան դասընթացքի մը` Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրի` իրագործուած «DOT Lebanon»-ի եւ «Ճինիշեան» հաստատութեան գործակցութեամբ: Ընդհանուր...

Աֆրամ Բ. Եւ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքները Միասնաբար Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Աֆրամ Բ. Եւ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքները Միասնաբար Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքին եւ ասորի-հնդիկ եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Ա. պատրիարքին: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ բերելու այժմէական երկու հարցեր. Նախ լայնօրէն քննարկուեցան Անտիոքի ասորի պատրիարքութեան եւ Հնդկաստանի ասորի պատրիարքութեան միջեւ անցեալէն եկող տարակարծութիւնները: Այս գծով, շուրջ 15...

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար.  Մուսալեռցի  – Այնճարցի Եդուարդ Պօյաճեան

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար. Մուսալեռցի – Այնճարցի Եդուարդ Պօյաճեան

Այնճար գիւղաւանի այս տարուան Մեծարենցեան երեկոներու ծիրին մէջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 յուլիս 2025-ին, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Անիկա նուիրուած էր մուսալեռցի-այնճարցի ուսուցիչ, գրագէտ եւ հրապարակագիր Եդուարդ Պօյաճեանին: Օրուան դասախօսն էր  այնճարցի նախկին ուսուցիչ Յակոբ Այնթապլեանը: Հանդիսավար Զաւէն Ղարիպեան քանի մը նախադասութեամբ ներկայացուց օրուան դասախօսը` յիշեցնելով, որ Յակոբ Այնթապլեան նոյն բակին մէջ արդէն տուած է...

Պահա Հարիրի Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Պահա Հարիրի Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2025-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պահա Հարիրիի, որուն կ՛ընկերանար ութ անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Հարիրի երէց զաւակն է Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, որ 14 փետրուար 2005-ին զոհ գնաց անարգ ոճիրի մը: Պահա Հարիրիի նպատակն է վերադառնալ Լիբանան եւ նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններով շարունակել իր հօր քաղաքական ուղեգիծը: Նշենք, որ շուրջ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, մեկնելով ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային ժողովի քննարկումներէն եւ ընդունած բանաձեւերէն, 5 օգոստոս 2025-ին գումարած իր նիստին քննարկեց հայրենիքի մէջ արձանագրուող խորապէս մտահոգիչ զարգացումները, եւ վերջին շաբաթներու պատահարներուն առիթով կը հաստատէ. Ա.-Հայաստանի Հանրապետութեան կը սպառնայ գոյութենական վտանգ։ Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը բուռն կերպով կ'աշխատի իր տիրոյթին վերածելու համար մեր երկիրը։ Բ.-Վտանգուած է Սիւնիքի ճակատագիրը։ Սիւնիքը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական ուժերու...

Page 30 of 364 1 … 29 30 31 … 364

Արխիւներ