Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հարազատ Երդիք Ու Ամառնային Արձակուրդի Յատկանշական Վայր Դարձաւ 45 Մանուկներու Եւ Պատանիներու

Օգոստոս 21, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնճար հայաւանի հանդարտ եւ բնութեան բարիքներով շրջապատուած թաղամասի մը մէջ տեղակայուած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման կայանին շէնքը, ուրկէ 20 յուլիսէն 9 օգոստոս 2025-ին լսուող մանուկներուն եւ պատանիներուն զիրար խաչաձեւող խօսակցութիւնները, ուրախ բացագանչութիւնները, իրենց պատասխանատուներուն ուղղուած գանգատներն ու պահանջները, գոհունակութեան ու մանկական անմեղութեան դրսեւորումները, խաղերու ընթացքին զիրար քաջալերող խօսքերը, յաղթանակի ճիչերը լեցուցին եւ թնդացուցին քարեղէն կառոյցը` կեանք եւ իմաստ տալով անոր:

ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն մէջ իր հիմնական ու կարեւոր տեղը ունեցող Կազդուրման կայանի կազմակերպումը սովորական դարձած է իրերայաջորդ շրջանային վարչութիւններու համար, բայց եւ այնպէս, ամէն տարի նոր մանուկներ ու պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը կ՛անցընեն այդ հարազատ ու ջերմ երդիքին տակ, կը վայելեն ճոխ ծրագիրներ եւ կը մեկնին անմոռանալի յիշատակներով: Այսպիսով այս ծրագիրը ամէն տարի նոր եռանդ, թափ ու իմաստ կը ստանայ` հաստատելով, թէ մանուկներուն նկատմամբ ԼՕԽ-ի տածած ուշադրութիւնն ու գուրգուրանքը որքա՛ն առանցքային են ապագայ սերունդներու կազմաւորման առումով:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած այս նախաձեռնութիւնը այս տարի շուրջ երեք շաբաթներ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման կայանը ընտանեկան հարազատ բոյն դարձուց ծրագիրին մասնակից 45 մանուկներուն եւ պատանիներուն: Նախապէս ծրագրուած եւ կազմակերպուած ճոխ յայտագիր ունեցան մասնակիցները` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին տարբեր աշխատանքներով: Անոնք ունեցան 8 հետաքրքրական պտոյտներ` 5-ը դէպի տարբեր խաղավայրեր եւ 3-ը` լողաւազան, ուր անցուցին ամբողջ օրը, խաղացին, լողացին, մրցումներ կազմակերպեցին եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցին: Կազդուրման կայանին մէջ եւս հաճելին եւ օգտակարը միաձուլուած էին` դաստիարակչական, ընկերային, ուսուցողական տարբեր յայտագիրներով, ձեռային աշխատանքներով, խմբային ու անհատական խաղերով, միտք ու մարմին մարզող գործունէութեամբ: 45 մասնակիցները կարծէք մէկ ընտանիքի անդամներ էին, որոնց միացուցած էր ԼՕԽ-ը, իսկ անոնց պատասխանատուները ծնողներ ըլլային կարծէք` իրենց ուշադրութեամբ, հոգատարութեամբ եւ անոնց ամէնէն լաւն ու հետաքրքրականը մատուցելու հետեւողականութեամբ:

Պատասխանատուներն ու ԼՕԽ-ականները ամէն ջանք ի գործ դրին, որպէսզի Կազդուրման կայանին մէջ փոքրիկներուն անցուցած օրերը միայն ժամանցի եւ արձակուրդի չծառայեն, այլ կարելի եղածին չափ հոգեկան ու մտային պաշար ստանան, մանաւանդ որ անոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով այսքան երկար ժամանակով կը բացակայի տունէն, սակայն հոն կը գտնեն երկրորդ ընտանիք, նաեւ կազդուրուելու մեծ առիթ ունեցան փոքրիկները, որոնք տուն վերադարձան առաւել եւս աշխուժ եւ լիցքաւորուած: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին գիշերային խարուկահանդէսները, որոնք առաւել ջերմութիւն հաղորդեցին, աւելի մտերմութիւն հաստատեցին փոքրիկներուն միջեւ:

Վերջին օրը յատկանշուեցաւ բոլորին սպասած խարոյկին շուրջ խորովածի երեկոյով: Թէեւ բոլորը ուրախ ժամեր անցուցին, սակայն նկատի ունենալով, որ միասին անցուցած վերջին գիշերն էր, տխրութիւնն ու յուզումը եւս տիրական էին:

Թէեւ բոլորն ալ շատ ուրախ էին, որովհետեւ պիտի վերադառնային իրենց հարազատ տուները, սակայն կար բաժանումը: Երեք շաբաթ շարունակ մասնակիցները իրարու հետ ապրեցան, ուրախ ու տխուր պահեր բաժնեկցեցան, ունեցան նոյն ապրումները, յիշատակները, միասին ամրան հետաքրքրական օրեր անցուցին, խաղեր կազմակերպեցին, նորութիւններու ծանօթացան եւ զանազան պտոյտներ կողք կողքի վայելեցին: Հիմնականին մէջ ա՛յս է, որ կը միտի տալ ԼՕԽ-ը իր  «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման կայանին ճամբով` ընտանեկան ջերմ յարկ, նոր ընկերներ, նոր ծանօթութիւններ եւ հաճելին ու օգտակարը միացնող օրեր:

Թէեւ հրաժեշտի պահը մօտեցած էր, սակայն խորովածը, երգերն ու պարերը պահ մը մոռացութեան  մատնեցին մասնակիցները, որոնց խանդավառ ճիչերը, ուրախութեան եւ յուզումի արտայայտութիւնները լեցուցին Կազդուրման կայանը:

Փակման պաշտօնական հանդէսին աշակերտները ներկայացուցին հետեւողական փորձերու իբրեւ արդիւնք` իրենց սորվածները:

Բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով:

Աշակերտներուն անունով խօսք արտասանեցին եւ իրենց տպաւորութիւնները արտայայտեցին Ալեք Աշըգեան եւ Թալին  Ռուբինեան, որոնք ուրախութիւն յայտնեցին, որ աւարտական հանդէսով ցոյց պիտի տան, թէ իրենք նախորդող շաբաթներուն ինչեր սորվեցան ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման կայանի յարկին տակ:

«Կազդուրման կայանը մեզ համար եղաւ իրական տուն մը, մեր պատասխանատուները մեզ հոգացին ու սիրեցին հարազատ ընտանիքի անդամներու նման, հոս մենք անցուցինք ամրան մեր ուրախ օրերը:  Ամէն օր միասին արթնցանք, միասին տարբեր աշխատանքներ ըրինք, պտտեցանք, քով քովի նստանք ու ճաշեցինք, լողացինք, խաղացինք, սորվեցանք, երգեցինք ու պարեցինք: Ամէն ինչ միասին ըրինք` ուրախութեամբ եւ անկեղծութեամբ:

«Իսկ այսօր արդէն հրաժեշտի պահն ալ հասած է, իսկապէս դժուար է բաժնուիլ իրարմէ եւ մեր պատասխանատուներէն: Մենք բոլորս կապուեցանք իրարու, բայց այսօր ստիպուած ենք հրաժեշտ տալ: Բայց մեզի հետ մենք կը տանինք ձեր սէրը, հոգատարութիւնը, ջանքը, որ շատ բան սորվինք, ուրախ ու հաճելի ժամանակ անցընենք, միտքով եւ մարմնով աւելի լաւ մարդիկ դառնանք», ըսին անոնք: Ապա անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ԼՕԽ-ականներուն, պատասխանատուներուն, որոնց շնորհիւ իրենք ոչ միայն լաւ արձակուրդ մը անցուցին, այլ արժէքաւոր ընկերութիւններ կերտեցին ու յիշատակներ ամբարեցին:

Ապա մասնակիցները հանդէս եկան գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով: Խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ին, 6 աղջիկներ նազպար պարեցին, բոլոր մասնակիցները միասնաբար միասնութեան շուրջպար բռնեցին, իսկ յայտագիրը յատկանշուեցաւ «Ով կրնայ առագաստանաւ մը քշել» երգով:

Պատասխանատու կազմին կողմէ խօսք առաւ Պետիկ Իզմիրլեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց այս ծրագիրի յաջողութեամբ իրականացման համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որովհետեւ անոնք իրենց զաւակները վստահած էին ԼՕԽ-ին:

ԼՕԽ-ի այս ծրագիրին հաւատացող եւ անոր յաջողութեան նպաստող նուիրատուներու, մասնաճիւղերու, յանձնախումբերու, բարերարներու, ԼՕԽ-ի բարեկամներու գործնական նեցուկը այս անգամ եւս դրսեւորուեցաւ` գօտեպնդելով միութիւնը եւ օժանդակելով կայանի տարբեր ծրագիրներու իրականացման:

Այս տարի եւս, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական զգայուն պայմաններուն, ԼՕԽ-ը նախաձեռնեց, գործադրեց եւ յաջողութեամբ պսակեց Կազդուրման կայանի ծրագիրը` ուրախութեամբ, գոհունակութեամբ եւ յատկանշական պահերով լեցնելով մասնակիցներուն ամառնային արձակուրդը, նաեւ նուէրներով զանոնք ապահով յանձնելով իրենց ծնողներուն` այն հաստատակամութեամբ, որ տարուած աշխատանքը իրապէս իր արդիւնքը տուաւ:

Նախորդը

ՀՕՄ-ը Հայաստանի Մէջ Պիտի Ոգեկոչէ Իր Հիմնադրութեան 115-Ամեակը

Յաջորդը

Ռապիօ Եւ Ռոու «Ծախու» Դրուեցան

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?