Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճինիշեան» հաստատութեան նախաձեռնած Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրի վկայագիրներու յանձման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 22 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի:

Հանդիսութիւնը կը նշէր աւարտը չորս ամիս տեւած վերապատրաստութեան դասընթացքի մը` Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրի` իրագործուած «DOT Lebanon»-ի եւ «Ճինիշեան» հաստատութեան գործակցութեամբ: Ընդհանուր հաշուով 125 երիտասարդ եւ երիտասարդուհի, ներառեալ` համալսարանականներ, ստացան վկայագիրներ` թուային գրագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան մարզերուն մէջ` զինուելով 21-րդ դարու անհրաժեշտ հիմնական գիտելիքներով: «DOT Lebanon» մաս կը կազմէ «DOT Global»-ի` միջազգային ցանցի մը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Քանատա, գործուն է աւելի քան 12 երկիրներու մէջ, եւ անոր առաքելութեան մաս կը կազմէ օժանդակութիւն տրամադրել անհատներու` օգտուելու թուային գրագիտութեան հնարաւորութիւններէն եւ զանոնք օգտագործելու տարբեր մարզերու եւ ձեռնարկատիրութիւններու մէջ: Գիտելիքներու փոխանցման կողքին, Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրը կ՛ընդգծէր նաեւ քննական մտածողութեան եւ առցանց միջոցներու պատասխանատու գործածութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` ապատեղեկատուութեան եւ սուտ լուրերու սրընթաց տարածման այս օրերուն:

Հանդիսութիւնը սկսաւ հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահի աղօթքով:

Բացման խօսքը արտասանեց «Ճինիշեան» հաստատութեան ընկերային ծառայողներէն Ճեսիքա Պըժանն: «DOT Lebanon»-ի տնօրէն Քամիլ Ատամ, իր կարգին, վեր առաւ «Ճինիշեան»-ի հետ գործակցութեան յաջող փորձառութիւնն ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ապագային եւս գործակցելու եւ իրագործելու նմանօրինակ ծրագիրներ:

«Ճինիշեան» հաստատութեան Լիբանանի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծեց երիտասարդներն ու կիները կարեւոր գիտելիքներով օժտելու եւ զանոնք լիազօրելու կարեւորութիւնը` իբրեւ ընկերութեան եւ համայնքի հիմնասիւները: Ան շեշտեց, որ` «Առանց թուային մշակոյթի եւ հմտութիւններու` այսօր անկարելի է մաս կազմել աշխարի որեւէ աշխատուժի», ինչպէս նաեւ բացատրեց, որ այս նախաձեռնութիւնը վերապատրաստութենէ աւելի` ռազմավարական ներդրում մըն է արդիւնաւէտ եւ ընդգրկուն համայնքային զարգացումի մը ճամբուն վրայ:

Դանիէլեան գոհունակութեամբ նշեց, որ «Ճինիշեան»-ի եւ «DOT Lebanon»-ի գործակցութիւնը վերջին երկու տարիներուն կարելի դարձուցած է աւելի քան 250 երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու վերապատրաստումը` ձեւաւորելով ինքնաբաւ, նուիրուած եւ հմտացած սերունդ մը, որ պատրաստ է ոչ միայն աշխատելու, այլեւ նուիրուելու համայնքային կեանքին: Ան աւելցուց, որ ծրագրին մասնակիցները պարզապէս վկայագրերով չեն վերադառնար, այլ` կայուն եկամուտ եւ արժանապատիւ ապագայ կերտելու նոր հեռանկարներով:

Իր խօսքի աւարտին Դանիէլեան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց «DOT»-ին` անոնց ցուցաբերած նուիրուածութեան եւ տրամադրած օժանդակութեան համար, նաեւ Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին` անոր անշեղ աջակցութեան ու ներկայութեան համար:

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր խօսքին մէջ ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը, որուն շնորհիւ թուային գրագիտութեան հմտութիւններու եւ նորարարական գիտելիքներու վերապատրաստութեան վկայագիրներ կը ստանան հարիւրաւոր երիտասարդներ: Ան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ «DOT Lebanon»-ի համատեղ աշխատանքը, որ, ըստ իրեն, կը ներկայացնէ գործակցութեան յաջող օրինակ մը` քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային գործընկերներու միջեւ:

«Մեր նախարարութեան համար ներդրում կատարել ի խնդիր երիտասարդներու զարգացման` ոչ թէ ընտրութիւն է, այլ` ազգային եւ ռազմավարական առաջնահերթութիւն: Երիտասարդները մեր ներկան են եւ միաժամանակ` յոյսը մեր ապագային: Մեր պարտականութիւնն է անոնց տրամադրել բոլոր այն միջոցները, որոնք պիտի նպաստեն անոնց զարգացման, ինքնավստահութեան ամրապնդումին եւ գործուն մասնակցութեան` հանրային ու համայնքային կեանքին մէջ», ըսաւ Պայրագտարեան:

Նախարարը ընդգծեց նաեւ թուային գրագիտութեան կենսական դերը. «Այսօրուան արագօրէն փոխուող աշխարհին մէջ երիտասարդներու ինքնկերտումը անշուշտ կախեալ է անոնց արհեստագիտական հմտութիւններէն եւ թուային կարողութիւններու զարգացումէն: Կարելի չէ լիարժէք ինքնակերտում` առանց նորարարութիւն սերմանող միջավայրի»:

Ան դիտել տուաւ, որ ծրագիրներու նմանատիպ մօտեցումները պէտք է շարունակուին եւ ընդլայնուին. «Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանանի երիտասարդները չըլլան միայն թուային սպառողներ, այլ` նորարարներ եւ ստեղծարարներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան արդիւնաւէտ կերպով արձագանգելու հաւաքական խնդիրներուն` օգտագործելով թուային աշխարհի ընձեռած հնարաւորութիւնները»:

Ի վերջոյ, Պայրագտարեան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան»-ի ծրագրային տեսլականը եւ անոր հետեւողական գործելակերպը` եզրափակելով. «Այսօրուան Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրը մեզի ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ գործուն, ներգրաւող եւ այլընտրանքային ուսուցում մը»:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները, իսկ Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան մեկնաբանեց ֆրանսերէն երգ մը:

Երեք շրջանաւարտներ` Մանուէլա Օհաննէսեան, Մոհամետ Արնաութ եւ Նարինէ Քեհէեան ներկայացուցին իրենց վկայութիւնները Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրին մասին` նշելով, որ իրենց ստացած գիտելիքները անփոխարինելի օգտակարութիւն կ՛ունենան իրենց ուսումնական եւ աշխատանքային առօրեային մէջ:

Իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան յուշանուէր մը յանձնեց DOT-ին` ընդգծելով երկու հաստատութիւններու արդիւնաւէտ գործակցութիւնը անցնող տարիներուն: Իսկ ծրագրին մասնակիցներէն Պօղոս Նազիկեան նախարար Նորա Պայրագտարեանին նուիրեց հայկական նուռը ներկայացնող իր գեղանկարը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վկայագիրներու բաշխումով:

Նախորդը

Կալիփոլիի Ճակատամարտն Ու Հայերը

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի»-ն

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Աֆրամ Բ. Եւ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքները Միասնաբար Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Աֆրամ Բ. Եւ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքները Միասնաբար Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Օգոստոս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?