Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար. Մուսալեռցի – Այնճարցի Եդուարդ Պօյաճեան

Օգոստոս 9, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնճար գիւղաւանի այս տարուան Մեծարենցեան երեկոներու ծիրին մէջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 յուլիս 2025-ին, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Անիկա նուիրուած էր մուսալեռցի-այնճարցի ուսուցիչ, գրագէտ եւ հրապարակագիր Եդուարդ Պօյաճեանին:

Օրուան դասախօսն էր  այնճարցի նախկին ուսուցիչ Յակոբ Այնթապլեանը:

Հանդիսավար Զաւէն Ղարիպեան քանի մը նախադասութեամբ ներկայացուց օրուան դասախօսը` յիշեցնելով, որ Յակոբ Այնթապլեան նոյն բակին մէջ արդէն տուած է երեք դասախօսութիւններ, առաջինը` «Յովհաննէս Շիրազ» (2015), երկրորդը` «Աւետիք Իսահակեան» (2019), իսկ երրորդը` «Լեռ Կամսար» (2022):

Յակոբ Այնթապլեան նախ որոշ պատկերացում տուաւ յետեղեռնեան Միջին Արեւելքի հայ գրականութեան պատմութեան`  շեշտելով, որ Եդուարդ Պօյաճեան կը հանդիսանայ գլխաւոր դէմքերէն մէկը, որ 1930-ական թուականներէն ետք սփիւռքի մէջ նոր որակ տուաւ մեր գրականութեան:

Պէյրութ, 1963։ Ձախէն աջ` Եդուարդ Պօյաճեան, Վահէ Օշական, Գուրգէն Մխիթարեան եւ Պօղոս Սնապեան

Ապա ան հանգամանօրէն ներկայացուց Եդուարդ Պօյաճեանի կենսագրութիւնը, որ սկիզբ կ՛առնէր Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, երբ տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտը, ապա անոր տեղափոխութիւնը` անապատային Այնճար մէկ կողմէ, իսկ աւելի ուշ` գիւղէն քաղաք փոխադրութիւնը:  Պօյաճեանի համար թէեւ խորթ էր քաղաքի կեանքը, սակայն իբրեւ ուսանող նորաբաց Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ` Ն. Աղբալեանի եւ Լ. Շանթի շունչին տակ ամբողջ կեանք մը անցուց ան` ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ լեցուած:

Այս փոթորկոտ ու հեւքոտ կենսագրութեան առընթեր, Յ. Այնթապլեան անդրադարձաւ Պօյաճեանի արձակ թէ բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն` մերթ ընդ մերթ կարդալով հատուածներ անոր գործերէն: Ան դիտել տուաւ, որ հայրենի հողն ու անոր հարազատ բնակիչը բացարձակ եւ անփոխարինելի արժէք են Պօյաճեանի համար: Գրագէտը ո՛չ միայն կը պեղէ հողն ու կ՛անդրադառնայ մեր անգին գանձերուն, այլ մանաւանդ կը թափանցէ հայ գիւղացիի հոգիին խորերն ու հարազատօրէն կը ներկայացնէ հայրենիքի կարօտ գաղթական հայու ողջ հոգեբանութիւնը:  Սէրն ու վիշտը միշտ անբաժան ըլլալով իրմէ` Պօյաճեան յաճախ ծայրայեղութեամբ հարուածած է անարդարն ու սխալը:

Այնթապլեան յայտնեց, որ Մուսա Լերան պարպումը Պօյաճեան համազօր նկատած է Հայոց ցեղասպանո_ վերջը չհամակերպեցաւ կեանքի այդ իրականութեան:

Պօյաճեանի գրական ստեղծագործութիւնները բաւական ընդարձակ են, երիտասարդ հասակին սկսած է աշխատակցիլ բազմաթիւ թերթերու` «Հայրենիք», «Յառաջ», «Ազդակ», «Ակօս», «Հասկ», «Նայիրի» եւ այլն: Ան մաս կազմած է նաեւ «Բագին»-ի հիմնադիր կազմին` Պ. Սնապեանի եւ Կ. Սասունիի հետ, ըլլալով նաեւ անոր առաջին խմբագիրներէն:

Այնթապլեան յիշեց, որ Պօյաճեան ունեցած է տասնեակ մը գործեր, ինչպէս` «Սէր եւ վիշտ», «Հողը», «Թուղթ զաւակներուս», «Տոմար տարագրի», «Երկու նամակ», «Ծննդավայր կորուսեալ», «Երկեր», «Դէմքեր», «Դուն», «Միտք պահէ» եւ շատ ուրիշներ:

Մշակութային երեկոն յագեցած էր նաեւ գեղարուեստական յայտագիրով. Յասմիկ Այնթապլեան սրինգով նուագեց Ian Clark-ի «Hypnosis»-ը, մինչ  Միսաք Անտոնեան ասմունքեց Պօյաճեանի «Գինով Ալեքսան» նշանաւոր բանաստեղծութիւնը: Երեկոն եզրափակուեցաւ Արփա Սնապեան-Անտոնեանի մատուցած Եդուարդ Պօյաճեանի «Միտք պահէ» հրատարակութենէն հատուածներով:

Նախորդը

Սեւրի Դաշնագիր. Հայ Դատի Խորունկ Իմացութիւն Եւ Մարտավարական Ծրագիր. Համահայկական Հռչակագիրով 2015-ին Վերակենդանացաւ Սեւրի Դաշնագիրն Ու Ազգային Պահանջատիրութիւնը – Բ.

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Սեւրի Դաշնագիրի «Տրտունջք»-ը Հարցադրումներ (105-Ամեակ)

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?