Գաղութային

«The Cedars Whispered» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

«The Cedars Whispered» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ին Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանի «The Cedars Whispered» («Մայրիները շշնջացին») վէպին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր հեղինակին որդին` Գեղամ Սարգիսեանը, որ երիտասարդական խանդով տուաւ իր վկայութիւնը գիրքի ծննդոցին մասին, ապա ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Գիրքը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներէն այս առիթով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած` Նիւ Եորքի Ուայթ Փլէյնզ հոգեբուժական բժշկական կեդրոնի (WPP PLLC) տնօրէն տոքթ....

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛ողջունէ  Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի Բանաձեւը

Զուիցերիոյ Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Զուիցերիոյ Վճռականութեան Յաղթանակին Նկատմամբ Իր Հաւատքը Արտայայտեց

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Վիխելթին յղեց Զուիցերիոյ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ անդրադարձաւ Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ արցախահայութեան տունդարձը դիւրացնելու եւ ջատագովելու նպատակով միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու փորձին, որ հիմնուած է Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ «պատմական բանաձեւի վրայ»: «Դժբախտաբար ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը մերժեց մասնակցիլ խորհրդաժողովի մը, որ խորապէս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, որ Լիբանանի իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքայի ընտրութեան ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն պրն. Յակոբ Լատոյեան ընտրուեցաւ վարչութեան անդամ եւ վարչութիւնը իր կարգին զինք ընտրեց դիւանի անդամ իբրեւ գանձապահ: Այս առիթով վարչութենէն պատուիրակութիւն մը ուրբաթ, 1 օգոստոս 2025-ին հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նոր նախագահ տոքթ. Էլիաս Շլալայի հետ «Բժիշկի տուն» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին սենտիքայի ատենապետ պրն. Ղասսան Տաու...

ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին եւ աւարտեց 30 յուլիսին։ Վեց օրերու ընթացքին ժողովը քննարկեց Լիբանանի Դաշնակցական ընտանիքի անցնող 21 ամսուան գործունէութիւնը, ներլիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, որոնց լոյսին տակ որդեգրեց երկամեայ գործունէութեան ուղեցոյց: Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 21 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ: Սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմը,...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 15 ԼԵՄ-ականներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ռուստամեան լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ այս կուսակցութիւնը ընդհանրապէս եւ դաշնակցական մարդը յատկապէս լուռ չեն կրնար մնալ ազգային արժէքները, գաղափարները եւ համազգային տեսլականները հարուածող երեւոյթներուն դիմաց: Ան...

Յայտարարութիւններ (9 Ապրիլ 2025)

Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանին Նուիրաբերուած Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Առիթով

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Տէրեան հայագիտական գրադարանը խորին գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ, որ վերջերս բազմաթիւ արժէքաւոր հրատարակութիւններու նուիրատուութիւն ստացած է Հայաստանի գիտամշակութային ու գիտահետազօտական հետեւեալ կառոյցներէն.- 1) «Մատենադարան»-Մեսրոպ մաշտոցի անուան հին ձեռագիրերու հիմնարկ, 2) Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ (ՀՑԹԻ), 3) Հայաստանի Ազգային գրադարան (ՀԱԳ), 4) Հայաստանի Պատմութեան թանգարան (ՀՊԹ), 5) Հայաստանի Ազգագրութեան թանգարան (ՀԱԹ), ինչպէս նաեւ` գրահրատարակչատուներէ եւ անհատ հեղինակներէ: Սոյն հրատարակութիւնները յատկանշական...

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ  Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան,  Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան, Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ

Երեքշաբթի, 29 յուլիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց Յունաստանի կրթութեան, կրօնական հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Սոֆիա Զախարաքի: Վեհափառ հայրապետին եւ նախարարին զրոյցը, այլ հարցերու շարքին, ընդգրկեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Այս ծիրին մէջ Յունաստանի կառավարութեան անունով նախարարը գնահատեց վեհափառ հայրապետին եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եազիժի պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը...

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն  Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով  Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը

Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 42 տարի առաջ իրենց եսը մոռցած եւ իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը ազգին ու Հայ դատին նուիրաբերած հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնցմէ մեզի հասած պատգամը միշտ հնչող պիտի մնայ, իսկ անոնց վեհ նուիրումն ու հայութեան բագինին զոհաբերութիւնը անմար ջահի նման պիտի շարունակէ լուսաւորել յաջորդ սերունդներուն ուղին: ՀՅԴ...

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Կ՛անցընեն 45 Մանուկներ Եւ Պատանիներ

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Կ՛անցընեն 45 Մանուկներ Եւ Պատանիներ

Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ կիրակի, 20 յուլիս 2025-ին Այնճարի մէջ, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի յարկին տակ: Բոլորին ծանօթ է, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ գլխաւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայ մանուկները, իսկ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը կը միտի` ամրան հաճելի պահեր պարգեւել լիբանանահայ մանուկներու եւ...

Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Աշակերտութեան Զարգացման Մրցում

Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Աշակերտութեան Զարգացման Մրցում

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը հայ ժողովուրդին համար հաւատքի, նուիրումի եւ անձնազոհութեան խորհրդանիշ է: Հաւատալով, որ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը ոգեշնչման աղբիւր են երիտասարդ սերունդին համար եւ հիանալի առիթ` աշակերտներուն խորապէս ծանօթացնելու անոր ժառանգութեան, շաբաթ, 12 յուլիս 2025-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ կազմակերպեց միջդպրոցական զարգացման մրցում` ի պատիւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման:...

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Գիւղաւանի Երկինքի Տակ

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Գիւղաւանի Երկինքի Տակ

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Անցնող 13 տարիներու աւանդութեան վերածուած գրական երեկոները այս տարի եւս կը շարունակուին Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին մէջ: Այս տարուան առաջին հանդիպումը, որ շարքին 43-րդն է, տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 յուլիս 2025-ի երեկոյեան, որուն նիւթն էր հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութիւնը: Օրուան բանախօսն էր երաժշտագէտ, խմբավար, շուիահար ու տուտուկահար Զաքար Քէշիշեան: Մշակութասէր ունկնդիրները յաճախ 20-30 հոգի կ՛ըլլան: Զաքար Քէշիշեանի 7-րդ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պատուիրակութեամբ  Այցելութիւն Տուաւ Անտիոքի Յոյն  Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պատուիրակութեամբ Այցելութիւն Տուաւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին

Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուին Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին, Պալամանտի պատրիարքարանին մէջ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը նախ դատապարտեց քանի մը շաբաթ առաջ Դամասկոսի յոյն ուղղափառ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրը եւ այս տխուր առիթով իր ցաւակցութիւնը յայտնեց պատրիարքին ու նահատակներու ընտանիքներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս...

«Սիրտ Եւ Օճախ» Համայնքային Խոհանոցը` «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին Նոր Նախաձեռնութիւնը

«Սիրտ Եւ Օճախ» Համայնքային Խոհանոցը` «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին Նոր Նախաձեռնութիւնը

Երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Սիրտ եւ օճախ» համայնքային խոհանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Արարողութիւնը սկսաւ վերանորոգուած խոհանոցային բաժանմունքի օրհնութեամբ, զոր կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Օրհնութենէն ետք հիւրերը հաւաքուեցան մեծ սրահին մէջ, ուր «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի բաժնի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համայնքային խոհանոցի...

Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին Կողմէ Եղբայրական Գործակցութեան Նամակ՝ Ուղղուած ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին Կողմէ Եղբայրական Գործակցութեան Նամակ՝ Ուղղուած ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած անձնական նամակով, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը առաջին հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնած է, որ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երկու սրբազան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուած է իր գահակալութեան առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, եւ այս առիթով սրբազան հայրերը իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնած...

Ռուս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Քիրիլ Պատրիարքը Կը Շնորհաւորէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 30 Ամեակը

Ռուս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Քիրիլ Պատրիարքը Կը Շնորհաւորէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 30 Ամեակը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած յատուկ նամակով, ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին առիթով: Եղբայրական ջերմ սիրով գրուած նամակին մէջ Քիրիլ Պատրիարք անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին իրագործումներուն՝ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով ընդգծեց Հայրապետին ղեկավարութեամբ յառաջ տարուած միջ-եկեղեցական աշխատանքները, որոնք Նորին Սրբութիւնը դարձուցին սիրելի ու...

Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը  ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Պիտի Փոխանցէ  «Լոնտոնի Առնչակից Բաժանմունքին»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Պելճիքայի Խորհրդարանին Կողմէ Արցախի Մասին Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Առնու Փաուելզին նամակ մը յղելով ողջունեց 18 յուլիսին Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը: Հայ դատի մարմինը նշեց. «Կազի որեւէ քանակ կամ հարստութիւն չի կրնար մաքրել մարդկութեան դէմ  յանցագործութիւնները կամ արդարութեան համար պայքարողները լռեցնել»: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը պելճիքական...

Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամէի «Լիբանանը Կեդրոն Ինքնութեան Եւ Շրջանի Կերպարանափոխութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամէի «Լիբանանը Կեդրոն Ինքնութեան Եւ Շրջանի Կերպարանափոխութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ յատուկ դասախօսութիւն մը տուաւ 26 յունիս 2025-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` «Լիբանանը` ինքնութիւն եւ շրջանային կերպարանափոխութիւն» խորագիրով: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ կողմէ 2025-2026 տարուան ընթացքին կազմակերպուած գործունէութիւններուն, որոնք կը կրեն «Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» բնաբանը: Ղ. Սալամէ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական...

Վեհափառ Հայրապետին Եւ Յունաստանի  Պաշտպանութեան Նախարարին Միջեւ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Վեհափառ Հայրապետին Եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Շաբաթ, 19 յուլիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս: Վերջինս քանի մը ժամուան այցելութեամբ Լիբանան եկած էր` աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու նախագահին, վարչապետին ու պաշտպանութեան նախարարին հետ: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ ծաւալող գործակցութեան համար, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ: Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիս առաջ, Յունաստան կատարած...

ՀՄԸՄ-ի Աւելի Քան 600 Սկաուտներ Այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

ՀՄԸՄ-ի Աւելի Քան 600 Սկաուտներ Այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 17 յուլիս 2025-ի յետմիջօրէին Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան աւելի քան 600 սկաուտներ` արի ու արենուշներ, երէցներ ու պարմանուհիներ, այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք եւ ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Յիշեալ այցելութիւնը  մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած միջցամաքամասային բանակումի ծրագիրին: ՀՄԸՄ-ի անունով խօսք առնելով` ընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան վեհափառ հայրապետին ներկայացուց բանակումի ծրագիրին ու նպատակին...

«Ազդակ»-ի 79-րդ Առցանց Լսարան.    «Ռուսիան Միջնորդ Ուղի Էր Եւրոպական Միտքի Հայաստան Թափանցումին» Դոկտ. Համօ Սուքիասեան

«Ազդակ»-ի 79-րդ Առցանց Լսարան. «Ռուսիան Միջնորդ Ուղի Էր Եւրոպական Միտքի Հայաստան Թափանցումին» Դոկտ. Համօ Սուքիասեան

«Ազդակ»-ի 79-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 17 յուլիս 2025-ին, Պէյրութի ժամով 18:00-ին: Դասախօսն էր պատմաբան դոկտ. Համօ Սուքիասեան, նիւթ` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ եւրոպական միտքը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ ներկայացուց նախահանրապետութեան ժամանակաշրջանը, յեղափոխական գործիչներու բարձրագոյն ուսման միջավայրերը: Շեշտեց, որ այդ օրերու Ռուսիան եւս եւրոպական մշակոյթին, մտածողութեան եւ արժէքներուն մօտ երկիր էր, հետեւաբար...

Page 31 of 364 1 … 30 31 32 … 364

Արխիւներ