Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասական Երգի Երեկոյ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

September 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ օգոստոս 30-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Զմմառու վանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգի երեկոյ, որ նախաձեռնութիւնն էր Զմմառու մայրավանքի վարչական հայրերուն:

Համերգային ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` հայ եւ աշխարհահռչակ դասականներու` Շուպերթի, Ճորտանոյի, Փուչչինիի, Վերտիի եւ այլոց,  ինչպէս նաեւ Կանաչեանի եւ Տիգրանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները:

Ելոյթ ունեցան Հայաստանէն ժամանած սոփրանօ Մերի Մովսիսեանը եւ Լիբանանէն թենոր Ճոնի Կէօքճեանը:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Մարալ Հարպոյեանի բացման խօսքով: Ան ընդհանուր ակնարկ մը ընելէ ետք երաժշտութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան մասին, հրաւիրեց բոլոր ներկաները` մուտք գործելու Մալոյեանի աշխարհ, ուր մշակոյթն ու հոգեւոր դաստիարակութիւնը, հոգեւոր կոչման զուգահեռ, վառ պահած է իր կեանքին եւ գործունէութեան մէջ: Ընթացքին Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սան Փոլ Էմիշեան կարդաց սուրբին խօսքերէն փունջ մը: Իսկ  Վարդան վրդ. Ճալլուֆեան արաբերէնով տեղացի հանդիսատեսին հակիրճ ամփոփեց սուրբ Մալոյեանի կեանքի ազդեցիկ դրուագները: Ապա Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբի անդամներէն քանի մը երիտասարդներ երգեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած «Բազմաչարչար նահատակ» հոգեւոր երգը:

Ձեռնարկի աւարտին իր խօսքը արտասանեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան, որ բարձր գնահատեց ձեռնարկը կազմակերպողներն ու երգիչները, որոնք իրենց անզուգական, թովիչ եւ դիւթիչ ձայնով լիբանանահայ հանրութեան հրամցուցին բարձրորակ արուեստ: Ան Զմմառու մայրավանքի զանգերու ղօղանջներու ներքեւ բացագանչելով կոչ ուղղեց հայ հանրութեան` նոր սկիզբի մը, որ ըլլայ Սարդարապատի զանգերուն հետ միասին դէպի նոր յաղթական երթի: Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեան անդրադարձաւ նոր սերունդի ճիշդ դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութեան, որպէսզի հայ ազգի ապագայի պատմութեան էջերուն մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրուին այդ յաղթանակները:

Մեծաւոր հօր «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ երեկոն:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (6 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Կը Գերանցե՞նք Ազգի Ներկայի Լեղին

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.