Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակումի Բացում

Օգոստոս 25, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 24 օգոստոս 2025-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները ուղղուեցան Այնճար: Առաջին հերթին, ԼԵՄ-ականները մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած, արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 32-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ տեղի ունեցաւ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Ապա, ԼԵՄ-ականները ուղղուեցան ԼԵՄ-ի բանակավայր, ուր բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120 ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի Բազէ» բանակումին:

Բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գէորգ Եագուպեան: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ իր երթը իբրեւ դաստիարակչական ազդու միաւոր, որուն դաստիարակչական ծրագիրը կը կատարելագործուի բանակումին ընթացքին: Անդրադառնալով բանակումի թեմային, Եագուպեան հաստատեց, որ Քրիստափոր Միքայէլեանի գաղափարներով եւ մտքերով պիտի առաջնորդուին բոլոր սերունդները, որ կը ձգտին հայրենիքին ու ազգին ծառայելու: Արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի մասին խօսելով, Եագուպեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան համոզուած էր, որ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», միաժամանակ գիտակցելով, որ զէնքը առանց գաղափարի ու բարոյականի` ոճիրի գործիք է միայն, շեշտելով, որ ՀՅԴ-ի երթը եւ յեղափոխականութիւնը կը մնան ամրագրուած ազգային-բարոյական շահերուն, նպատակներուն եւ տեսլականին վրայ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Պարրաքի Փաստաթուղթին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասենք»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (25 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?