Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Եւս Է «Մարմարա»-ի Վաստակաշատ Խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան

September 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խոր ցաւով իմացանք, որ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի երկարամեայ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան կնքած է իր մահկանացուն:

Ռոպէր Հատտէճեան ծնած է 1926-ին, Պոլիս, ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը` տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ:

Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող` կը սկսի գրել, առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական մամուլին մէջ:

Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ` իբրեւ ներկայացուցիչ:

Սակայն 1949 թուականին հրատարակուած իր առաջին գործը թատրերգութիւն է: Առատ արտադրող` անկէ ետք փոխնիփոխ լոյս կ՛ընծայէ պատմուածքներու ժողովածոներ եւ քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր: Բոլորն ալ, մտածողական խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու իրապաշտ լարումով, կը պատկերացնեն մեր ժամանակակից աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները:

«Սան» ու «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ կը գրէ պատմուածքներ եւ յօդուածներ:

1967-ին կը ստանձնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը ու կը դառնայ անոր բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ: Կ՛ունենայ հրապարակագրական պատկառելի վաստակ:

1981-ին «Մարմարա» թերթին մէջ կը սկսի հրատարակել իր առօրեայ յօդուածները «Յուշատետր» անուան տակ:

1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ-գործոցներէն «Առաստաղ» վէպը:

Մայիս 2007-ին Պոլսոյ եւ Հայաստանի մէջ մեծ հանդիսnւթիւններnվ կը նշnւի Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան nւթսnւնամեակը:

«Ազդակ» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ մամուլի մեծ գործիչին ընտանեկան պարագաներուն եւ «Մարմարա»-ի խմբագրութեան: Ռոպէր Հատտէճեանի վաստակին կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:

Նախորդը

Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպում

Յաջորդը

Ակնարկ. Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.