«Շնորհալի» Երգչախումբին Ազդեցիկ Համերգը
Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, շաբաթ 13 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին համերգը, որ տպաւորիչ էր իր թեմայով եւ կատարողական բարձր արուեստով: Երգչախումբը ներկայացուց Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» եւ «Դաւիթ բեկ» օփերաներէն հատուածներ, խմբավարութեամբ` Գարեգին վրդ. Շխրտմեանի: Դաշնակի վրայ խումբին կ՛ընկերակցէր Մարիա Փալազեան: Յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ...




















