Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

20-ամեայ Ճամբայ Կտրած «Կարկաչ»-ի Յաղթական Համերգը

Մայիս 8, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբի հիմնադրութեան 20-ամեակի համերգը կայացաւ շաբաթ, 6 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի: Համերգը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ: Բազմաթիւ հիւրերու եւ մշակութասէր հանդիսականներու կողքին ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ «Կարկաչ» երգչախումբի իրերայաջորդ նախկին վարչութիւններէն անդամներ եւ նախկին կարկաչականներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սթեֆանի Պալթայեան: Ան ըսաւ, որ անցնող 20 տարիներուն երգչախումբը կարեւոր ներդրում ունեցած է նոր սերունդի երաժշտական դաստիարակութեան մարզին մէջ` պատրաստելով եւ ներկայացնելով 30 համերգներ: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ»-ի տարազով առնուազն մէկ անգամ բեմ բարձրացած են 800 պատանիներ, յատկապէս «Կարկաչ»-ի եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին համար ծնած են շուրջ 100 նոր երգեր: Տարեկան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգներուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ձեռնարկներու ժամանակ երգչախումբը կատարած է մօտաւորապէս 600-ի հասնող երգեր եւ ելոյթներ տուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի մէջ: Միշտ հրաւիրուած է մասնակցելու «Պէյրութ Չենց» փառատօնին եւ Լիբանանի միջազգային երգչախմբային փառատօնին` դառնալով Լիբանանի օտար երաժշտական շրջանակներուն մէջ ալ հայութիւնը ներկայացնող երգչախումբ: Իր խօսքի աւարտին Պալթայեան նշեց, որ 20-ամեայ աշխատանքը իրականացած է շնորհիւ մշակութային գործին ու առաքելութեան հաւատացող համազգայնականներուն, բարեկամներուն, բարերարներուն, ծնողներուն, դաշնակահարներուն եւ հիմնադիր գեղարուեստական խմբավար, ղեկավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին: 20 տարի անընդմէջ «Կարկաչ»-ը մնացած է եւ պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ:

Յայտագիրի առաջին բաժինով պատանեկան երգչախումբը ներկայացուց «Ծիլն արեւի», «Պէյրութ», «Միլի եա ժաննաթ պլատի», «Ելէք հայեր ելէք քաջեր»,  եւ «Բարձրիկ Շուշի» երգերը: Յայտագիրի երկրորդ մասով հանդէս եկաւ մանկական երգչախումբը եւ ներկայացուց «Ծնկըլը-մնկըլը», «Թզուկների երգը», «Գճուճն ու ճուտը», «Կատուն կաթնատանը», «Ճանճը կարագում», «Խոզուկին գանգատը», «Կենդանիներու ժողովը», իսկ երրորդ բաժինով պատանեկան երգչախումբը ներկայացուց «Ծաղրածու եւ ծաղրաձու», «Գիտունիկ եւ քիթունիկ», «Խրտուիլակը այգում», «Իմ ուսուցիչ», «Ապրիլ կրկին», «Հայկական ժողովրդական երգեր», ապա մանկական երգչախումբը միացաւ պատանեկանին եւ միասնաբար կատարեցին «Կարկաչ» երգը: Իւրաքանչիւր երգի ընթացքին ներկաները պաստառներու վրայ դիտեցին երգի առաջին կատարումներէն փոքրիկ հատուած մը` ունենալու համար յիշողութեան գեղեցիկ պահ մը:

Ձեռնարկի ընթացքին ծաղկեփունջով պատւուեցան «Կարկաչ»-ի դաշնակահարներէն Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, Կամիլիա Երկանեան-Քէշիշեան, Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան, Արեգ Տաղլեան եւ Լիանա Յարութիւնեան:

Այնուհետեւ Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, ապա ըսաւ, որ  շքանշանը կը պատկանի նաեւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին, «Կարկաչ»-ի փոքրիկներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար կանգնած են ու կը կանգնին մշակոյթի գործին:

Ձեռնարկի ընթացքին Զաքար Քէշիշեան  խորին շնորհակալութիւն յայտնեց «Էսեմպլի Հոլ»-ի վարչութեան, ապա յուշանուէր մը յանձնեց վարչութեան ներկայացուցիչին. վերջինս իր կարգին ծաղկեպսակով մը շնորհաւորեց Զաքար Քէշիշեանը, որմէ ետք Սթեֆանի Պալթայեան կարդաց Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանի շնորհաւորական ուղերձը Լիբանանի «Կարկաչ» եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբերու հիմնադիր ու խմբավար Զաքար Քէշիշեանին:

Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին, ապա սփիւռքի նախարարի հրամանով անոր յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան Կոմիտասի անուան մետալը:

Խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գեղեցիկ երեկոյթին համար սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք կարկաչելով մշակութային գեղեցիկ երեկոյթ մը պարգեւեցին, ապա մաղթեց, որ լիբանանահայ համայնքի բոլոր մանուկները եւս արուեստի ճամբով մեր ազգին եւ երաժշտութեան մօտենալու առիթ ունենան: Ան շնորհաւորեց նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, որ իր անուան վայել դերակատարութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ այս երգչախումբերը կը պահէ, որ մեր ժողովուրդը առաւել մօտենայ մեր մշակոյթին եւ հարուստ ու հպարտ զգայ շարունակաբար: Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանը իր կատարած հսկայ ու գովելի աշխատանքին համար:

Այնուհետեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց «Կարկաչ»-ի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը:

«Կարկաչ»-ի 20-ամեայ համերգը եզրափակուեցաւ  աւանդութիւն դարձած «Երազ իմ երկիր» երգով, որուն կատարման ընթացքին ներկաները մեծ յուզմունքով դիտեցին նաեւ Շուշիի մէջ «Վարանդա» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերուն միացեալ հանդիպումը:

Պէտք է ըսել, որ շուրջ երկու ժամ «Կարկաչ» երգչախումբը իր բարձրորակ կատարումներով հմայեց ու ոգեշնչեց հանդիսատեսը: Ոչինչ կը գերազանցէր բեմին վրայ տեսնել հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն հայ երգի բարձրարուեստ ու խանդավառ կատարումները:

Երկար հնչեցին ծափահարութիւնները եւ ապրիքները… Բեմին վրայ յաղթական կանգնած էր 20-ամեայ ճամբայ կտրած «Կարկաչ»-ը` իր խմբավար Զաքար Քէշիշեանին հետ:

 

Նախորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք` Ազգային Ռուբինեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Շուշիի Ազատագրութեան 25-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?