Գաղութային

Կիպրահայութեան Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան Այցելեց «Ազդակ»

Կիպրահայութեան Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան Այցելեց «Ազդակ»

Շաբաթ առտու «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ, կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան եւ իր կինը` Մակի Մահտէսեան: Զրոյցը կը վերաբերէր կիպրահայութեան վերաբերող տարբեր մարզերու գործունէութեան, պետութեան մէջ հայկական համայնքի ունեցած դերին, Կիպրոսի ներկայացուցած կարեւորութեան շրջանին մէջ թէ՛ իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ, թէ՛ աշխարհագրականօրէն միջինարեւելեան երկիրներուն մօտ ըլլալու հանգամանքով: Վարդգէս Մահտէսեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը սփիւռքահայ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Կոչը` Նահատակաց Տօնին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Կոչը` Նահատակաց Տօնին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն ուղղուած բաց նամակով մը պահանջեց վերահաստատել Նահատակաց տօնին` մայիս 6-ի խորհուրդը: Նամակին մէջ գրուած է. Լիբանանեան կեանքի ողբերգութիւնը բաւական մեծ է` չի սահմանափակուիր էջով մը կամ գիրքով մը, Համաշխարհային Ա. պատերազմը բռնկեցաւ եւ հնձեց անմեղներու կեանքեր.. Բարձրացուեցան կախաղաններ, ուր կախուեցան երկրին հերոսները` մտաւորականներ, գիտնականներ, լրագրողներ, հոգեւորականներ, առանց խտրականութեան... Լիբանանցիները սովահար դարձան`  ստիպուեցան...

Վրիժառու Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացում

Վրիժառու Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացում

Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ, ուրբաթ, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին բացումը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անունով արաբերէն լեզուով խօսք առաւ Մանօ Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ, որ Սողոմոն Թեհլիրեան եղած է այն ֆետայիներէն, որոնք իրենց ուսերուն առին իրենց ղեկավարներուն որոշումի գործադրութիւնը` պատժել բոլոր անոնք, որոնք մտադրեցին, ծրագրեցին...

Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. Աղօթեցէ՛ք Ինծի Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. Աղօթեցէ՛ք Ինծի Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` ուրբաթ, 5 մայիս 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ անուանի լրագրող, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Մասիս» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. աղօթեցէ՛ք ինծի համար» գիրքին շնորհահանդէսը: Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց...

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Կազմակերպութեամբ` Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն Մէջ» Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Կազմակերպութեամբ` Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն Մէջ» Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

  Հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ուրբաթ, 5 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Հիլթոն-Հապթուր Կրանտ» պանդոկին մէջ, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը ներկայացուց գրող եւ ուսումնասիրող Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն մէջ» խորագիրը կրող  երկու հաստափոր հատորները, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխանները` 1922-էն, այսինքն հիմնումէն մինչեւ 2017 թուական: Զոյգ հատորները ներկայացուց նախկին նախարար Քարիմ Բագրատունի: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր...

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի Ցուցահանդէսին

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի Ցուցահանդէսին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն հովանաւորութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ հիւրերու: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան անունով ողջունեց բոլոր ներկաները արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացման առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հիւրընկալութեան եւ Իտալիոյ...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը Կը Ստանձնէ Իր Պաշտօնը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը Կը Ստանձնէ Իր Պաշտօնը

3 մայիս 2017-ին Իզապել Մոթա իր նոր պաշտօնը ստանձնեց իբրեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար` յաջորդելով Արթուր Սանթոս Սիլվային, որ այդ պաշտօնը վարած էր 2012-2017 ժամանակաշրջանին: Իզապել Մոթա հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ է 1999-էն ի վեր. Նախագահ ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ` անցեալ 7 դեկտեմբերին տեղի ունեցած լիագումար ժողովին: Մոթա ծնած է Լիզպոն, 1951-ին, եւ Լիզպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է` տնտեսագէտի...

Երաժշտական Համերգ` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով

Երաժշտական Համերգ` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով երէկ` 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի երաժշտութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երաժշտական տպաւորիչ համերգ: Յովհաննէս Քարախանեան ջութակի, Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան դաշնակի, Հրաչ Իսահակեան սրինգի եւ Նայիրի Ղազարեան թաւջութակի վրայ մեկնաբանեցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն: Չորս երաժիշտները մեծ վարպետութեամբ եւ տպաւորիչ կերպով հայկական շունչով լեցուցին սրահը` երաժշտասէրներուն պարգեւելով բարձրորակ երաժշտութիւն ըմբոշխնելու...

Ասորի Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Բաժանմունքի Ներկայացուցիչները Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ասորի Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Բաժանմունքի Ներկայացուցիչները Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանք այցելեցին ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ երիտասարդական բաժանմունքի ներկայացուցիչները: Անոնք հանդիպում ունեցան կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Նշան վրդ. Լախոյեանի հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ երկու քոյր եկեղեցիներու երիտասարդական բաժանմունքներու վարիչ հայր սուրբերը ծանօթանան երիտասարդութեան գծով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ տարած աշխատանքներուն: Շուրջ ժամ մը տեւած այս հանդիպման աւարտին, այցելուները ծանօթացան մայրավանքիս ներքին կառոյցներուն եւ այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարան:

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի ապրիլի 12-ի թիւ 328-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի  քաղաքացիութիւն 17076, 17174, 16994, 16993, 17111, 16901, 17082, 17144, 17041, 16983, 16902, 17025, 16906, 16889, 17066, 17029, 17129, 17172, 16936, 16938, 17140, 17009, 16990, 16833, 17061, 16820, 16824, 16823, 16825, 16992, 17073, 17060, 16942, 16972, 16943, 16912,...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին.  Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին. Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրութեան 125-ամեակին եւ անոր վախճանման 110-ամեակին առիթով: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան ժողովրդային եւ մտաւորական դէմքերու վկայակոչութիւններ Խրիմեան Հայրիկի մասին: Տեսերիզը պատրաստուած էր...

Լիբանանեան Խորհրդարանին Մէջ Հայ Երեսփոխաններու Գործունէութեան Մասին Երկհատորի Հեղինակ Ռուբէն Աւշարեան Այցելեց «Ազդակ»

Լիբանանեան Խորհրդարանին Մէջ Հայ Երեսփոխաններու Գործունէութեան Մասին Երկհատորի Հեղինակ Ռուբէն Աւշարեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց «Լիբանանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխանները` ատենագրութեանց ընդմէջէն» խորագրեալ երկհատոր անգլերէն աշխատասիրութեան հեղինակ Ռուբէն Աւշարեանը, որուն կ՛ընկերակցէր «Կամար» թերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանը: Աւշարեան տարիներու վրայ երկարող աշխատանք կատարած է, ուսումնասիրած Լիբանանի խորհրդարանի արխիւները եւ խմբագրած երկու հատոր, որոնք թուականներով կը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանի մաս կազմած բոլոր հայ երեսփոխաններու ելոյթները: Խօսակցութեան ընթացքին յատուկ կեդրոնացուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի կայացուցած երկու որոշումներուն վրայ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար` մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Սուրբ Ծնունդի առիթով Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի կոչ ուղղած էր եւ այս գծով պարզած էր...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով .  Լիբանանեան Քանատական Համալսարանին Կազմակերպութեամբ Ծաղկեպսակի Զետեղում` Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարանին Եւ Պաշտօնական Ոգեկոչում

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով . Լիբանանեան Քանատական Համալսարանին Կազմակերպութեամբ Ծաղկեպսակի Զետեղում` Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարանին Եւ Պաշտօնական Ոգեկոչում

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Լիբանանեան քանատական համալսարանը նախաձեռնեց ոգեկոչման ձեռնարկի մը, որուն շրջագիծին մէջ հայկական դպրոցներու աշակերտներ հրաւիրուեցան Այնթուրայի դպրոցը, որուն շրջափակին մէջ գտնուող հայ որբերու յատուկ դամբարանին զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան Այնթուրայի հայ որբերուն մասին պատմական տուեալներ` Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցի պատմութեան դասատու Շարլ Հայեքի կողմէ: Հայեք աշակերտներուն ծանօթացուց այս առիթով համալսարան հրաւիրուած ծերունիի մը` Մոալլեմ Տումեթ,...

Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ

Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 1:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հաւաքին ներկայ էին նաեւ յիշեալ վարժարաններուն եւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնները, կրթական պատասխանատուներ եւ ուսուցիչներ:...

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին.  «Հայ Կնոջ Դերին Ծիրն Ու Հզօրացումը»  Ընդհանուր Խորագիրով Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին. «Հայ Կնոջ Դերին Ծիրն Ու Հզօրացումը» Ընդհանուր Խորագիրով Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին  շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, «Հայ կնոջ դերին ծիրն ու հզօրացումը» նիւթով խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Հայկազեան համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ, դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները` նշելով խորհրդաժողովի օրակարգը: «Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ հայ կնոջ համար, հետեւաբար պատահական չէ, որ այսօրուան ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն...

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էին կաթողիկէ հայոց Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս...

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէն Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէն Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զահլէի «Քատիրի» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ եւ Էլի Մարունի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի ներկայացուցիչ` նախկին նախարար Կապի Լայեուն, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ներկայացուցիչ` Աշոտ Բագրատունի, նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի, նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն եւ...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան .  Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան . Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ գիշեր ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի հռոմէական գլխաւոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին: Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ ՀՅԴ Ժիպէյլի ակումբէն սկիզբ առած քայլարշաւով մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզին կողմէ: Հսկայ Եռագոյնը, ջահերը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիան դատապարտող, հատուցում պահանջող եւ պահանջատէրի ուխտը վերանորոգող գրութեամբ ցուցանակները կրող ՀՅԴ «Ա. Ջամալեան»...

«Պզտիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Յաջողութեամբ Իրականացաւ

«Պզտիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Յաջողութեամբ Իրականացաւ

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Պզտիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: Հայկական 17 վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան...

Page 265 of 365 1 … 264 265 266 … 365

Արխիւներ