Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 7 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռաուտայի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Սեւան Պասմաճեան: Ան ըսաւ, որ 8-9 մայիս 1992-ը պատմական նշանակալի թուական մը դարձաւ, երբ Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն սխրանքով` աւելցնելով, որ Շուշիի ազատագրութիւնը կարեւոր էր ռազմավարական առումով` նախ վերջ դնելու ազրպէյճանական վայրագ յարձակումներուն, ապա վերականգնելու հայկական հողերուն վրայ հայերուն ազատ ապրելու իրաւունքը եւ ամրապնդելու սահմանային շրջաններու ապահովութիւնը: Սեւան Պասմաճեան հաստատեց, որ սոյն հաւաքը կազմակերպուած է ո՛չ միայն նշելու յաղթանակը, այլեւ շարունակելու մեր պայքարը եւ լուսաւորելու մեր մէջ պահանջատիրութեան ոգին, մինչեւ որ հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վազգէն Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ շնորհիւ մեր ազատամարտիկներուն հզօր կամքին ու քաջաբար կռուելուն, 25 տարի առաջ Շուշիի ազատագրումը ամբողջ հայ ժողովուրդին ներկան եւ ապագան կերտող իրադարձութիւն մը եղաւ: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը, ապաւինելով իր ռազմագէտ, քաջ եւ խելացի հրամանատարներուն, եւ գիտակցելով պահու լրջութեան, հակառակ Արցախի ապրած դժուար պայմաններուն, որոշեց վերադարձնել Արցախի բերդաքաղաք Շուշի. համայն հայութիւնը այս օրը կը նշէ իբրեւ յաղթանակի օր: Վազգէն Յակոբեան հաստատեց, որ շրջանի կոմիտէն կը նախաձեռնէ նման ձեռնարկներ, որովհետեւ քաջ կը հաւատայ, որ իրերայաջորդ սերունդներ կրնան հայ մնալ ու դաստիարակուիլ, երբ ծանօթ ըլլան իրենց հերոսական պատմութեան եւ արժանապատիւ հերոսներու քաջագործութիւններուն` աւելցնելով, որ 25 տարի առաջ կամ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց արիւնը նուիրած 20-ամեայ երիտասարդ զինուորներուն օրինակը բաւարար է հաստատելու, որ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք` հայութեան ծոցէն պիտի ծնին նոր հերոսներ:
Այնուհետեւ Դրօ Միրզայեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» քերթուածը, իսկ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տհոլահարներու խումբը նուագեց երաժշտական կտոր մը:
Օրուան բանախօսն էր Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ շղթայազերծուած բոլոր հալածանքները նպատակ ունեցած են կտրատել ու տկարացնել մեզ, Մեծն Տիգրանի օրերէն մինչեւ Վարդանանց պատերազմ, Մեծ եղեռն ու Սարդարապատի ճակատամարտ` աւելցնելով, որ մենք ազգովին պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք ելեւէջներով յատկանշուած շարունակական ու անհատնում գոյամարտ: «Ուզեցին քանդել եւ յաջողեցան քանդել մեր բիւրաւոր եկեղեցիները, բայց ոչ մէկ ատեն կրցան քանդել քրիստոնէական հաւատքը մեր հոգիներուն մէջ: Ուզեցին աւերել եւ աւերեցին մեր երկիրը, բայց մեր ձգտումներուն մէջ չկրցան հրկիզել շինարար հայու ոգին ու ճիգը: Ուզեցին թալանել մեր կալուածները եւ կողոպտեցին մեր հարստութիւնները: Փորձեցին թշուառացնել ու աղքատացնել մեզ, բայց իրենք առյաւէտ մնացին աղքատ, թշուառ եւ աւազակ», ըսաւ Խոշեան` հաստատելով, որ ոչ մէկ ուժ եւ ոչ մէկ պետութիւն յաջողեցաւ խափանել մեր ապրելու եւ յաղթանակ կերտելու հզօր կամքն ու մարմաջը: Մենք գոյատեւեցինք, որովհետեւ գիտենք դէպքերու հոլովոյթը ուղիղ ձեւով ընկալել եւ որեւէ պարագայի տուեալ դէպքին նայիլ համապատասխան եղանակով ու կշռոյթով:
Շարունակելով իր խօսքը` Խոշեան նկատել տուաւ, որ մեր ազգային իրականութեան մէջ համաժողովրդային կերպարանք ստացաւ Արցախն ու գրաւուած բոլոր տարածքները ազատագրելու գաղափարը, որ հանդիսացաւ մեր բոլոր հարցերուն հիմնահարցը, եւ որոշեցինք մեր հայրենական սրբազան հողերը ամէն գնով պաշտպանել` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդի ընտրանին յանձն առաւ երթալ Արցախ եւ թշնամիին դէմ պատուաբեր ու հերոսավայել կերպով մարտնչելու ճամբով մարտիրոսացաւ: Բանախօսը շեշտեց, որ պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր գոյութեան միջնաբերդը հանդիսացող Ղարաբաղը` մեր կեանքով, արեամբ ու հաւատքով, պիտի շարունակենք զոհել մեր թանկագինն ու արժէքաւորը` մեր կեանքը, պահպանելու համար աւելի թանկագինն ու սրբազանը` հայու պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Խոշեան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ գաղութը ունի պատմական ու ազգային մեծ նշանակութիւն եւ անոր հայեցի դիմագիծը անաղարտ պահպանելը անհրաժեշտութիւն է եւ հրամայական ե՛ւ մեզի, ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ան կոչ ուղղեց ապստամբելու` մեր իղձերն ու փափաքները իրականացնելու կամքով, յոռի երեւոյթները սրբագրելու ցանկութեամբ, վերադառնալու մեր խիղճին, վերականգնելու մեր անկեղծութիւնը, վերահաստատելու մեր արժանապատուութիւնը, վերականգնելու մեր փառքը: «Շուշիի ազատագրման 25-ամեակը լրացաւ, բայց տակաւին պատերազմը չէ աւարտած: Մենք մեր հաւաքական ուժերու լարումով պիտի շարունակենք պահպանել Արցախի հողային ամբողջականութիւնը եւ յաւերժօրէն պիտի յիշենք ու անմահացնենք մեր հերոսները», եզրափակեց Վարդգէս Խոշեան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պարախումբը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ելոյթ ունենալով կարեւոր նկատեց ձեռնարկին բնոյթը` բացատրելով, որ 2016-ին նշուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի անկախացման 25-ամեակները, իսկ այս տարի` Շուշիի ազատագրման 25-ամեակը, եւ երեքն ալ սերտօրէն իրար շաղկապուած իրադարձութիւններ են, որովհետեւ անկախութեան հռչակումէն ետք ռազմադաշտին վրայ ձեռք բերած մեր յաղթանակները ծառայեցին այդ անկախութեան ամրապնդման եւ մեր երկու պետականութիւններու կայացման: Դեսպանը հաստատեց, որ Շուշին հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին միշտ ունեցած է խորհրդանշական տեղ` աւելցնելով, որ 17-րդ դարուն ան եղած է կրթական-մշակութային հարուստ կեդրոն եւ իր բնակչութեամբ հանդիսացած Կովկասի երկրորդ քաղաքը` Թիֆլիսէն ետք, սակայն մեզ շրջապատող թշնամիները միշտ փորձած են իրենց տիրապետութիւնը հաստատել Շուշիի վրայ` սկսեալ 1920 թուականէն երբ թուրք-ազրպէյճանական զօրքերը Շուշիի մէջ ջարդ կազմակերպեցին` հասնելով ղարաբաղեան կռիւներուն, որոնց ընթացքին ուզեցին Շուշին բնակեցնել ազրպէյճանցիներով: Դեսպանը ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրումէն ետք, այսինքն` 25 տարիէ ի վեր զայն վերականգնելու փորձեր կը կատարուին, վերադարձնելու համար իր նախկին համբաւին` իբրեւ կրթական-մշակութային կեդրոն եւ կոչ ուղղեց բոլորին այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանելու: «Շուշիի ազատագրումը հայ ժողովուրդի վերջին շրջանի պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներէն է, սակայն մենք իրաւունք չունինք հանգստանալու, թուլանալու, որովհետեւ մեր պայքարը տակաւին աւարտած չէ, այլ` կը շարունակուի», եզրափակեց Սամուէլ Մկրտչեան:
Աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Տիշչէքէնեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի: