Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիպլոսի Միջազգային Փառատօնի Ծրագիրներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

May 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ին, Ժիպէյլի «Պիպլոս սիւր մեր» պանդոկի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` նուիրուած Պիպլոսի միջազգային փառատօնի ծրագիրներուն եւ գործունէութեան:  Ասուլիսին ներկայ էր զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի ներկայացուցիչ Լին Թահինա, Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, Էհմեժի քաղաքապետ Նազիհ Սըմաան, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, փառատօնի առաջին հովանաւոր «Այ. Պի. Էլ.» դրամատան ներկայացուցիչ Հապիպ Լահուտ, ինչպէս նաեւ Ղատի եւ Ուսամա Ռահպանիներ:

Մամլոյ ասուլիսը բացուած յայտարարեց Պիպլոսի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Լաթիֆա Լաքքիս, որ ողջունեց պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, հիւրերու եւ մամուլի աշխատակիցներու ներկայութինը: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Պիպլոսի փառատօները իրենց կազմակերպման առաջին իսկ օրէն կ՛աշխատին Լիբանանը իբրեւ մշակութային ու քաղաքակրթական փարոս ներկայացնել արաբական աշխարհին մէջ եւ բացուիլ արտաքին աշխարհին` հիւրընկալելով աշխարհահռչակ արուեստագէտներ եւ երգիչներ, միւս կողմէ կը քաջալերեն լիբանանեան երիտասարդ ուժերը եւ նեցուկ կը կանգնին անոնց ծրագիրներու իրականացման: Ան յայտնեց, որ փառատօնին հիմնական նպատակներէն է վերակենդանացնել Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերն ու հնավայրերը եւ մասնակցութիւն բերել երկրի տնտեսական զարգացման:

Խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան: Ան ըսաւ, որ Պիպլոսի միջազգային փառատօները միշտ ալ ձգտած են երեւան հանել Լիբանանի  գեղեցիկ պատկերը: Նախարարը դիտել տուաւ, որ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ Ժիպէյլի քաղաքապետարանի անդուլ աշխատանքներուն շնորհիւ Ժիպէյլը դարձած է շրջանի կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը` իր մշակութային, հնագիտական, զբօսաշրջական բազում գործունէութիւններուն եւ իրականացուցած ծրագիրներուն շնորհիւ: Ան ընդգծեց նաեւ Պիպլոսի միջազգային փառատօներուն բերած նպաստին կարեւորութեան բոլոր մարզերուն եւ յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ: Ան բարձր գնահատեց փառատօնի կազմակերպիչներուն տարած աշխատանքը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ծրագիրներու յաջողութեան:

Այնուհետեւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ իր խօսքին մէջ  ըսաւ, որ քաղաքապետարանը իր միասնակամ ու ամբողջական կեցուածքով եւ աշխատանքով Ժիպէյլի գեղեցիկ, քաղաքակիրթ, մշակութային ու դէպի ապագայ հայող քաղաքի պատկերը պիտի փոխադրէ աշխարհի չորս ծագերուն` յանուն Լիբանանի ուրախ եւ յուսալի վերելքին ու բարգաւաճման: Ան կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն վերադառնալու Լիբանան ու գէթ ամրան շրջանին իրենց հանգիստն ու վայելքը ապրելու իրենց հայրենիքին մէջ, որովհետեւ Լիբանան աւելի եւս կ՛արժեւորուի իր պանդուխտ զաւակներու վերադարձով:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի ներկայացուցիչ Լին Թահինէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն, որոնց տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է Ժիպէյլը տեղադրել  միջազգային իւրայատուկ փառատօներու քարտէսին վրայ: Ան ըսաւ, որ փառատօնը դրական ազդեցութիւն ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ապա մաղթեց, որ անիկա առիթ մը ըլլայ առաւելագոյն չափով արտերկրի լիբանանցիները ներգրաւելու:

Խօսք առաւ նաեւ «Այ. Պի. Էլ.» դրամատան ներկայացուցիչ Հապիպ Լահուտ: Ան յայտնեց, որ Պիպլոսի փառատօնը եւ դրամատունը ունին գործակցութեան, ընկերակցութեան եւ  փոխադարձ վստահութեան գեղեցիկ պատմութիւն մը: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս անցեալ տարիներուն տիրող քաղաքական եւ ապահովական դժուարին ու նեղ պայմաններուն մէջ քաղաքապետարանը եւ  փառատօնի կազմակերպիչները իրենց լաւագոյնը ըրած են գեղեցկացնելու եւ շէնացնելու Ժիպէյլն ու Ժիպէյլի միջոցով Լիբանանը, իսկ ներկայ խաղաղ ու առաւել կայուն կացութեան մէջ բնական է, որ հրաշալի եւ աւելի համապարփակ ծրագիրներով քաղաքը ներկայացնեն աշխարհին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ղատի Ռահպանի: Ան իր եւ եղբօր` Ուսամա Ռահպանիին անունով ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ 8-րդ տարին ըլլալով արուեստի հսկայ գործով մը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն փառատօնին: Ան յայտնեց, որ անցեալին մէջ մնացած գեղեցիկ յիշողութիւն մը պիտի վերականգնեն` ներկայացնելով «Նասրի ուա Ֆիլիմոն ֆի ալ պալ» թատերական եւ երաժշտական ներկայացումը: Ան ըսաւ, որ գործը պիտի նուիրուի լիբանանեան երգի եւ երաժշտութեան տիտաններէն Նասրի Շամսէտտինի եւ  Ֆիլիմոն Ուեհպէի մեծ արուեստին: Երկու ժամ տեւող ներկայացման ընթացքին հանդէս պիտի գան լիբանանեան եւ արաբական աշխարհէն յայտնի դերասաններ, երգիչ-երգչուհիներ, պարախումբ ու նուագախումբ:

Վերջապէս, Նաժի Պազ ներկայացուց փառատօնին յայտագիրը, մինչ ընթացքին պաստառի վրայ ներկայացուեցան փառատօնին մասնակից աստղերուն ելոյթներէն հատուածներ: 3 յուլիսին ելոյթ պիտի ունենայ Շոն Փոլ, 16 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Նասրի ուա Ֆիլիմոն ֆի ալ պալ» ներկայացումը, 19 յուլիսին ելոյթ պիտի ունենայ Ժուլիան Մարլի, 21 յուլիսին` Փաթի Օսթըն,  24 յուլիսին` Միլքի Չանս, 27 յուլիսին` Արա Մալիքեան եւ վերջապէս` Մ. Փոքորա:

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին բոլոր ներկաները հիւրընկալուեցան պանդոկի ճաշարանին մէջ` հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ:

Նախորդը

Մեր Ձայնը` Նահատակներուն Իրաւունքը

Յաջորդը

Լիբանան Տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Ջոկատը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.