Շուշիի ազատագրման 25-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին:
Մեծարգոյ պրն. Բակօ Սահակեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան,
Մայիս 8-ի` Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ, Ձեր գլխաւորած պետութիւնը, քաջարի բանակն ու Ղարաբաղի մեր ազատատենչ ժողովուրդը:
Շուշիի յաղթանակը համայն հայութեան յաղթանակն է: Շուշիի ազատագրումով մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք տէրն է իր իրաւունքներուն եւ պատմական ճակատագիրին: Շուշիի ազատագրումը նշանակալից հանգրուան մը նշեց մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին ճամբուն վրայ: Այդ պայքարը կը շարունակուի Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ ամէն օր մղուող ճակատումներով: Մեծ է մեր հաւատքը եւ ամուր է մեր կամքը համահայկական այդ պայքարը իր ամբողջական յաղթանակին հասցնելու` հզօր, անվտանգ եւ բարգաւաճ Ղարաբաղի մը կերտումով:
Ղարաբաղի հզօրացումը ազգային առաջնահերթութիւն է մեզի համար եւ Հայաստան-Ղարաբաղ-սփիւռք եռամիասնութեամբ ձեռքբերուած նուաճումները պահելն ու պահպանելը հիմնական առաջադրանք է ապագայ մեր յաղթանակներու նուաճման ճամբուն վրայ:
Այս տօնական առիթով, կը խոնարհինք յիշատակին դիմաց Ղարաբաղեան պայքարին ու յատկապէս Շուշիի ազատագրութեան կռիւներուն զոհուած բոլոր ազատամարտիկներուն, որոնք ինկան` սեփական հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու մեր ժողովուրդի իրաւունքին ի խնդիր:
Կը խոնարհինք յիշատակին դիմաց այն բոլոր նահատակներուն, որոնք անցնող 25 տարիներուն, Շուշիի նուաճումը պաշտպանելու համար ինկան` հերոսներու վայել մահով, կերտուած յաղթանակն ու խաղաղութիւնը պարտադրելու կամքով:
Կ՛ողջունենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուորները, որոնք այսօր արիաբար կը պաշտպանեն հանրապետութեան սահմանները եւ մեր մէջ վառ կը պահեն անձնազոհութեան, հայրենասիրութեան եւ խիզախութեան տրամադրութիւնները:
Ու կը հաստատենք, որ մեր նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու լաւագոյն ձեւը անոնց ուղիով ընթանալն է, սեփական ուժերուն հաւատալու եւ ապագայի հանդէպ վստահութիւն ունենալն է:
Փա՜ռք մեր հերոսներուն,
Պատի՜ւ հերոսներ ծնող մեր աննման ժողովուրդին:
Նորանոր յաղթանակներ մեր հայրենիքին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ



