Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու 2016-ի միջնակարգի պրէօվէի քննութիւններուն բարձր նիշեր ապահոված աշակերտներուն գնահատումի երեկոյ մը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Բալիկ Պալապանեան, որ ըսաւ. «Պարգեւատրուող աշակերտները իրենց տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կրցան արձանագրել գերազանց արդիւնքներ պրէօվէի պետական քննութիւններուն: Անոնք պէտք է արժանանան բոլորիս յատուկ ուշադրութեան եւ քաջալերանքին»: Ան աւելցուց, որ «ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կարեւորագոյն գործունէութիւններէն է հայապահպանումը, որ կ՛իրագործուի հայ աշակերտին հայկական վարժարան յաճախումով, ստանալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ ուսում, տիրապետելով հայոց լեզուին եւ հայոց պատմութեան»:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին նուագով ելոյթ ունեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն Սագօ Եագուպեան (շուի) եւ Արամ Տաղլեան (տհոլ), իսկ Համաստեղի «Հայու ոգին» քերթուածը ասմունքեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղէն Նարօտ Սէրուժեան եւ «Հայաստան» մասնաճիւղէն Արզնի Արսլանեան:
Օրուան պատգամաբերն էր Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան: Ողջունելով ներկաները` ան ըսաւ, որ «աշակերտ, դպրոց, ուսուցիչ եւ ծնողք քառեակին արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ միայն կարելի է հասնիլ ակադեմական գերազանցութեան»` աւելցնելով, որ «հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները մրցունակ են եւ լաւագոյն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն Լիբանանի պետական քննութիւններուն ու համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն»:
Մարտիրոսեան նաեւ ըսաւ, որ «հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, թէ կարգ մը գործօններ կը նպաստեն ակադեմական գերազանցութեան ձեռքբերման, ինչպէս` աշակերտներուն համոզումները իրենց կարողութիւններուն մասին, դպրոցի պատկանելիութեան զգացումը, ապագայի հեռանկարները եւ ինքնաղեկավարման հմտութիւնները»:
Ձեռնարկի աւարտին պարգեւատրուեցան 64 փայլուն աշակերտներ Լիբանանի հայկական զանազան վարժարաններէն, անոնք ստացան վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ զանազան գիրքեր` իբրեւ նուէր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:





