Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերմես` Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Խնամակալ Մարմինին Կազմակերպութեամբ

Մայիս 15, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալ մարմինին, շաբաթ, 13 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ընթացք առաւ միօրեայ քերմես, Պուրճ Համուտի «Վուտըն Պէյքըրի»-ի կից գտնուող քաղաքապետարանի նորակառոյց կառատան մէջ, մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ծնողական յանձնախումբին, պաշտօնէութեան եւ օժանդակ մարմիններուն:

Կառատան մէջ տեղադրուած էին կրպակներ` խաղերու, ուտելիքի եւ նուէրներու յատուկ:

Մանկապատանեկան այլազան խաղերու ստեղծած մթնոլորտը եւ հայկական խանդավառ երգերն ու եղանակները ստեղծած էին խանդավառութիւն: Յատկանշական էր կրպակներու շարքին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի կրպակը, ուր աւելի մեծ տարիքով աշակերտները տեղւոյն վրայ կը կատարէին իրենց աշխատանքները, եւ այցելուները մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին անոնց: Միեւնոյն ժամանակ ցուցադրած էին աշակերտներուն կատարած գործերէն:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալ մարմինի անդամներուն, յանձնախումբերու անդամներուն, ծնողներուն եւ քերմեսի այցելուներուն, ելոյթ ունեցան գեղարուեստի դպրոցներէն խումբ մը աշակերտներ: Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն Նարօտ Սուրճեան, որ նուագեց ջութակի վրայ, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ շրջանաւարտ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանին: Ապա հանդէս եկան կիթառահարները` ջութակի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ: «Գայեանէ» պարի դպրոցէն աղջիկներու «Մուշ» խումբը ներկայացուց գեղեցիկ պար մը: Յայտագիրի վերջաւորութեան բեմ բարձրացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներէն Դրօ Միրզայեան` ներկայացնելով մենակատարութիւն մը, որ բարձր գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, մանաւանդ որ կը խօսէր սփիւռքի մէջ հայկական եւ օտար անուններուն ստեղծած իրավիճակներուն եւ թէ՛ հոգեբանական առումով, եւ թէ առօրեայ կեանքի մէջ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին:

Քերմեսը առիթ մը եղաւ հանրութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ու անոնց տարած աշխատանքները,   ինչպէս նաեւ մանուկներն ու պատանիները իրազեկ դարձան Համազգայինի դպրոցներու աշխատանքներուն եւ մանաւանդ հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ հարստութեան:

Նախորդը

Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներու Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբին Ազդեցիկ Համերգը

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?