Գաղութային

Մամլոյ Լսարան Թիւ 128.  «Պոլսահայ Կեանքին Կրթական  Եւ Հրատարակչական Մարզերը» Նիւթով Զեկուցում

Մամլոյ Լսարան Թիւ 128. «Պոլսահայ Կեանքին Կրթական Եւ Հրատարակչական Մարզերը» Նիւթով Զեկուցում

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 22 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 128-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Ժպիտ» մանկապատանեկան ամսաթերթի խմբագրութեան անդամ Մարի Աքպաշ անդրադարձաւ պոլսահայ կեանքի ներկայ կրթական եւ հրատարակչական մարզերուն մէջ տիրող կացութեան: Բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Աբրահամեան, որ ներկայացուց Մարի Աքպաշը` իբրեւ պոլսահայ համայնքի արտակարգօրէն ...

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան  Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան: Զրոյցը կը վերաբերէր հիմնարկի տարած գործունէութեան, արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման համար նախաձեռնուած քայլերուն, կրթական ծրագիրներուն, սփիւռքահայ մամուլի այսօրուան իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ «Ազդակ»-ի ծրագիրներուն:

Հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին.  Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթին Եւ «Տաւիղ» Նուագախումբին Հիանալի Ելոյթը

Հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին. Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթին Եւ «Տաւիղ» Նուագախումբին Հիանալի Ելոյթը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստներու դպրոցի խնամակալութեան եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին,  հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանին, կիրակի, 21 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի կիթառահարներու համոյթին եւ «Տաւիղ» նուագախումբին ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ կիթառահարներու համոյթը` հետեւեալ գործերով. Allemande (J. S. Bach), Pavane (Gabriel...

Ծանօթացման Հանդիպում` Լիբանանի Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց Եւ Տիկնանց Ու Աղքատախնամի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ

Ծանօթացման Հանդիպում` Լիբանանի Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց Եւ Տիկնանց Ու Աղքատախնամի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, տիկնանց յանձնախումբերուն, քարտուղարութեանց եւ աղքատախնամներու պատասխանատուներուն հետ: Սոյն հանդիպումին նպատակն էր նախ եւ առաջ իրարու հետ ծանօթացում, ապա ընկերային հարցերու քննարկում եւ կացութեան բարելաւում, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարան-թաղականութիւն, Ազգային առաջնորդարան-տիկնանց յանձնախումբ, Ազգային առաջնորդարան-աղքատախնամ կապերու յաւելեալ ամրապնդում:...

«Եկեղեցին Պէտք Է Պայծառացնենք, Որպէսզի Եկեղեցիով Մենք Պայծառանանք».  Քուէյթահայութեան Պատգամեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

«Եկեղեցին Պէտք Է Պայծառացնենք, Որպէսզի Եկեղեցիով Մենք Պայծառանանք». Քուէյթահայութեան Պատգամեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

«Ուրախացի՛ր, ծարաւ անապատ: Անապատը պիտի ցնծայ եւ պիտի ծաղկի շուշանի պէս»: Մարգարէական այս տողերը թարգմանը հանդիսացան քուէյթահայութեան անսահման ցնծութեան ու հոգեփոխութեան, երբ ուրբաթ, 19 մայիս 2017-ին, համայնքային կեանքը ծաղկազարդուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծման արարողութեամբ` ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Քուէյթի գաղութի ոսկեմատեանին մէջ անկիւնադարձային թուական մը արձանագրելով: Երկամեակ մը առաջ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դատարկելու եւ...

Կիպրոսի Մէջ  Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Կիպրոսի Կառոյցի Ներկայացուցիչին Հետ

Կիպրոսի Մէջ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կառոյցի Ներկայացուցիչին Հետ

Երէկ Կիպրոս այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանդեան` մասնակցելու Եւրոպական խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովին: Իր Կիպրոս կատարած քանի մը ժամուան այցելութեան ընթացքին, Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Կիպրոս-Հայաստան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բացառիկ յարաբերութիւններուն եւ յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կազմի եւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի անվերապահ աջակցութիւնը...

Պաուշրիէի Հայութեան Հետ Ունեցած Հանդիպումին Ընթացքին Յակոբ Բագրատունի Հաստատեց, Որ ՀՅԴ-ին Պարտքն Է Ծառայել Ժողովուրդին

Պաուշրիէի Հայութեան Հետ Ունեցած Հանդիպումին Ընթացքին Յակոբ Բագրատունի Հաստատեց, Որ ՀՅԴ-ին Պարտքն Է Ծառայել Ժողովուրդին

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պաուշրիէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` շրջանի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ: Հանդիպումին սկիզբը Պաուշրիէի հայ բնակիչները ողջունեց «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ բացատրեց, թէ այս հաւաքին նպատակն է անդրադառնալ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը   եւ յատկապէս շրջանի բնակիչները յուզող...

ՀՄԸՄ.   Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Սարգիս Եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ

ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Սարգիս Եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են Աւստրալիայէն տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեանները: Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան ամոլը ծանօթ ու ճանչցուած անուն մըն է ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ շրջանին համար: Սարգիս Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ է: 1999-2007 ան երկու շրջան մաս կազմած...

Ծանօթացման Հանդիպում Ազգային Ս. Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ.  Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ուսուցչական Կազմին Կը Միանայ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Ծանօթացման Հանդիպում Ազգային Ս. Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ուսուցչական Կազմին Կը Միանայ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Ազգային միացեալ վարժարանի  ծանօթացման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ծնողական հաւաք մը Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ` ներկայութեամբ ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հաւաքին բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան: Ապա Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր բացատրողական զեկուցումին մէջ ներկայացուց նորակառոյց վարժարանի կրթական-մանկավարժական ծրագիրները, առաքելութիւնը եւ կարելիութիւնները: Մարտիրոսեան հաստատեց, որ վարժարանը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Մասին Դասախօսութիւն Կու Տայ Քուէյթի Համալսարանին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Մասին Դասախօսութիւն Կու Տայ Քուէյթի Համալսարանին Մէջ

Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Արամ Ա. կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ` նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը»: Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց, որ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը` իբրեւ միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը: Աստուածային յայտնութիւնը քրիստոնէութեան եկած է Աստուածաշունչին ճամբով, իսկ...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ  Գրիգոր Ակոբեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Գրիգոր Ակոբեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 18 մայիսին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի 55 աքրելիք եւ 8 միքստ միտիա գործերէ բաղկացած ցուցահանդէսին բացումը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ցուցահանդէսը որոշ վերնագիր մը չունի եւ տարիներու աշխատանքի արդիւնք է` աւելցնելով, որ արուեստագէտը իր զգացումներն ու յոյզերը...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի 30-ամեակի Նշում` Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեամբ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի 30-ամեակի Նշում` Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեամբ

Երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութ Սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահներու ընդունարանին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ աւելի քան 300 հայեր ու օտարներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեան շուրջ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 30-ամեակին առիթով. անոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թեւ ու թիկունք են անսակարկ ու անխտիր կերպով լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս կառոյցին եւ տարբեր...

ՀՅԴ Վանաձորի Քաղաքային Կոմիտէն Քաղաքին Շահը Գերակայ Կը Նկատէ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտերէն Օգտուելու Եղանակ

Կեդրոնական կոմիտէի ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն օգտուելու համար հարկ է դիմել Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ` իւրաքանչիւր դիմումի համար ներկայացնելով համապատասխան փաստաթուղթ/եր: Ֆոնտերէն կրնան օգտուիլ բոլոր այն հայորդիները, որոնք տարիէ մը աւելի կ՛ապրին Լիբանան: Ա. Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ Ֆոնտէն կրնան օգտուիլ` - Բոլոր այն զոյգերը, որոնք ամբողջացուցած են եկեղեցւոյ կողմէ ճշդուած պսակի յատուկ պայմանները եւ ապահոված են պսակի անհրաժեշտ փաստաթուղթերը (պսակի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

17 մայիս 2017-ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի իշխանին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան` Մահեր Խէյր: Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանին Քուէյթի հայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթահայութեան Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթահայութեան Հետ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը քուէյթահայութեան հետ իր առաջին հրապարակային հանդիպումը ունեցաւ երեքշաբթի, 16 մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր վեհափառ հայրապետը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ազգային վարժարան եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք խումբ մը ջահակիր ՀՄԸՄ-ականներու առաջնորդութեամբ իր օրհնութիւնը բաշխեց զինք դիմաւորող հոծ բազմութեան: Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով բացուած յայտարարուեցաւ...

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան Կեդրոն»-ը Ստացաւ Արխիւային Նոր Նիւթեր

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան Կեդրոն»-ը Ստացաւ Արխիւային Նոր Նիւթեր

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ը ստացաւ արխիւային նիւթեր` Կալիփոլիի պատերազմին մասին. յուշագրողը Արմէն Տատեանն է, որ մասնակցած է Կալիփոլիի պատերազմին: Տատեան 1894-ի  ծնունդ է եւ մահացած` 1975-ին: Օսմանեան բանակին մաս կազմած Տատեանի յուշագրութիւնը, անկախ պատերազմական մթնոլորտին, զինուորական գործողութիւններուն մասին լոյս սփռելէ,  կարեւոր է նաեւ Անգարայի կողմէ վերջին տարիներուն Կալիփոլիի նշումին տրուած յատուկ հանգամանքին  եւ այդ ծիրին մէջ  իրադարձութիւններուն աւելի իրողական,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քուէյթի Նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի Ու Ազգային Առաջնորդարան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քուէյթի Նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի Ու Ազգային Առաջնորդարան

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ Քուէյթ հասնելուն յաջորդ օրը` 16 մայիս 2017-ի առաւօտուն, այցելեց նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ ազգային առաջնորդարան, ուր շինութիւններն ու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ հասած էին իրենց վերջին փուլին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց շրջանի առաջնորդին, Ազգային իշխանութեան անդամներուն եւ բարերարներուն, իրենց ղեկավարութեամբ կատարուած այս մեծ իրագործումին համար: Յայտնենք, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս 19 մայիս 2017-ի առաւօտեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեց Երիտասարդ  Միաբան Հայրերու Կը Շնորհէ Վարդապետական Լանջախաչ Կրելու Իրաւունք

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեց Երիտասարդ Միաբան Հայրերու Կը Շնորհէ Վարդապետական Լանջախաչ Կրելու Իրաւունք

Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ հետեւեալ վեց միաբան հայրերուն շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք.- Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Տաճատ վրդ. Աշըգեան, Նշան վրդ. Լախոյեան, Գարեգին վրդ. Շխրտմեան, Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Յիշեալ միաբան հայրերը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած են 2012 թուականին եւ իրենց վարդապետական աւարտաճառերը ներկայացնելէ ետք` 2015-ին,  ստացած են վարդապետական աստիճան: Ներկայիս հայր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Քուէյթ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Քուէյթ

Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ երեկոյ մեկնեցաւ Քուէյթ` հովուապետական այցելութեամբ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր Յովակիմ աբղ. Բանճարճեան. իսկ յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան պիտի միանան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ` Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Տնտեսական յանձնախումբի անդամ Հրայր Սողոմոնեան: Վեհափառ հայրապետը շուրջ շաբաթ...

Երաժշտութիւն. Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն» Գիրքի Գինեձօն

Երաժշտութիւն. Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն» Գիրքի Գինեձօն

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի «Երաժշտութիւն. Պատմութիւն եւ տեսութիւն» գիրքին գինեձօնը: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան,...

Page 263 of 365 1 … 262 263 264 … 365

Արխիւներ