Երէկ` ուրբաթ, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ «Խնձորի բուրմունքը» թատերախաղով, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Վաչէ Ատրունի:
Թատերախաղին նիւթը առնուած է իրական կեանքէ եւ կը խօսի Այնճարի ու այնճարցիներուն մասին: Հոն կը տեսնենք պայքար սերունդներուն միջեւ, որոնք անտարբեր են իրենց պապենական ինչքին կամ հողին նկատմամբ, որ կը կազմէ համայնքի կեանքին ամբողջութիւնը, եւ զայն կ՛ուզեն նիւթականի վերածել, որպէսզի կարենան իրենց օրուան պահանջները հոգալ: Թատերախաղին մէջ կայ նաեւ սիրոյ նիւթը, այս պարագային` օտար աղջկայ մը հետ, որ Այնճարի բարքերուն եւ սովորութիւններուն հակառակ է, հօր լքուածութիւն, սփիւռքահայերու պարագային անընդհատ տեղաշարժ նիւթական կամ տնտեսական դժուարութիւններով, եւ այս բոլորը կը շեշտուին այնճարեան պատմութեան ընդմէջէն: Նիւթը ժամանակագրական է այն առումով, որ հոն տեղի ունեցած դէպքերը եւ իրադարձութիւնները կարելի է տեսնել բոլոր ժամանակներուն:
Բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի կրցած էր իր շուրջ համախմբել հմուտ, արհեստավարժ եւ հանրածանօթ դերասանական կազմ մը, որ ինչպէս բոլոր թատերախաղերուն մէջ, «Խնձորի բուրմունքը» ներկայացման մէջ եւս, բեմադրիչին հսկողութեան ներքեւ, կրցաւ թափանցել հանդիսատեսին հոգիին մէջ եւ իր գնահատելի խաղարկութեամբ հանդիսատեսը կրցաւ փոխադրել հոն, ուր դէպքը կը պատահի, այս պարագային` Այնճար, զգալու եւ ապրելու համար այդ վայրկեանները, որ ինք` դերասանը ապրեցաւ:
«Խնձորի բուրմունքը» թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին Զոհրապ Նալպանտեան, Պեթի Սարգիսեան, Տիրան Սարգիսեան, Հրակ Մկրտիչեան, Սթեֆանի Ղուկասեան եւ Գէորգ Նալպանտեան:
Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին այսօր` շաբաթ, 13 (կալա), վաղը` կիրակի, 14 մայիսին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 19, շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:



