Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

May 12, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն ու տիկինը` Սամուէլ եւ  Էլիզապեթ Մկրտչեաններ` ընկերակցութեամբ  Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին: Անոնց ընդունելութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ: Դեսպան Մկրտչեան, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնուհիին, շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց տարած գործունէութեան ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ: Ապա հրաւիրեալներուն միացան պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ԼՕԽ-ի մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան:

Այդ առիթով «Թնճուկեան» սրահին մէջ արտասանուեցան բարի գալուստի, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին գնահատական եւ զօրակցական խօսքեր: Շրջանային վարչութիւնը դեսպանին կնոջ նուիրեց Վանի ձեռագործ մը` իբրեւ յիշատակ: Ապա դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ԼՕԽ-ի ոսկեմատեանին մէջ` հետեւեալ ձեւով. «Աշխատանքի այդ ծաւալը եւ ընդգրկումը իրօք ամենաբարձր գնահատանքի դրուատանքի է արժանի»:

Հրաւիրեալներն ու Շրջանային վարչութիւնը միասնաբար ճաշակեցին «Վ. Տեկիրմենճեան»  խոհանոցի յանձնախումբին պատրաստած համադամ ճաշերը:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մնա՞ս Բարով Գաղափարախօսութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղ. Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-Ամեակներու Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.