Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սոլիտեր»-ի Կազմակերպութեամբ` «Բնութեան Հրաշալիքները» Նիւթով Սիրվարդ Ֆազլեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէսը

May 9, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ի երէկ` երկուշաբթի, 8 մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սայֆի Վիլեճ»-ի «Էս. Վէ.» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրվարդ Ֆազլեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացումը` «Բնութեան հրաշալիքները» նիւթով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Ֆազլեանի 35 ջրաներկ գեղանկարներ: Ան ցուցահանդէսներ տուած է Քանատայի, Մոնրէալի, Քեպեքի, Օթաուայի, Տիթրոյիթի, Ֆիլատելֆիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Հայաստանի  թանգարանին մէջ կան Սիրվարդ Ֆազլեանի 2 գեղանկարներ:

«Ազդակ»-ի հետ իր ունեցած զրոյցի ընթացքին Ֆազլեան յայտնեց, թէ ինք փոքր տարիքէն սկսած է  գծել, երբ տակաւին 4 տարեկան էր` հաստատելով, որ իր ծնողները միշտ քաջալերած եւ մղած են զինք գծելու: 1951-ին յաճախած է «Ալպա» համալսարանը, ուր հետեւած է գեղանկարչութեան:

Ֆազլեան ըսաւ, որ ինք փոքր տարիքէն շատ կը սիրէր բնութիւնը եւ իր բոլոր ուրախութիւններն ու տխրութիւնները կը բաժնէր ծառերուն հետ` աւելցնելով, որ կը սիրէ բնութեան մէջ ըլլալ եւ գծել:

Ֆազլեան նկատել տուաւ, որ կը հաւատայ, թէ ինք բնութեան մէկ մասնիկն է եւ շատ կը սիրէ ազատութիւնը` նշելով միաժամանակ, որ բնութիւնը արդէն իսկ իր օրէնքներուն կ՛ենթարկէ մարդ արարածը, հետեւաբար կարիքը չկայ օրէնքներ սահմանելու: Ֆազլեան ըսաւ, որ ինք ջրաներկ կը գործածէ  եւ բացատրեց, որ ջրաներկի գործածութեան ընթացքին արուեստագէտը պէտք է տեսնէ, զգայ եւ անմիջապէս ստեղծագործէ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 15 մայիս 2017:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Գործընթացի Փակում

Յաջորդը

Արցախի «Նոր Կիլիկիա» Գիւղի Տուները Կը Տրուին Արցախի Նահատակներու Ընտանիքներուն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.