Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` կիրակի, 7 մայիս 2017-ին, Մար Մըխայէլի «Վանտոմ» աստիճաններուն վրայ, տեղի ունեցաւ «Ուաթ իֆ իթ ուազ մի» («Եթէ ես ըլլայի») վերնագիրով ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանցի եւ օտար հոծ բազմութիւն մը:
Աւելի ուշ ներկաներուն միացան նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Ձեռնարկին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր մինչեւ ձեռնարկին աւարտը ցուցադրուեցան լիբանանցի եւ օտար արուեստագէտներու գործեր: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ծովիկ Թորիքեան, Անիթա Թութիքեան, Կիւլեն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Պեթի Քէչէճեան, Մոհամետ Խայաթա եւ Գարինա: Հայերէնով եւ անգլերէնով բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Սարգիսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, որ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած այս ձեռնարկով ԶՈՄ-ը կու գայ մշակոյթի ճամբով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը, ինչպէս նաեւ զօրակցելու այն ժողովուրդներուն, որոնք կրած են նոյնանման ողբերգական ճակատագիր: Սարգիսեան հաստատեց, որ արուեստը այն լեզուն է, որ հասկնալի է բոլորին, եւ այդ գաղափարէն մեկնած ան ըսաւ, թէ այս տարի ԶՈՄ-ը ուզեց Հայ դատը ներկայացնել արուեստի միջոցով: Լոռի Սարգիսեան կեդրոնացաւ նաեւ այն գաղափարին վրայ, որ անկախ անկէ, թէ մենք այսօր լիբանանցի լիիրաւ քաղաքացիներ ենք եւ անբաժան մասնիկը այս երկրին, սակայն երբեք չենք մոռնար մեր անցեալն ու պատմութիւնը: Ան ըսաւ, որ ձեռնարկին օրը զուգադիպութիւն չէ` նկատի ունենալով, որ մայիս 6-ը Լիբանանի պատմութեան տխուր թուականներէն մէկն է, իսկ նահատակաց հրապարակը լաւագոյն փաստն է լիբանանցի եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ օսմանեան Թուրքիոյ օգտագործած արիւնալի եւ կեղտոտ քաղաքականութեան: Սարգիսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ հակառակ թրքական քաղաքականութեան, այսօր լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդները կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն գոյատեւել: Այսօր այս աստիճաններուն վրայ հնչող երաժշտութեան ընդմէջէն պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց նաեւ պիտի տօնենք հայոց յաղթանակն ու պայքարի վճռակամութիւնը:

Բացման խօսքէն ետք տուտուկով ելոյթ ունեցաւ Րաֆֆի Չիլինկիրեան: Ապա ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անունով խօսք առաւ Սալբի Տօնապետեան: Տօնապետեան ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, որ ոճրագործ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն ազգի կամ ցեղի մը նկատմամբ ցեղասպանութիւն չէ, այլ` մարդկութեան դէմ համաշխարհային ոճիր: Սալբի Տօնապետեան հաստատեց, որ մարդկութեան դէմ գործադրուած այս արարքը պատմական իմաստով անժխտելի իրականութիւն է, որուն մեղսակիցները շատ են, իսկ ականատեսները` բազմաթիւ: Տօնապետեան աւելցուց, որ այս գաղափարներէն մեկնած, ԶՈՄ-ը պիտի շարունակէ իր պայքարը արդարութեան համար, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մարդկութեան դէմ որեւէ ոճիր կը դիտէ համամարդկային դիտանկիւնէ: Ան ըսաւ, որ ԶՈՄ-ը, մայիս 6-ի Լիբանանի մտաւորականութեան ահաբեկումը կը տեսնէ նոյն շրջագիծին մէջ, ինչպէս որ, Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնը կը տեսնէ նոյն շրջագիծին մէջ: Սալբի Տօնապետեան աւելցուց, որ պայքարող երիտասարդը երբեք պիտի չվախնայ թուրքին սպառնալիքներէն, պիտի շարունակէ ներկայ ըլլալ, արտայայտուիլ, պարել, երգել, ստեղծագործել ու վերապրիլ, եւ ԶՈՄ-ը անշուշտ անմասն պիտի չմնայ այս բոլորէն: Ան շեշտեց, որ այս պայքարը պիտի ըլլայ յանուն մարդկային արժէքներու պահպանման եւ յանուն ժողովուրդներու բարեկեցիկ ապրելու նպատակին: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ մինչեւ այսօր բազմաթիւ ժողովուրդներ կը տառապին թրքական քաղաքականութենէն, եւ փաստը Սուրիոյ ժողովուրդին տեղահան ըլլալն ու աշխարհին չորս կողմը գաղթակայաններու մէջ հաստատուիլն է, փաստը Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնն է, փաստը Արցախի դէմ ազրպէյճանական ամէնօրեայ ոտնձգութիւններն են:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի վարչութեան խօսքէն ետք անգլերէնով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ անդրադարձաւ այս տիպի ձեռնարկներու կարեւորութեան: Դեսպանը նշեց, որ հայ ժողովուրդը եղած է եւ պիտի մնայ պայքարող ժողովուրդ, եւ փաստը այսօր անոր անկախ պետականութիւն ունենալն է: Ան ըսաւ, որ Զաւարեան ուսանողական միութեան այս ձեռնարկը յատկանշական ձեռնարկ է, որուն ընդմէջէն ներկաները պիտի կարենան վերյիշել բոլոր այն ժողովուրդներուն արհաւիրքները, որոնք հետեւանքը եղած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան, սակայն պիտի տեսնեն նաեւ, որ տակաւին հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ: Դեսպանը իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ նոյնիսկ եթէ Ցեղասպանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը որոշ չափով կորսնցնէ իր մշակոյթէն չնչին հատուած մը, ան պիտի շարունակէ պահպանել իր մշակոյթը, եւ պիտի վերագտնէ իրմէ խլուած բոլոր մշակութային կորուստները:
Դեսպան Մկրտչեանի խօսքէն ետք ներկաները զմայլած դիտեցին արուեստագէտներուն ցուցադրած գործերը, ապա ուղղուեցան դէպի «Վենտոմ» աստիճանները: Աստիճաններուն վրայ տեղադրուած էին կրպակներ, ուր վաճառուեցան հայկական, պաղեստինեան եւ սուրիական ճաշեր: Այնտեղ նաեւ տեղադրուած էր կրպակ մը, ուր ներկաները նուիրեցին հագուստներ` Լիբանանի տարածքին սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն համար: Մեծ թիւով նուիրատուութիւններ կատարուեցան:
Աստիճաններուն վրայ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան եւ օտար նուագախումբեր: Օրուան հաղորդավարն էր յայտնի բեմադրիչ Շատի Զէյն: Նախ բեմ բարձրացաւ Մարիլին Գասպարեան, որ իր իւրայատուկ ձայնով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը: Ապա հանդէս եկաւ «Ալ Սաալիք» նուագախումբը, որ սուրիական եւ արաբական երգերով զմայլեց ներկաները: Ապա կիթառով երգեց Գարինան, որ հայկական երգաշարով մը հայկական արուեստը ներկայացուց ներկաներուն: Բեմ բարձրացաւ Համազգայինի կիթառներու համոյթը, որ ներկայացուց հաճելի դասական երաժշտութիւն մը: Համազգայինի կիթառահարներու համոյթէն ետք, ելոյթ ունեցաւ օրուան ամէնէն սպասուած արուեստագէտ Շատի Նաշեֆը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Գալամ» նուագախումբը: Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Սթոն Ռոյըլզ» նուագախումբը, որ անսպասելի ձեւով խանդավառեց ներկաները: Նշենք նաեւ, որ նուագախումբերու կատարումներու ընթացքին ներկաներուն թիւը բազմապատկուած էր, իսկ բոլոր նուագախումբերը անխտիր իրենց զօրակցական խօսքերը յայտնեցին Հայ դատին: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան տեսերիզներ, որոնք կ՛ընդգրկէին Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական նիւթեր, ինչպէս նաեւ օտար գաղթականներու վկայութիւններ: Ձեռնարկի աւարտին, օրուան հաղորդավար Շատի Զէյն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին ներկայ գտնուելու այսքան կարեւոր ձեռնարկի մը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան` ձեռնարկին կազմակերպման համար:













