Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շնորհալի» Երգչախումբին Ազդեցիկ Համերգը

May 15, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, շաբաթ 13 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին համերգը, որ տպաւորիչ էր իր թեմայով եւ կատարողական բարձր արուեստով: Երգչախումբը ներկայացուց Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» եւ «Դաւիթ բեկ» օփերաներէն հատուածներ, խմբավարութեամբ` Գարեգին վրդ. Շխրտմեանի: Դաշնակի վրայ խումբին կ՛ընկերակցէր Մարիա Փալազեան:

Յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ կարգով.

Առաջին բաժին` «Անուշ» – Առաջին գործողութենէն` «Նախերգանք», «Պատկեր Բ.», «Անուշի երգը (Ասում են ուռին)»: Երկրորդ գործողութենէն` «Համբարձումն եկաւ», «Հէյ ջան տղայ», «Ոհ ինչ սեւ վիճակ», «Աղջի բախտաւոր»: Չորրորդ գործողութենէն` «Անուշի եւ Սարոյի զուգերգը»: Հինգերորդ գործողութենէն` «Սարոյի Արիան», «Պատկեր Բ.» եւ «Ֆինալ»:

Առաջին բաժինի մեներգողներն էին Թորոսեան Շողիկ` Անուշի դերով, Քէլէշեան Կարօ` Սարոյի դերով, Կէտիկեան Անայիս` Անուշի մօր դերով եւ Գատէհճեան Գէորգ` Անցորդի դերով:

Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագիրի երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ «Դաւիթ բեկ» օփերան` հետեւեալ ընթացակարգով. առաջին գործողութենէն` «Սանթուր եւ երգչախումբ», «Սանթուրի երգը», «Շուշանի երգը»: Երկրորդ գործողութենէն` «Թամարի արիան», «Հարի հարալօ»: Երրորդ գործողութենէն` «Խմբերգ», «Զինուորի երգը», Հայկական քայլերգ` ֆինալ»:

Երկրորդ  բաժնի մեներգողներն էին Քէլէշեան Կարօ` Սանթուրի դերով, Մաջուլեան Անի` Շուշանի դերով, Թորոսեան Շողիկ` Թամարի դերով:

Համերգի փակման երգն էր «Հայրապետական մաղթանք»-ը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, թէ «Շնորհալի» երգչախումբը երաժշտութեան ճամբով դարձեալ հոգեկան անհուն վայելք տուաւ բոլորիս` ներկայացնելով հայ մշակոյթի գանձերը, որոնք այսօր դժբախտաբար մնացած են փոշիներուն տակ: Վերյիշելով հին օրերը` ան ըսաւ, թէ «Անուշ» եւ «Դաւիթ բեկ» օփերաները ծայրէ ծայր անգիր սորված էր վարժարանին մէջ` նշելով, որ երէցները կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս հայ մշակոյթի այս գոհարները  Պուրճ Համուտի, Չարչապուխի, Քարանթինայի, Հաճընի, Պէյրութի, Նոր գիւղի փողոցներուն մէջ կ՛երգուէին: Ան դիտել տուաւ, թէ խմբավար հայր սուրբը երաժշտանոց աւարտած չէ, սակայն երաժշտութեան սէրն ու թռիչքը ունի եւ կրցաւ գեղեցկօրէն, ներդաշնակօրէն ու հմայիչ կերպով վարել խումբը: Կաթողիկոսը մեծապէս գնահատեց երգչախումբին կատարումը, ինչպէս նաեւ մեներգողներուն եւ դաշնակահարին բարձրորակ ելոյթները: Ան յատուկ կերպով գնահատեց Շողիկ Թորոսեանը եւ ըսաւ, թէ ան արժանի է միջազգային բեմերու վրայ երգելու: Վեհափառ հայրը յայտնեց, թէ Գարեգին վրդ. Շխրտմեան քանի մը ամիսէն պիտի մեկնի Քանատա իր ուսումը շարունակելու, միեւնոյն ժամանակ հովուական առաքելութեամբ: Իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն, Արամ Ա., Գարեգին վրդ. Շխրտմեանին շնորհեց լանջախաչ մը` աւելցնելով, թէ հայր սուրբին Քանատա մեկնելէն ետք «Շնորհալի» երգչախումբին ղեկավարութիւնը պիտի ստանձնէ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, որ  իբրեւ փոխղեկավար պիտի ունենայ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանը:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառը ներկաները յորդորեց մեր մշակութային, երաժշտական արժէքները առանձին չձգել, որպէսզի չմնան փոշիներուն տակ: Ան ըսաւ, թէ առանց մեր արժէքներուն, մենք պիտի մսինք, պիտի գունաթափինք հայօրէն եւ պիտի հեռանանք մեր ինքնութենէն: Մեր մշակութային արժէքներն են, որոնք մեզ պահեցին ու պահպանեցին, մեզի տուին ինքնուրոյն գոյն, երանգ եւ դիմագիծ, մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ, մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Մենք կոչուած ենք հաւատարմօրէն, ամրօրէն կառչած մնալու մեր արժէքներուն, որոնք մեր գաղութին մէջ կենսաւոր են: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ ա՛յս է պատգամը այսօրուան համերգին` ուղղուած մեր ժողովուրդին:

 

Աւարտին, յոտնկայս երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

 

Նախորդը

Քերմես` Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Խնամակալ Մարմինին Կազմակերպութեամբ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Դադրեցուած Ցամաքային Ապրանքներու Փոխադրութիւնը Պիտի Վերսկսի 16 Մայիսին

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.