Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք` Ազգային Ռուբինեան Վարժարանին Մէջ

May 8, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Ռուբինեան վարժարանին մէջ ներս տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան, Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնին եւ Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, անձնակազմին, ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն: Ներկայ էին նաեւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչները:

Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան բացման խօսքով ներկայացուց հաւաքին նպատակը եւ օրուան զեկուցաբերները: Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի կրթական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ վարչական այլ աշխատանքներուն` հաստատելով, որ նորակառոյց վարժարանը պիտի ձգտի արդիական մեթոտներու օգտագործումով ժամանակակից ուսում ջամբել նորահաս սերունդներուն եւ միաժամանակ անոնց մէջ դարբնել ազգային պատկանելիութեան ամուր գիտակցութիւն: Ան աւելցուց, որ վարժարանի կրթական ծրագիրը պիտի հիմնուի աշակերտակեդրոն կրթական ըմբռնողութեան եւ մեթոտներու վրայ: Այս իմաստով աշակերտը,  յատկապէ՛ս նախակրթարանի բաժինի պարագային, դպրոցին մէջ արդէն գրեթէ սորված պիտի ըլլայ իր դասանիւթերը եւ կարելիութիւն պիտի ունենայ տնային իր պարտականութիւնները առաւելագոյն չափով կատարելու առանձին` առանց ծնողական օժանդակութեան: Ժամանակակից մեթոտներու օգտագործումով, նոր վարժարանը պիտի ձգտի աշակերտութեան մօտ ստեղծել այն մթնոլորտը, որ անոնք սիրայօժար եւ հաճոյքով նաեւ տան մէջ կարենան իրենց սերտողութեան ժամանակ յատկացնել:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ Ազգային միացեալ վարժարանի գաղափարի ստեղծման, ինչպէս նաեւ շինարարական աշխատանքներու հոլովոյթին` հաստատելով, որ սփիւռքեան իրականութեան մէջ հազուագիւտ է այսպիսի նիւթական մեծ ներդրումով կրթական արդիական համալիրի մը կառուցումը: Ան աւելցուց, որ Ազգային առաջնորդարանը անցնող 20 տարիներուն ազգային բոլոր վարժարաններու պիւտճէական հաւասարակշռութիւնը պահելու գործին մէջ թափած է հսկայական ճիգ, կատարած է մեծ ներդրում եւ այս համալիրին կառուցումով կը հաւատայ որ նորահաս սերունդներու տրամադրութեան տակ ուսումնական արդի կարելիութիւններով օժտուած գեղեցիկ կառոյց մը կը դնէ` քաջ գիտակցելով, որ մեր ծնողները համապատասխան գիտակցութեամբ պիտի արժեւորեն աշխատանքը եւ իրենց զաւակները առաջնորդեն հայ դպրոց:

Անդրադառնալով կրթաթոշակներուն` Հաւաթեան հաստատեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը մեր ժողովուրդի բոլոր շերտերուն վարժարանն է եւ անոր հիմնական առաքելութիւնը ներկայ ժամանակներուն համահունչ մթնոլորտ ստեղծելու ու համապատասխան մարդուժ պատրաստելու առաքելութեան մէջ կը կայանայ: Կրթաթոշակներու պարագային, մեկնելով իւրաքանչիւր ընտանիքի ընկերային-տնտեսական կարելիութիւններէն եւ համապատասխան քննարկումներու հիման վրայ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի ֆոնտերու ճամբով 10-էն մինչեւ 90 առ հարիւր զեղչ կատարելու, որպէսզի ոչ մէկ աշակերտ հայկական դպրոցէ ու հայեցի կրթութենէ զրկուի` աւելցնելով, որ ծնողք-կրթական պատասխանատուներ փոխադարձ հասկացողութեան գործօնի ամրակայումով կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել բոլոր մարտահրաւէրները եւ նուաճել յաջողութիւններ: Վերջապէս, ան հաստատեց, որ հայկական տարբեր շրջաններէ աշակերտութեան փոխադրութիւնը պիտի ապահովուի  ձրի եւ  փոխադրութեան ծախսերը պիտի հոգայ Ազգային Միացեալ վարժարանը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ հաստատեց, որ մեր հաւաքական կեանքը ժամանակի հոլովոյթին հետ կարիքը ունի մնայուն վերանորոգման, վերաթարմացման եւ արդի պայմաններու պատշաճեցման: Անցնող աւելի քան 50 տարիներուն մեր վարժարանները եւ անոնց մէջ ծառայած երախտաւորները շնորհակալ աշխատանք տարին եւ պատրաստեցին պատկառելի սերունդ: Այսօ՛ր, Ազգային առաջնորդարանը այս նոր կառոյցին ստեղծումով կը փորձէ նոյն առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորել եւ մեր ազգի զաւակները պահել հայկական մաքուր ու գեղեցիկ միջավայրի մէջ: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ անվերապահօրէն իրենց զաւակները վստահին հայ դպրոցին, ինչպէս նաեւ այդ մթնոլորտը դարձնեն համակող իրենց անմիջական միջավայրին մէջ: Վերջապէս,  սրբազան հայրը գնահատեց Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք նորահաս սերունդներու պատրաստութեան գործին մէջ կատարած են շնորհակալ աշխատանք:

Հանդիպումի աւարտին առիթ տրուեցաւ ծնողներուն ուղղելու իրենց հարցումները ու ստանալու համապարփակ բացատրութիններ եւ լուսաբանութիւններ:

Նախորդը

Կիպրահայութեան Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

20-ամեայ Ճամբայ Կտրած «Կարկաչ»-ի Յաղթական Համերգը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.