Գաղութային

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Դատապարտեց  Թեհրանի Մէջ Արձանագրուած Յարձակումները

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Դատապարտեց Թեհրանի Մէջ Արձանագրուած Յարձակումները

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ բուռն կերպով դատապարտեց Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումները: Երեսփոխան Բագրատունի ցաւ յայտնեց երկու յարձակումներուն ընթացքին արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: ՀՅԴ...

Սուրիա – Հայաստան Խորհրդարանական  Բարեկամութեան Յանձնախումբի  Հանդիպում` Դեսպան Արշակ Փոլատեանի Հետ

Սուրիա – Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնախումբի Հանդիպում` Դեսպան Արշակ Փոլատեանի Հետ

Չորեքշաբթի, 7 յունիս 2017-ին, Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Սուրիա - Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբը` երեսփոխան դոկտ Նորա Արիսեանի գլխաւորութեամբ, այցելած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանին: Խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի կազմութենէն ետք դեսպան Փոլատեանի հետ տեղի ունեցած այս հանդիպումը առաջինն էր, որուն ընթացքին կողմերը խօսած են հայ-սուրիական խորհրդարանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու մասին: Սուրիա - Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի  Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ  Չեխիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Չեխիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սօսի Սարգիսեան, Ճօ Զուլիկեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլա Ֆրոնքովայի հետ: Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը գնահատեց Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլը` ընդգծելով, որ ցեղասպանութեան...

Յիշատակի Օր` Նուիրուած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի  Մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» Երիցական Փաղանգի  Հիմնադրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի  Նահատակութեան 25-ամեակներուն

Յիշատակի Օր` Նուիրուած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» Երիցական Փաղանգի Հիմնադրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երիցական փաղանգին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 4 յունիս  2017-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երիցական փաղանգին հիմնադրութեան եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակներուն առիթով յիշատակի օր մը, որ սկիզբ առաւ նախկին եւ ներկայ երէցներու սկաուտական հաւաքով մը` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իսկ անոր յաջորդեց յիշատակի ձեռնարկ մը` երեկոյեան...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն  Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Մեկնարկ

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Մեկնարկ

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով`  5-12 յունիս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարք մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն: Աղօթքէն ետք ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ աղօթքով պիտի ջերմացնենք սուրբերուն մասունքները եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ուղղափառ Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ուղղափառ Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ուղղափառ միջխորհրդարանական պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Մեթնի ուղղափառ համայնքի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր: Ուղղափառ երեսփոխաններու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է շուրջ 25 տարիներ առաջ: Անոր մաս կը կազմեն բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու ուղղափառ երեսփոխանները: Կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Աթէնքի մէջ: Ան...

Պաշտօնական Բացում` Այնճարի Վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տան»

Պաշտօնական Բացում` Այնճարի Վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տան»

Կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, Հոգեգալստեան օրը, Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած «Աղաճանեան սանուց տան» բացման արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ ներկայութեամբ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի ու Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Այնճարի քաղաքապետին եւ շարք մը...

Վիգէն Դարբինեանի Զոյգ Ելոյթները` Պէյրութի Եւ Այնճարի Մէջ

Վիգէն Դարբինեանի Զոյգ Ելոյթները` Պէյրութի Եւ Այնճարի Մէջ

Շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ հարազատօրէն թեւածեցին Վիգէն Դարբինեանի երգերը` հիներն ու նորերը միախառնուած, անցեալն ու ապագան` իրարու հանդիպած, մի՛շտ արեւմտահայերէնով  ու հայկական մաքուր երաժշտութեամբ: Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին Վիգէն Դարբինեան շաբաթ երեկոյ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ արուեստասէրներու հետ, որոնք համախմբուած էին Զոքաք Պլաթի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ`...

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն Եւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւն.  Ձեռագիր Մատեաններու Ցուցահանդէս Եւ Դասական Համերգ

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն Եւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւն. Ձեռագիր Մատեաններու Ցուցահանդէս Եւ Դասական Համերգ

Շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ եւ հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանի ձեռագիր մատեաններու ցուցահանդէս` հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ): Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ ձեռնարկը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռուբինա Թովմասեան: Ան Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան...

Լոյս Տեսած Է «Պզտիկ Մզտիկ»-ի  Բացառիկ Թիւը

Լոյս Տեսած Է «Պզտիկ Մզտիկ»-ի Բացառիկ Թիւը

Ամիս մը առաջ, «Պզտիկ Մզտիկ»-ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ եւ հայկական վարժարաններու չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններէն աշակերտներու մասնակցութեամբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ամբողջ օր մը կազմակերպուած էր աշխատանոց մը: Աշխատանոցին նպատակն էր մասնակից աշակերտներու մասնակցութեամբ պատրաստել «Պզտիկ Մզտիկ»-ի բացառիկ թիւի բովանդակութիւնը: Հրատարակուող թիւը փաստօրէն  աշխատանոցային քննարկումներուն եւ անոնցմէ բխած յօդուածներուն, գծագրական պատմութիւններուն, դէպքերու եւ դէմքերու մասին գրի առնուած գրութիւններու փոքրիկ լրագրողներու...

Վերամուտի Նախապատրաստական Աշխատանքներ.  Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի Եւ Նախակրթարանի Ուսուցիչներու Մասնագիտական Սեմինար

Վերամուտի Նախապատրաստական Աշխատանքներ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի Եւ Նախակրթարանի Ուսուցիչներու Մասնագիտական Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ նորակառոյց վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներու մասնագիտական միօրեայ սեմինարը, որ կը կրէր «Դասարանի ղեկավարումը` աշակերտներու յաջողութեան համար» խորագիրը: Սեմինարին բացումը կատարեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան, որ նշեց, թէ սեմինարները լաւագոյն միջոցներն են վերաթարմացնելու գիտելիքները եւ քայլ պահելու մանկավարժութեան արդի զարգացումներուն եւ...

ՀՅԴ ԼԵՄ Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ.  Մայիսեան Յաղթանակներուն  Նուիրուած Երգահանդէս

ՀՅԴ ԼԵՄ Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ. Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած երգահանդէս` կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) եւ Արսէն Գրիգորեանի (Մրրօ): Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին պատանեկան միութիւններուն ձեռային աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն կ՛՛արտացոլար ձեռնարկի նիւթը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք...

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ  Հայր Սելիմ Տաքքաշի Եւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի.  Գինեձօն-Շնորհահանդէս` Ժիւլի Մրատի  «Հոգիին Կանչը» Գիրքին

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Հայր Սելիմ Տաքքաշի Եւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի. Գինեձօն-Շնորհահանդէս` Ժիւլի Մրատի «Հոգիին Կանչը» Գիրքին

Հովանաւորութեամբ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի նախագահ հայր Սելիմ Տաքքաշի եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գեղամ արք. Խաչերեանի, չորեքշաբթի, 31 մայիս 2017-ին, տեղի ունեցաւ հայազգի լրագրող, թարգմանիչ Ժիւլի Մրատի «Հոգիին կանչը» («Հութաֆ Ալ Ռուհ» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը` «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» հանդիսասրահին մէջ: Պետական, պաշտօնական, դիւանագիտական, ակադեմական եւ մտաւորական հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութիւններու, հոգեւոր հայրերու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Երախտագիտութեան Նամակը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Երախտագիտութեան Նամակը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

ՀՅ Դ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի երախտագիտութեան նամակը` Արցախեան քառօրեայ պատերազմին առիթով կազմակերպուած ռատիոթոնին համար: «Զօրակցինք Արցախին» բնաբանով ռատիոթոնին լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուած է 257 հազար ամ. տոլար), որ ամբողջութեամբ փոխանցուած էր «Հայրենիք» ռազմահայրենասիրական հիմնադրամին: Խորին երախտագիտութիւն եմ յայտնում Ձեզ «Հայրենիք» ռազմահայրենասիրական հիմնադրամին նուիրատուութեան եւ ընդհանրապէս Ձեր հայրենանուէր կեցուածքի համար: Նմանօրինակ ձեռնարկումները մեզ պարտաւորեցնում են...

ԱՖՀԻԼ Իրերօգնութեան Սնտուկին Կազմակերպութեամբ. Փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի Մեծարանքի Հանդիսաւոր Երեկոն

ԱՖՀԻԼ Իրերօգնութեան Սնտուկին Կազմակերպութեամբ. Փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի Մեծարանքի Հանդիսաւոր Երեկոն

Հովանաւորութեամբ բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայեղի, կազմակերպութեամբ ԱՖՀԻԼ-ի, գործակցութեամբ լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 31 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան անունով խօսք առաւ Արազ Նաշալեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն մեծարանքի հանդիսութիւնը պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, այլ` մեծարանք...

Ներքին Սեմինար Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին Մէջ

Ներքին Սեմինար Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին Մէջ

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ի օրը տօնական օր էր Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին համար: Վարժարանի հայ ուսուցիչները, Մարսէյի Համազգայինի ներկայ վարչութիւնը` իր ամբողջական կազմով, նախկին վարչականներ, ծնողներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրաւիրուած զեկուցաբերներ, ընդամէնը` 38 հոգի ճշդուած ժամուն ներկայ էին մասնակցելու «Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանին դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող...

Մհերին Յիշատակը Պանծացնող «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանք

Մհերին Յիշատակը Պանծացնող «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 30 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 21 յունուար 2017-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի...

«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

Կրկին մայիս 28-ն էր: Մեր պատմութեան ամէնէն փառահեղ տօնը, փառքի ու յաղթանակի, լոյսի ու յաւերժութեան տօնը. որովհետեւ մայիս 28-ով կը մարմնաւորուի հայ ազգի անկախ գոյատեւելու կամքը եւ ինքնուրոյն զարգացումը: Մայիս 28-ով սերունդներ իրենք զիրենք կը ճանչնան Սարդարապատով, Ղարաքիլիսայով եւ Բաշ  Ապարանով: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը իր թեւերուն տակ հաւաքեց ո՛չ միայն իր բոլոր անդամները, այլեւ ամբողջ...

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին.  Հայոց Պետական Մտածելակերպի Վերարժեւորում` Անկախ Պետականութեան Վերականգնման 99-Ամեակի Նշման Ընդմէջէն

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. Հայոց Պետական Մտածելակերպի Վերարժեւորում` Անկախ Պետականութեան Վերականգնման 99-Ամեակի Նշման Ընդմէջէն

Երէկ` երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնակատարութիւն` ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ: Վիգէն Գուճանեան                         Աւօ Մարգարեան                      Ամատունի Վիրապեան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ ձեռնարկը ընթացք առաւ: Ձեռնարկին...

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Մէջ Սարդարապատի Շունչով Հայոց Հողն Ու Իրաւունքը Պաշտպանող Հերոսներուն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Մէջ Սարդարապատի Շունչով Հայոց Հողն Ու Իրաւունքը Պաշտպանող Հերոսներուն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նախօրեակին, կիրակի, 28 մայիս 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքերը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը: Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի...

Page 261 of 365 1 … 260 261 262 … 365

Արխիւներ