Ամիս մը առաջ, «Պզտիկ Մզտիկ»-ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ եւ հայկական վարժարաններու չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններէն աշակերտներու մասնակցութեամբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ամբողջ օր մը կազմակերպուած էր աշխատանոց մը:
Աշխատանոցին նպատակն էր մասնակից աշակերտներու մասնակցութեամբ պատրաստել «Պզտիկ Մզտիկ»-ի բացառիկ թիւի բովանդակութիւնը:
Հրատարակուող թիւը փաստօրէն աշխատանոցային քննարկումներուն եւ անոնցմէ բխած յօդուածներուն, գծագրական պատմութիւններուն, դէպքերու եւ դէմքերու մասին գրի առնուած գրութիւններու փոքրիկ լրագրողներու աշխատանքին արգասիքն է: Առաջին թիւը` ամբողջութեամբ նախագծուած եւ իրականացած փոքրիկ լրագրողներուն կողմէ:



