Երէկ` երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնակատարութիւն` ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ ձեռնարկը ընթացք առաւ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Վիգէն Գուճանեան։ Աւօ Մարգարեան կարդաց «Արամի կոչը», ապա խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ անկախութիւնը բոլոր ժողովուրդներու երազանքն է եւ ձգտումը, բայց դժբախտաբար հայ ազգի կեանքին մէջ եղած են երկար ժամանակներ, երբ մեր հայրենիքը բաժնուած մնացած է զանազան մասերու` չունենալով սեփական իշխանութիւն:
Բանախօսը անկախութեան հոլովոյթի պատմական տուեալները ներկայացուց` հիմնուելով Ազգային արխիւին մէջ պահպանուած փաստաթուղթերուն վրայ: Ան ըսաւ, որ ամէնէն կարեւորը այն իրականութիւնն է, թէ հայ ժողովուրդը թէպէտ փոքր` 10 հազար քառ. քմ տարածքի վրայ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուելու իրաւունք, կառավարութիւն ձեւաւորելու իրաւունք: Ամատունի Վիրապեան ըսաւ, որ երբ կ՛ուսումնասիրենք այդ տարիներու փաստաթուղթերը, կը տեսնենք մեզի համար դժուար եղած պահերը, երբ թուրքերը հասած էին Երեւանի սեմին, մինչ հայ ժողովուրդը կրցած էր կասեցնել թշնամիին յառաջընթացը եւ փրկուած: «Երբ կը խօսինք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն մասին, մենք կը շեշտենք միասնակամութեան գաղափարը: Միասնակամութիւնը յաղթանակ տարաւ, որովհետեւ Սարդարապատի մէջ կը կռուէր ծերը երեխային հետ, 18 տարեկան Ակսել Բակունցը կը կռուէր տարիքով գիտնականներուն հետ: Կիլիկիոյ ապագայ կաթողիկոս Գարեգին Յովսէփեանցի ղեկավարութեամբ մինչեւ 500 հոգեւորականներ զինուորներուն շարքին կռուած են», ըսաւ բանախօսը, իսկ իր խօսքի աւարտին Ամատունի Վիրապեան պաստառի վրայ ցոյց տուաւ քանի մը հետաքրքրական փաստաթուղթեր, որոնք կը պահպանուին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային արխիւին մէջ, եւ որոնք կապուած են Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշներուն հետ, թէ՛ եռագոյն դրօշին, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին: (Ամատունի Վիրապեանի խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):
Այնուհետեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներ Յովիկ Գարախանեան (ջութակով) եւ Սիրվարդ Սապունճեան (դաշնակով) ներկայացուցին Կոմիտասի «Կռունկ»-ը եւ Ա. Խաչատուրեանի «Օրօր»-ը:
Մայիսեան այս ձեռնարկին իր խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ 28 մայիսը նկատեց թուական մը, որ հայ մարդուն վերադարձուց պատուով ապրելու իրաւունքը, անոր տուաւ ինքնիշխանութիւն, դրօշակը հպարտօրէն պարզելու, երազներ ունենալու իրաւունք, հող պատրաստեց Արցախի ազատագրման, նորաստեղծ ամբողջ սփիւռքի ազգային ջիղի ամրացման, հայօրէն տոգորուելու տեսլականին ու կարողութեան ընդլայնման:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ 28 մայիսին ունեցած իմաստին ու մեծութեան` բանախօսը դիտել տուաւ, որ հայրենի պետականութենէն ակնկալելի է անդրադառնալ մայիս 28-ի կերտման մէջ Դաշնակցութեան ունեցած առիւծի բաժինին ու դերակատարութեան, որպէսզի ճիշդ հասցէագրում ու շաղկապում կատարուի: «Մենք փառաբանանք փնտռող կամ որոնող կազմակերպութիւն չէինք ու չենք: Բայց այնքանով որ մեր հնոցի, դաշնակցական դարբնոցի արտադրանքը կը պատկանի մեր ազգի դափնեպսակին, նոյնքանով ալ ան մեր կենսագրութիւնն է եւ կը բնութագրէ մեր նկարագիրն ու գոյութեան իմաստը, եւ մեզ ու հայ ժողովուրդը կը մղէ ու կ’առաջնորդէ նորանոր սլացքներու եւ նուաճումներու», դիտել տուաւ ան:
Տարօն Տէր Խաչատուրեան ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Դաշնակցութիւնը դիւրին օրերու կուսակցութիւն չէ եղած, հակառակ բազում մարտահրաւէրներուն միշտ պայքարած է մնալու պատնէշի վրայ, չշեղելու իր սկզբունքներէն, Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան զօրակցած է միշտ` մնայուն կերպով իբրեւ տեսլական ունենալով ազգովին դէպի լուսաւոր ապագայ ուղղուելու առաջադրանքը: Ըստ բանախօսին, Լիբանանն ու Արեւմտեան Ամերիկան` իբրեւ հայաշատ եւ յառաջատար գաղութներ, կոչուած են առանցքային դեր ստանձնելու մեր յետցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան 25-ամեակին յաջորդող նոր իրականութեան մէջ:
Բանախօսը հաստատեց, որ Դաշնակցութեան հիմնական օրակարգերէն է սփիւռքը տոկուն պահել եւ անոր կարողականութիւնը ծառայեցնել Հայաստանի ու Արցախի ամրակայման եւ հզօրացման, Հայ դատի լուծման, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման: Անոր համաձայն, ՀՅԴ-ի օրակարգն է նաեւ սերնդափոխութիւնը ապահովել եւ համապատասխան աւանդ փոխանցել նոր սերունդին:
Իր խօսքի աւարտին Տարօն Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու է այս բոլորին ու պիտի մնայ ընդմիշտ: (Տարօն Տէր Խաչատուրեանի խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):
Ապա հայրենի արուեստագէտ, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի դասատու Քլարա Ամիրխանեան մեկնաբանեց փունջ մը ազգային երգեր:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան, որ անդրադարձաւ ազատութեան եւ անկախութեան տիրանալու ազգերու ձգտումին` նշելով, որ ազգերու պատմութեան հոլովոյթին մէջ, անկախութեան համար մղուած մարտերը ունին իրենց իւրայատուկ տեղն ու նշանակութիւնը` նկատի առնելով այն անվիճելի իրողութիւնը, որ նոյն այդ մարտերու երկունքին, ընդմէջէն է միայն, որ կը ծնի տուեալ ազգի ազատ ու արժանավայել կեանքի տիրանալու իրաւունքը:
Ր. Աշգարեան ամփոփ կերպով ներկայացուց 28 մայիս 1918-էն առաջ տիրած պատմական իրավիճակը` շեշտելով Հայկի ժառանգորդը ըլլալու ըմբոստ եւ ռազմունակ հայու խառնուածքը:
«Անկախ դէպքերու զարգացումէն` հայու խառնուածքին մէջ կայ առեղծուածային մէկ երեւոյթ: Հակառակ իր ապրած անհատնում արհաւիրքներուն, ան զարմանալիօրէն կառչած մնացած է ազատ ու անկախ ապրելու հաւատքին, ու զայն դասած իր սեփական հանգիստէն առաջնահերթ: Աւելի՛ն. ազգը արիւնաքամ ըրած Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած եւ առանց կաշկանդուելու հոգեվարքի մէջ գտնուող մարդու իր կաշին փրկելու բնազդին ստեղծած սարսափէն` հայը անբացատրելիօրէն յաջողած է անգամ մը եւս բռունցք բարձրացնել իր արիւնէն չյագեցած նոյն թշնամիին դէմ, եւ նետուած ազատ ու անկախ հայրենիքի ստեղծման գոյամարտի դաշտ», ըսաւ ան:
Ր. Աշգարեան ընդգծեց, որ 28 մայիս 1918-ով կերտուած ազատ ու անկախ Հայաստանը շրջանի դէպքերուն պատահական զարգացումներուն արդիւնքը չեղաւ, այլ ամբողջ հայ ազգին էութեան մէջ խորապէս արմատացած համոզումին եւ այդ համոզումին խորութեամբ ու հարազատութեամբ դրսեւորուած կամքին արտայայտութիւնը եղաւ: «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դրօշին տակ գործող հայ քաղաքական մտքին համար չկար այլընտրանք եւ պէտք էր ստեղծել ազատ ու անկախ պետականութիւն, որուն ընդմէջէն միայն կարելի պիտի ըլլար տեսնել հայութեան համար ապահով ապագայ, խաղաղ երկինք եւ անկախ ապրելու ու զարգանալու կարելիութիւն»: Ակնարկելէ ետք Հայաստանի խորհրդայնացումին եւ այդ շրջանին տիրող իրավիճակին` բանախօսը ըսաւ, որ խորհրդային կարգերու փլուզումով նաեւ հայուն համար ստեղծուած էր ճգնաժամ, պէտք էր ունենալ սեփական ուժին ապաւինելու յանդգնութիւն եւ քալել դէպի ազգային պետական ինքնուրոյն ծրագիր: «Եւ այս յանդուգն ոգիին հարազատ ու գործնական արտայայտութիւնը եղաւ` անկախութիւն պահանջող թէ արցախեան ազատագրական պայքարի դաշտ իջնող հայ հաւաքականութեան, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան բնական ու աներկիւղ խոյանքը: Խոյանք, որուն արդիւնքը եղաւ ազատ պետականութեան վերականգնում ու պատմական իրաւունքներու մասնակի ձեռքբերում: Միթէ այսօր նոյն մղումով չէ՞, որ Հայաստանի սահմաններուն թէ արցախեան խրամատներուն մէջ դիրքապահ մեր հերոս զինուորները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զոհելու իրենց գերագոյնը` ի սպաս մեր անկախ պետութեան ամբողջականութեան եւ սահմաններու անվտանգութեան», հարց տուաւ ան:
Ր. Աշգարեան շեշտեց, որ անցեալէն մինչեւ այս պահը արձանագրուող ու կրկնուող դէպքերու հոլովոյթէն մեկնած, տեղին է հաստատել, որ պետականաշինութիւնը եւ հայրենակերտումը անսպառ ու մեծ զոհողութիւններ պահանջող հոլովոյթ է:
Հայրենիքը կերտելու պայքարին անդրադառնալով` Ր. Աշգարեան հարց տուաւ, որ արդեօք կա՞յ աւելի հաճելի ու ոգեւորող զգացում, քան անհատապէս կամ հաւաքական մղումով հայութեան ճակատագիրին մասնակից ըլլալու զգացումը:
Ու կատարեց հետեւեալ հաստատումը. «Իրապաշտ ու ազգանուէր գործի հրապարակը միշտ ալ զբաղեցուցած են լուր ու գործնապաշտ յամառութեամբ անաղմուկ եւ նպատակասլաց մղումով հայրենաշինութիւն կատարող ուժերն ու նուիրեալները: Անոնք անպայման պիտի յաջողին հայութիւնն ու հայրենիքը աւելիով մօտեցնել մեր դարաւոր երազին, ինչքան ալ գործելու դժուար պայմաններ ստեղծուին անոնց համար: ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհով տարածուած կազմակերպական ընտանիքին համար չկայ աւելի օգտակար ու իր ծրագիրին հարազատ գործելաոճ, քան նշուածը: Այս համոզումով, իր հիմնադիր սերունդի ազատատենչ գաղափարներէն կեանք ստացաւ կազմակերպութիւնը, գործեց նոյն այդ հիմնադիր հսկաներու անաղմուկ եւ անձնուրաց համոզումով ու անոնցմէ ներշնչուած կերտեց հանրապետութիւնը: Ինկաւ` բայց չյուսահատեցաւ, մնաց հետեւողական իր ճիգին մէջ ու վերստին ապստամբ մղումով ոտքի ելաւ, չխոնարհեցաւ թուրքի ուղեկից պոլշեւիզմի անդիմագիծ ծրագիրներուն դիմաց, դարձաւ սփիւռք, այո՛, բայց վերածուեցաւ նոյն այդ սփիւռքը կազմակերպող հիմնական ուժին, տասնամեակներ շարունակ գուրգուրաց ազգային ինքնուրոյն արժէքներուն ու վերադարձաւ հայրենիք: Մնալով հաւատարիմ իր լռակեաց նկարագիրին` կազմաւորեց պահանջատէր սերունդ, յառաջացուց մարտական միաւորներ, դարձաւ բանակ եւ իր շարքերէն նուիրաբերեց իր ընտրանին` բովանդակ հայութեան հետ կերտելով արցախեան փառաւոր յաղթանակը: Այսօր ան կը շարունակէ իր անաղմուկ գործը, երբեմն թէկուզ ներկայանալով իբրեւ հայրենիքի համեստ զինուոր, իր կողմէ կատարուած պատմական սխրանքները յաւերժացնող, բայց յաճախ այլոց կուրծքերուն վրայ փայլող շքանշաններէն հեռու` համոզուած ըլլալով, որ խլացնող ճառերով կամ ազգը շլացնող խոստումներով չէ որ պիտի վերականգնի իր երազած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը` ամբողջ հայութեան հայրենիքը, այլ միայն գործով, նուիրեալ գործով, անաղմուկ ու անսակարկ գործով, կեանքի խաղաղ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման թէ պատերազմական տաք ճակատներու վրայ, դաշնակցականավայել, եւ փոխարէնը չսպասողի նուիրումով ու գործով»:
Ր. Աշգարեան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 99-ամեակին նուիրուած հաւաքը թեւածէ մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութեան սահմաններէն անդին եւ ըլլայ հայրենասիրութեան գիտակցութիւնը վերահաստատելու ու վերընձիւղելու առիթը` միասնաբար հաստատելու, ուր հայրենիքը անվտանգ պահելու ճիգը մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է, եւ միակ երաշխիքը` գալիք մեր բոլոր մարտերու հայրենանպաստ եւ հայանպաստ աւարտին: «Մեր բոլորին պարտքն է ճիգ չխնայել` յանուն վաղուան արդար ու անվտանգ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի ստեղծման», ընդգծեց ան:
(Րաֆֆի Աշգարեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Այնուհետեւ սփիւռքահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեան ապրումով մեկնաբանեց «Կարօտ» եւ «Անվերադարձ մահով սակայն» երգերը:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
43 Նորագիրներ Միացան
ՀՅԴ-ի Շարքերուն
ՀՅԴ-ի Շարքերուն
Երկուշաբթի, 29 մայիսի երեկոյեան Լիբանանի զանազան շրջաններէն 43 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն:
Բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք Վիգէն Աւագեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակին առիթով ողջունելի է այսքան մեծ թիւով անձերու դիմումը` միանալու Դաշնակցութեան շարքերուն` աւելցնելով, որ ասիկա խիզախ որոշում է, որովհետեւ այսօր կ՛ապրինք այնպիսի փուլ մը, երբ գաղափարախօսութիւններն ու մարդկային արժէքները նահանջի մէջ են, անհատականը գերակշռած է հաւաքականին, մարդոց առօրեայ հեւքը զանոնք հեռու կը պահէ ազգային գերխնդիրներէն: Բայց եւ այնպէս տակաւին կան անձեր, որոնք կը ստանձնեն պարտականութիւնը եւ կը դիմեն միանալու այնպիսի կուսակցութեան մը, որ իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին մնայուն պայքար մղած է` յանուն արդարութեան, ազգային վեհ արժէքներու ու գաղափարներու, Հայ դատին, Հայաստանի եւ Արցախի կայացման ու հզօրացման, սփիւռքի կազմակերպման ու ամրապնդման:
Բենիամին Պչաքճեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը ունեցած է յաջողութիւններ ու ձախողութիւններ, լաւ ու վատ օրեր, նոյնիսկ յուսախաբութեան մղող վայրկեաններ, սակայն կուսակցութեան մէջ պէտք չէ յուսալքուիլ, պէտք չէ մոռնալ, թէ իւրաքանչիւր դաշնակցական ժառանգորդն է հեղինակաւոր եւ պատմութիւն կերտած արժանահաւատ գործիչներու: Անոր համաձայն, Դաշնակցութեան սկզբունքներն ու էութիւնը գիրքերու մէջ կամ դասախօսութիւններու ճամբով կարելի չէ սորվիլ լոկ, այլ առօրեայ աշխատանքով, ինքնաշխատութեամբ, ծառայութեամբ եւ նուիրումով, որուն ընթացքին ձեռք կը բերուին այնպիսի զէնքեր, որոնք յաջողութեան երաշխիքները կը հանդիսանան:
Բենիամին Պչաքճեան դիտել տուաւ, որ, Հայաստանն ու Արցախը առաջնահերթութիւն են եւ հիմնական նպատակ, սակայն դաշնակցականները երբեք պէտք չէ բաւարարուին արձանագրուած իրագործումներով, այլ պէտք է պայքարին յանուն մեր սահմաններու անվտանգութեան, Հայաստանի պետականութեան զարգացման, հզօրացման ու հայրենիքի մէջ ընկերային արդարութեան եւ ժողովրդավարական համակարգի հաստատման, Արցախի միջազգային ճանաչման ձեռքբերման ու վերաբնակեցման, ինչպէս նաեւ սփիւռքէն նիւթական, քաղաքական եւ մարդկային ներուժի տրամադրման:
Նորագիրներու սերունդը կոչուեցաւ մարտական եւ պետական վաստակաւոր անձնաւորութեան` Ռուբէն Տէր Մինասեանի անունով: